Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ով ինչ դաս պիտի վերցնէ այս աշխարհաճարակէն. «Հայրենիք»

Մարտ 21,2020 10:33

Պսակաձեւ ժահրը կլանած է ամբողջ երկրագունդը գրեթէ։ Վերջին տուեալներուն համաձայն, աւելի քան հարիւր քառասուն երկիրներ արդէն իսկ կը դիմագրաւեն այս ժահրը, որ անկախ առողջապահական լուրջ վտանգ մը ըլլալէ, մարդկութիւնը դէմ յանդիման դրաւ աննախադէպ կացութիւններու՝ ինքնամեկուսացման, ընկերային կեանքի ամբողջական ջլատման, երկիրներու միջեւ սահմաններու փակման։

Պսակաձեւ ժահրին պատճառով է, որ նաեւ մարդը հասկցաւ թերեւս, թէ որքան ալ յառաջդիմած ըլլայ գիտութիւնը եւ յատկապէս բժշկական արհեստագիտութիւնն ու դարմանումներու առաջնորդող դեղերու եւ պատուաստներու ճարտարարուեստը, աներեւակայելիօրէն փոքր եւ անտեսանելի ժահր մը, ինչ աւերներ կրնայ գործել՝ առողջապահական, ընկերային, տնտեսական եւ տակաւին այն բոլոր մարզերուն մէջ, որոնք մարդկային ընկերութիւններու հաւաքական կեանքը կը դասաւորեն եւ կը համակարգեն։

Պսակաձեւ ժահրերը անասնական աշխարհէն կը փոխադրուին մարդկութեան։ Երկուքին միջեւ սահմանները չյարգող, բնական պատնէշները քանդող եւ անասնական աշխարհին իւրայատկութիւնները չյարգող արարքներն են ըստ երեւոյթին, որ կը մղեն անպատասխանատու սխալ մը ահաւոր հարուածով մը պատժելու բնութեան օրէնքին գործադրութիւնը,որուն նորագոյնը ահա այս օրերուն կը դիմագրաւենք։

Ով ինչ դաս պիտի վերցնէ այս աշխարհաճարակէն։ Պետութիւններու ղեկավարնե՞ր, որոնք ահա մէկ կողմ դրած քաղաքական բոլոր խնդիրները, օրն ի բուն կը խօսին ու կը ճառեն պսակաձեւ ժահրին կապուած խնդիրներու մասին, առանց գիտակցելու, թէ որքան անզօր ենք եղեր նոյնիսկ մեր գիտութեամբ, կորիզային զէնքով եւ դրամով։ Թէ՞ անոնք, որոնք չարաչար կը շահագործեն բնութիւնը, օրէնքներ կը հաստատեն եւ ատոնց միջոցով կը սպաննեն շրջակայ միջավայրը, արեւադարձային անտառներն ու կենսոլորտը։Ապա ամբողջութեամբ կ՛անգիտանան Մայր Բնութեան անիմանալի գաղտնիքները։ Եւ երբ հարուածը կը հասնի, խուճապը կը սկսի։ Ի վերջոյ հարցումը, որ այսօր բոլորը կը չարչրկէ, այն է, թէ ով է պատասխանատուն այս անտեսանելի թշնամիիին գլուխ ցցելուն։ Եւ այնպիսի դարու մը, երբ կար այն խաբկանքը, որ մարդ անյաղթահարելի է՝ իր գիտութեամբ, արհեստագիտութեամբ եւ հզօր բանակներով։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031