Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան պատրաստած 2019-ի վերաբերեալ իրաւանց խախտման զեկոյցին համաձայն, աւետարանական կրօնաւորներ ու համայնքի անդամներ երկրէն կը վտարուին, իրենց վիզա, մուտքի կամ կեցութեան արտօնագիր չտրամադրուիր եւ կը քրէականացուին բոլոր այն անձերը, որոնք կը մասնակցին կազմակերպութեան հաւաքներուն։ Ըստ զեկոյցի, աւետարանականներու ուղղեալ ատելութեան ոճիրները եւ անոնց անպատժելիութիւնը կը բացայայտուին օրինակներով։
Նիւթին շուրջ հարցագիր մը յղեցինք ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլուին։
-Ճի՞շդ են այն լսումները, ըստ որոնց աւետարանական անհատներ կը վտարուին երկրէն, կ՚արգիլուի իրենց Թուրքիա մուտքը եւ չտրամադրուիր մուտքի արտօնութիւն, որոնք խտրականութեան համապատասխանող կիրարկումներ են։
-Ո՞րն է աւետարանականները երկրէն վտարելու եւ անոնց ճանապարհորդելու իրաւունքը կապտելու պատճառաբանութիւնը։
Կարդացեք նաև
-Նախարարութիւնդ միջոցառումներու պիտի ձեռնարկէ՞՝ անթերի կիրարկելու համար իրաւահաւասարութեան սկզբունքն ու խտրականութեան արգիլումը, եւ պիտի իրականացնէ՞ ատելութեան յանցանքը վերացնելու ուղղեալ միջոցառումներ եւ քաղաքականութիւն։
Կարօ ՓԱՅԼԱՆ