Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը 12 Մարտին հրատարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Խնամակալ մարմինը, մօտէն հետեւելով ամբողջ աշխարհի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Քալիֆորնիոյ մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրի համաճարակին վերաբերող իրադարձութիւններուն՝ մեր դպրոցներու եւ մանկամսուրներու կառոյցները փակուած կը յայտարարէ 13 Մարտէն մինչեւ 27 Մարտ, կանխարգիլելու համար վարակումի ամենադոյզն հաւանականութիւնը:
Խնամակալ մարմինը նաեւ կը հաստատէ, թէ նահանգին մէջ վարակուած պարագաներէն որեւէ մէկը կապ չունի մեր վարժարաններուն հետ:
Վարժարաններու կառոյցները վերոնշեալ ժամանակամիջոցին փակ են աշակերտներուն համար, սակայն պաշտօնէութիւնը հոն ներկայ պիտի ըլլայ: Իսկ Չորեքշաբթի, 18 Մարտէն սկսեալ, ուսումնական ընթացքէն եւ դասաւանդութիւններէն որոշ բաժին մը պիտի շարունակուի առցանց:
Խնամակալ մարմինին որոշումին մեկնակէտը մեր երեխաներուն, ընտանիքներուն եւ համայնքին ապահովութիւնը եւ առողջութիւնն է:
Կարդացեք նաև
Խնամակալ մարմինը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ մեր աշակերտներուն եւ ընտանիքներուն ձեռք մեկնելու այս ճգնաժամային կացութեան ընթացքին»:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում: