Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կարելի չէ օրուայ հաշիւներով եւ առժամեայ կիրքերով վտանգել Արցախն ու արցախահայութեան ազգային անվտանգութիւնը. Սեւակ Յակոբեան

Մարտ 31,2020 10:14

Այսօր համապետական ընտրութիւններ են ձեր մօտ: Դուք կ՛ուղղուիք քուէատուփեր: Անկախ այն հանգամանքէն, որ առողջապահական ներկայ պայմաններու բերումով ընտրութիւնները պէ՞տք է յետաձգուէին, թէ ամէն գնով կատարուէին, մենք մեզի չենք արտօներ միջամուխ ըլլալ այս հարցին: Մենք կը գիտակցինք, որ այդ իրաւունքը, սահմանադրականօրէն երկրին գործող նախագահին կը վերաբերի եւ միայն ինքն է, որ այդ որոշումը կրնայ առնել՝ կրելով իր առած որոշումին հետեւանքներուն  ամբողջական պատասխանատուութիւնը: Սակայն, որպէս ազգային ոգիով դաստիարակուած եւ տոգորուած հայորդի եւ պատասխանատու անձ, մենք մեր իրաւունքը կը սեպենք սոյն կոչով հանդէս գալու.

Արցախը իր անկախութեան հռչակումէն ի վեր եւ մինչեւ այսօր աշխարհիս փաստած է, որ ինք լիարժէք հանրապետութիւն է՝ իր ժողովրդավարական կարգերով ու որպէս  մարդու իրաւունքներու ջատագով պետութիւն: Իր այս արժանիքին համար արժանացած է շատ մը ժողովուրդներու յարգանքին եւ զօրակցութեան: Նախագահութեան 14 եւ ԱԺ պատգամաւորութեան թեկնածուներու մեծ թիւի առկայութիւնը, քննարկելի երեւոյթ է (մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք նախագահութեան թեկնածուներուն աննախընթաց թիւը) հասարակութեան ներքին պառակտումի դիտանկիւնէն նայած, սակայն կը շարունակէ մնալ ժողովրդավարութեան լաւ չափանիշ միջազգային ընտանիքին համար:

Ներկայ պայմաններով, թէական պառակտումն ու առկայ մրցակցութիւնը, ինչպէս նաեւ առողջապահական այս իրավիճակին բերումով օտար դիտորդներու բացակայութիւնը կրնայ մարդկային տհաճ փորձութիւններու առիթը  հանդիսանալ, ինչ կը վերաբերի ընտրական զեղծումներու կամ օրուայ աւարտին յաջողութիւն չգտած թեկնածուներուն կողմէ ընտրութեան արդիւնքներուն վրայ կասկածելուն, որոնց համակիրները կրնան ապահովական խնդիրներ յառաջացնել գետնի վրայ եթէ ազգային գիտակցութիւնը տեղի տայ մարդկային կիրքերուն:

Հետեւաբար մեր սրտագին կոչն է իշխանութիւններուն խստօրէն արգիլելու եւ առաջքը առնելու հաւանական ամէն տեսակի  ընտրական զեղծումներուն: Բոլոր թեկնածուներուն եւ անոնց համակիրներուն մեր յորդորն է ըլլալ ինքնազուսպ ինչ արդիւնքով ալ աւարտին ընտրութիւնները, մինչ  յաջողութիւն չգտնողը պատրաստուի երկրորդ փուլի մը եթէ նման իրավիճակ ստեղծուի, կամ վեհանձնութիւնը ունենայ ընդունելու արդիւնքները եւ լծուելու յետ ընտրութիւն՝ շինիչ ընդդիմութեան կամ գործակցութեան աշխատանքի: Թող, որ ընտրութեանց աւարտին հետ աւարտին նաեւ ընտրարշաւներու ընթացքին տեղի ունեցած ամէն տեսակի հասկնալի թէ անընդունելի ցեխարձակումներն ու իրար մեղադրանքները ու բոլորը իրենց  հայեացքը ուղղեն յաջորդ օրուան պայծառ ու ջինջ այգաբացին:

Արցախը սրբութիւն է համայն Հայ ժողովուրդին համար: Արցախի անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է սիրելիներ: Մենք, որպէս սփիւռքահայեր լաւ գիտենք սեփական հող կորսնցուցած ըլլալու դառնութիւնը: Միւս կողմէն, դուք ձեր հողը ազատագրելու ու զայն ազատ ու անկախ պահելու համար վճարած էք ամենաթանկը՝ ձեր եւ ձեր սիրելիներուն արիւնն ու կեանքը: Կարելի չէ այս բանին թեթեւութեամբ մօտենալ: Կարելի չէ կրկնել այն դառն փորձառութիւնը, որ Հայաստանը ունեցած է 12 տարիներ առաջ կայացած ընտրութիւններուն արդիւնքով: Կարելի չէ օրուայ հաշիւներով եւ առժամեայ կիրքերով վտանգել Արցախն ու արցախահայութեան ազգային անվտանգութիւնը, որ մնայուն արժէք է մինչ ընտրութիւններ միշտ պիտի կրկնուին:

Համբերութիւն եւ խոհեմութիւն ձեզի սիրելիներ: Յաջողութիւն՝ արժանի բոլոր թեկնածուներուն եւ աւելի բարեյաջող բախտի մաղթանք այն բոլորին, որոնց ի նպաստ պիտի չըլլայ քուէատուփերուն արդիւնքը այսօր:

Արցախը կարմիր գիծ է սիրելիներ: Գուրգուրանք անոր վրայ ու փաստենք, որ արժանի ենք զայն ունենալու:

Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Գլխաւոր խմբագիր

Լիբանանի «Զարթօնք» որաթերթին

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031