Արցախի ընտրութիւններու աւարտով, յառաջիկայ հինգ տարիներու համար նոր էջ մը բացուեցաւ։ Նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին՝ Ապրիլ 14-ին, մեծ անակնկալ մը չէր սպասուէր։ Հաւանաբար պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ահազանգային կացութիւնը նկատի չունենալն ու ընտրական գործընթացը առանց յետաձգումի շարունակելը նկատուի աւելի անկիւնադարձային եւ յիշատակելի, քան արդիւնքները։
Հոս տեղին է հարցադրել, թէ յատկապէս Մարտ 31-ի համապետական ընտրութիւններուն (ներառեալ նախագահական, որ չնչին տարբերութեամբ առիթ տուաւ Բ․ փուլի) ընտրողներու աննախադէպ մասնակցութիւնը ապացո՞յց մըն է, որ Արցախի ժողովուրդը խորապէս կը գիտակցի իր պատասխանատուութեան երկրի ապագային նկատմամբ:
Արցախի վաղամեռիկ նախագահ Արթուր Մկրտչեան, որ պարզ զուգադիպութեամբ մը, անարգ ոճիրի արդիւնք․․․ 28 տարի առաջ սպաննուած էր Բ․ փուլի ընտրութեան օրն իսկ՝ Ապրիլ 14-ին, միշտ ալ կը շեշտէր, թէ երկրի անվտանգութիւնը, կայուն զարգացումը, անհրաժեշտ բարեփոխումներու, տնտեսական զարգացումը, ընկերային արդարութիւնն ու օրէնքի գերակայութեան ապահովումը անյետաձգելի աշխատանքներ են:
Արդեօք ներկայ պայմաններուն, յատկապէս ի մտի ունենալով ժողովրդավարական սկզբունքներու արմատաւորումը եւ հանրային վստահութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, ներկայ նորընտիր նախագահով եւ Ազգային Ժողովով կարելի պիտի ըլլա՞յ ձեւաւորել գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները․․․ եւ այդ ալ յանուն ազատ, անկախ եւ կայուն զարգացող Արցախի։
Կարդացեք նաև
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում: