Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հրապարակագրութիւնն ու լրագրութիւնը ամէն գրիչ բռնողի գործ չեն․ «Ազգ»

Մարտ 21,2020 10:25
terter

Ես այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ Հայաստանի մէջ շարքային կարգ մը լրագրողներ ռուսական թերթերէն,-տպուած, կամ առցանց,- ընդօրինակելով ու թարգմանելով օրուան կամ շաբթուան հետաքրքրական նիւթերը, կը յանձնեն մեր տեղական թերթերուն, որպէս հեղինակային յօդուածներ, անոնց վերեւը կամ տակը դնելով իրենց ստորագրութիւնը, առանց ազնուութիւնն ու քաջութիւնը ունենալու աղբիւրը յիշելու:

Պարզ է, որ երբեմն ճարպկօրէն բուն տպագրուածէն բաներ մը կը փոխեն, կը ջնջեն կամ կ՛աւելցնեն, որպէսզի ըրածնին բանագողութիւն չնկատուի, եւ անշուշտ յօդուածին համապատասխան ալ կը գանձեն հոնորարը:

Ոեւէ անձ, որ ամէն օր կը հետեւի լուրերուն, մասնաւորաբար տպագրուած նիւթերուն, անմիջապէս կը զգայ, որ ընդօրինակուած բաներ կան, դատելով օգտագործուած բառապաշարէն, կամ ըսելաձեւերէն, թէ չէ այսքան օտար բառեր, այսքան ռուսերէն դարձուածքներ, որոնք եղածին պէս «հայացուած» են, մինչ անոնք բնաւ հայերէն չեն, ուրկէ՞ ծանրաբեռնած են մեր լեզուն:

Ամենէն մատնիչը տառադարձութիւնն է: Ռուսերը յաճախ անգլերէն բառերը կը ռուսացնեն, հայերն ալ ռուսացուածը «կը հայացնեն» ու կը տեսնէք, թէ ինչ տարօրինակ բառեր կը մտնեն մեր մամուլին մէջ:

Սակայն, ամենախայտառակը ռուսերէնի մէջ (հ) տառին բացակայութիւնն է, որ կը տարադարձեն (խ-ով, կամ գ-ով), հայ լրագրողներն ալ (լրագող ըսելը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար) եղածին պէս կ՛ընդօրինակեն, առանց փորձելու աղբիւրը գտնել եւ իմանալ ճիշդ հնչումը. օրինակՙ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայանը «Հմեմիմ» կը կոչուի, ռուսերը «Խմեմիմ» կ՛ըսեն, հայերն ալ նոյնը ընդօրինակելով «Խմեմիմ» կ՛ըսեն: Ուրիշ տեղ մը կը կարդանք «Խումատ Ալ դին», որ իսկութեան մէջ «Հումաթ Ալ տին» է, այսինքն «Կրօնի պահապանները»:

Իր մասնագիտութեան եւ առաքելութեան հաւատացող լրագրող մը պէտք է պրպտէ ու գտնէ վայրի կամ որեւէ յատուկ անունի իսկական հնչումը:

Հրապարակագրութիւնն ու լրագրութիւնը ամէն գրիչ բռնողի գործ չեն:

Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031