Համաճարակը հարուածած է նաեւ խունկը, աղօթքն ու պատարագը: Դատարկ են եկեղեցիները։
Այո՛… յարութեան, հաւատքի եւ գիտակցութեան տօնը՝ Զատիկն ալ պատժուած է այս տարի: Բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ կը նշուի այս տարուան Քրիստոսի յարութեան օրը:
Ժամանակն ու եղանակն է մոմ վառելու, սակայն այս անգամ սրբատեղիէն հեռու, տուներու մէջ կը կատարուին այս ծէսերը:
Այս օրերուն, Սուրբ Զատիկի խորհուրդի այդ աւանդական իմաստէն դուրս գալով, պէտք է յաւելեալ խորասուզուիլ եւ ներկայացնել պայքարի եւ դիմադրութեան կամքը: Կատաղի պայքար, տարբեր ձեւով ներկայացնելու մահուան յաղթանակի տօնը:
Կարդացեք նաև
Համաշխարհային աղէտ նկատուած պսակաձեւ ժահրը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրած է աշխարհը, որուն դէմ կարելի է պայքարիլ եւ ի վերջոյ յաղթական դուրս գալ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում