Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ ազգային առաջնորդարաններու անունով փափաք յայտնուած է եգիպտական սփիւռքի նախարար դեսպան Նապիլա Մաքրամ Ապտէլ Շահիտին, «Թահիա Մասր» («Կեցցէ Եգիպտոս») հիմնադրամին մէկ միլիոն եգիպտական թղթոսկի տրամադրել, աջակցելով պսակաձեւ ժահրի համաճարակը դիմագրաւելու եգիպտական կառավարութեան ճիգերուն։
Նախարարուհին բարձր գնահատած է պսակաձեւ նոր ժահրի համաճարակին Եգիպտոսի մէջ տարածման վտանգը դիմագրաւելու այս հանգրուանին վերոյիշեալ հիմնադրամին աջակցելու իր կոչին եգիպտահայոց ընդառաջումը, դրուատելով անոնց ազգային դերակատարութիւնը։
Նախարարուհին վեր առած է նաեւ ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան ազդեցութիւնը, զոր կը ջանայ իր գլխաւորած նախարարութիւնը ցայտուն դարձնել Եգիպտոս բնակող համայնքներու դերը, ինչպէս «Մենք եգիպտահայերս» հանդիսութեան ընթացքին, զոր նախարարութիւնը կազմակերպած էր մեծարելու եգիպտահայ համայնքը։
Ան աւելցուցած է, որ եգիպտահայերը եգիպտական ազգային հիւսքին անբաժան մասնիկն են, որ կարեւոր դեր խաղացած են Եգիպտոսի պատմութեան մէջ եւ ցարդ կը շարունակեն նպաստել երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Առ այդ անհրաժեշտ է, շարունակած է ան, լուսարձակի տակ առնել իրենց նպաստը, Եգիպտոսի իրենց կապուածութեան աստիճանն ու վերարծարծել իրենց յիշատակները։
Նախարարուհին վերանորոգած է արտասահմանաբնակ բոլոր եգիպտտացիներուն ուղղուած իր կոչը, տագնապներու եւ աղէտներու դիմագրաւման յատկացուած «Թահիա Մասր» հիմնադրամի հաշուեհամարին (եգիպտական բոլոր դրամատուններուն մէջ 037037 համարով) միջոցաւ աջակցելու կարիքաւոր եգիպտացի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ անհաստատ աշխատանք ունեցողներուն, որոնք տուժեցին աշխարհի տարբեր երկիրներէն ներս պսակաձեւ ժահրի տարածման հետեւանքով։
Կարդացեք նաև
«ՀԱՅ ԴԱՏԻ» ԳՐԱՍԵՆՅԱԿ