Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Բաւարար չափով դաստիարակուած, քաղաքակրթուած եւ պատրաստ չենք իրապէս օգտուելու համար համակարգիչ-համացանցի բարիքէն․ «Հայրենիք»

Մարտ 28,2020 10:20

Ոչ ոք կը կասկածի համացանցի նպաստին ծանօթութիւններ, գիտական եւ արուեստի հարստացնող տեղեկութիւններ ստանալու համար: Բայց Եզովբոսի առակին պէս, ան քաղաքական եւ այլ գայթակղութիւններու լուրեր տարածելու եւ հանրային կարծիքը անոնցմով զբաղեցնելու արագ, անդուռ եւ նորահնար միջոց է, կը բթացնէ դատողութիւնը, հանրային կարծիքը հեռացնելով առարկայականութենէ, չարաշահելով մարդոց միամտութիւնը, ընդվզումները, նախանձը, դառնութիւնները:

Ծուռն ու շիտակը հաւասարպէս տարածուելու եւ լսուելու իրաւունք ստացած են: Ամէն գոյնի եւ բնոյթի ծայրայեղական կամ չհիմնաւորուած միտքերը, դատումները, առաջարկները, ամբոխային հետաքրքրասիրութիւնը բաւաւարող անհատական կեանքի ներքին ծալքերը բացայատող լուրերը, կրօնական, բախտագուշակային երեւակայութիւնները, անմիջականօրէն հասանելի են:

Ճիշդ է, որ կը խօսուի կեղծ եւ շինծու լուրերու մասին (fake news), որոնք հանրային կարծիքը կը պղտորեն, կիրքեր կը հրահրեն, հեղինակութիւններ կը քանդեն, որպէս ճշմարտութիւն տարածելով կեղծուած քաղաքական, ընկերային կամ գիտական լուրը: Ոչ ոք կեղծ եւ շինծու լուրին ձգած հետքը անմիջապէս կրնայ սրբագրել, մարդիկ հակուած են կեղծը եւ շինծուն լսելու եւ տարածելու: Եւ կը խանգարուին կարգը եւ բոլոր մակարդակներու յարաբերութիւնները:

Հետեւաբար, պատասխանատու լրատուամիջոցը, կացութեան բացասականութեան գիտակցող ղեկավարը եւ մտաւորականը, ոչ միայն պէտք է անգիտանան հրապարակ ներխուժած կեղծը եւ մակերեսայինը, այլ պէտք է քննադատեն, միաժամանակ կատարելով հանրութեան դատողութեան զարգացման եւ առողջացման աշխատանք: Խեղաթիւրումները, որպէս ճշմարտութիւն հրապարակուած շփոթները եւ ամէն կարգի թեթեւսոլիկութիւնները քննական վերաբերումով տեսնելու եւ դատելու մշակոյթ պէտք է ստեղծել, ոչ միայն բանիմացներու շրջանակին մէջ: Չհակազդելով կը քաջալերենք ստապատիրը, fake-ը:

Անցեալի պատմութիւնը եւ ներկայի քաղաքականութիւնը միշտ ալ կարիք ունին մեկնաբանութիւններու, որոնք տրամադրութիւններու, զգացումներու, կողմնապաշտութիւններու հրավառութիւն պէտք չէ ըլլան: Անոնք պէտք է դիտուին իրենց ժամանակին եւ ընկերատնտեսական եւ մշակութային շրջանակին մէջ:

Այսօր, լրատուական աշխարհը խանգարուած է ենթարկուելով անմիջականի, դիւրինի, անհատականի եւ ցուցադրականի (show), կը բացակային ողջմտութիւնը, առարկայականութիւնը, բարոյականը, հանրային ծառայութիւնը:

Համակարգիչիս առջեւ նստած, ամենաթողութեամբ, կրնամ ենթադրութիւններով մեկնաբանութիւններ ընել եւ տարածել, քանի որ ոչ սահման կայ ոչ ալ սահմանապահ: Միտքի առողջապահութեան ցանկութիւնը չի հետամտիր խօսքի եւ մտածման ազատութեան սահմանափակման, այլ՝ ճշմարտութեան, արդարութեան, ազնիւին, որպէսզի չարամտութեամբ ամբոխի զգացումներուն, յաճախ՝ քինախնդրութիւններուն, կեր չհայթայթուի, որպէսզի ան չգործածուի որպէս միջոց այլոց խոստովանելի կամ անխոստովանելի նպատակներուն համար:

Ամբոխային տրամադրութիւններուն չարաշահումը ըստ ամենայնի պէտք է անվարան դատապարտել: Այս կ’ըլլայ քննական միտքով, զարգացնելով մտային առողջապահութիւնը:

Լուսաբանել:

Որպէսզի հաղորդակցական լայն հնարաւորութիւն ընծայող բարիք համակարգիչ-համացանցը Եզովբոսի նկարագրած լեզուներուն չվերածուի, բարիք ըլլալու փոխարէն դառնալով չարիք:

Երբեմն կը մտածեմ, որ թերեւս բաւարար չափով դաստիարակուած, քաղաքակրթուած եւ պատրաստ չենք իրապէս օգտուելու համար համակարգիչ-համացանցի բարիքէն, կարեւորը, անկարեւորը եւ վնասակարը մէկտեղելով, կը փաստենք հակառակը ԺԷ դարու ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ Տէքարթի այն միտքին, որ «ողջմտութիւնը աշխարհի միակ բանն է, որ հաւասարապէս բաժնուած է, քանի որ իւրաքանչիւր ոք կը խորհի, որ անոնք զորս ուրիշ ամէն բանով գոհացնել դժուար է, աւելին փափաքելու սովորութիւն չունին»*…

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031