Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Երբ պսակաձեւ ժահրին տիրապետութիւնը սկսի նահանջ արձանագրել, մարդիկ պիտի սկսին հարց տալ իրենք իրենց, հաշիւ պահանջել մեծէն եւ պզտիկէն․ «Հայրենիք»

Ապրիլ 11,2020 10:20

Վաղը՝ քանի մը շաբաթ կամ քանի մը ամիս ետք, երբ պսակաձեւ ժահրին տիրապետութիւնը սկսի նահանջ արձանագրել եւ մարդկութիւնը, գիտութեան բարիքները վայելելով՝ ի վերջոյ պարտութեան մատնէ այս վարակն ալ,

Այդ օրէն ետք,

Մարդիկ պիտի սկսին աւելի հանդարտ, (յուսանք որ) իմաստնացած եւ փոթորիկը ետին թողածի հոգեվիճակով հարց տալ իրենք իրենց, հաշիւ պահանջել մեծէն եւ պզտիկէն, ապագային նայիլ աւելի հաւասարակշռուած տրամաբանութեամբ եւ մօտեցումով:

Այդ փուլին, պիտի ծագին (այսօր ալ կան) բազմաթիւ հարցումներ: Օրինակի համար՝

  • Պետական պատասխանատուներէն որո՞նք իսկապէս տէրն էին իրենց դերին եւ որո՞նք դասուեցան համբակ-անկարողի ցանկին, սակայն թեկնածու են… ընտրուելու-վերընտրուելու:
  • Այս արհաւիրքը (չափազանցեալ թէ իր իսկական տարողութեամբ) ընկալելու համար, մամուլն ու զանգուածները իրենց դերը կատարեցի՞ն, թէ նպաստեցին խառնաշփոթ վիճակին ծանրացման, զգայացունցին ետեւէն վազելու թեթեւսոլիկութեամբ՝ զանգուածները մղեցին տագնապը դիմաւորելու տգիտութիւն բուրող անտարբերութեամբ:
  • Նման կացութիւններու մէջ, մարդս պէտք է հետեւի գիտութեան ու ճիշդ դատողութեա՞ն ձայնին, թէ պատէ պատ զարնուի՝ զինք (հոգ չէ թէ բարի նպատակով) անհիմն յոյսերով օրօրողներու ստեղծած ալիքներուն հետ:
  • Պետական մեծ ու փոքր պատասխանատուներ, պիւտճէական նախահաշիւներու մէջ, պէ՞տք է շարունակեն հսկայական մսխումներ ընել ի նպաստ փոքրամասնութեան մը, թէ պէտք է աւելի՛ արթնութիւն ցուցաբերեն՝ ՄԱՐԴը այսպիտի պատուհասներէ զերծ պահելու կոչուած կանխամիջոցներու որոնման նպատակով:
  • Ստեղծուած տագնապը ինչպիսի՞ տարողութեամբ շահագործումի ենթարկուեցաւ ելեւմտական եւ գործարարական ոլորտներուն մէջ: Սակարանային խաղերը, որոնք ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու տարուեցան (չենք արհամարհեր նման ցնցումներու բնական վատ հետեւանքները), հսկայական գումարներու ինչպիսի՞ տեղաշարժերու առիթ տուին, որո՞նք աւելի հարստացան եւ որո՞նք սնանկութեան դուռներուն մատնուեցան, զանգուածները ինչպիսի՞ կողոպուտներու ենթարկուեցան շինծու սղութեան հետեւանքով: Ինչո՞ւ այս տագնապը պէտք է նսեմացնէր «Էնրոն»ի ու 2008-2009 տարիներու տնտեսական նահանջը: Եւ ի՛սկապէս, արձանագրուած նահանջին որքա՞նը իրական էր, որքա՞նը հետեւանք՝ չարաշահներու խաղերուն:
  • Հետեւող հարցում մը. Պետութեանց կամ պետական համխմբումներու կողմէ խոստացուած-տրամադրուած հսկայագումար նպաստներէն որքա՞նը պիտի հոսի արդէն իսկ նիւթական անչափելի կարողութիւններ ունեցողներու գանձանակները եւ ինչպիսի՞ փշրանքներ պիտի հասնին իսկական կարիքաւորներուն, գլուխը հազիւ ջուրէն վեր պահողներուն:

…Մինչ այդ, շարունակենք զբօսնուլ վարակին օր աւուր «նուաճումներով», եւ չմոռնանք, որ կ’ապրինք տօնական օրեր, ու մասնաւորաբար հայերս՝ հարկադրաբար բանադրանքի մատնուած Ապրիլ 24 մը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930