Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պետականաշինութիւնը Կը Սկսի Հո՛ն ուր Կ՛աւարտի Նախկին Իշխանութիւնները Խծբծելը Կամ՝ Լրջանալու Պահն Է Այլեւս

Փետրվար 28,2020 15:41

Սփիւռքի հարցերով յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեան անդրադարձած է հայրենադարձութեան պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցին, թէ ինչո՞ւ բարդ ընթացք ունի հայրենադարձութեան գործընթացը. «Ինչո՞ւ այդքան բարդ է, որովհետեւ երկակի խնդիր կայ՝ մէկը կապուած օրէնքի հետ։ Այն օրէնքները, որոնք կը կարգաւորեն այս խնդիրը, արհեստականօրէն այնքան բարդացուած են, որ քաշքշուքի առիթ կու տան։ Իմ կարծիքով՝ ատիկա անցեալին որոշ չափով միտումնաւոր եղած է, որպէսզի կաշառակերութեան հնարաւորութիւններ ստեղծուին։ Այսինքն՝ քաղաքացիութիւն ընդունողին որոշ ժամանակ քաշքշելէ ետք անոնք աւելի հակուած պիտի ըլլային իրենց ջիղերը խնայելու համար կաշառքի միջոցով հարցը արագ լուծել»: Պրն. Սինանեան իր այս յայտարարութիւնը ըրած է կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին։

Մեծ ափսոսանքով եւ քիչ մըն ալ զարմանքով կարդացի վերոյիշեալը: Ինծի համար այլեւս լուրջ հարց է, որ մեր հայրենիքի ներկայ իշխանութիւնն ու անոր ներկայացուցիչները ե՞րբ պիտի դադրին ամէն առիթով եւ տեղի-անտեղի՝ նախնիները խծբծելէ:  Այս պահուածքը, ճիշդ է, որ ոմանց կ՛օգնէ ինքնահաստատման գործընթացին մէջ, սակայն այն ժամավաճառութիւնը, որ երբեմն նոյնիսկ սկսած է թակել մոլեգին մտասեւեռումի ախտանիշի (obsessive-compulsive) դռները, որքանո՞վ կը նպաստէ պետականաշինութեան եւ դէպի յառաջ ընթացքին…: Քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը միշտ ալ պարզ եւ յստակ եղած է բոլորին ինչ կը վերաբերի թղթաբանութեան: Կը մնայ, որ ատենին նախագահը իսկ ներկայիս՝ վարչապետը ստորագրէ տուեալ անձին քաղաքացիութեան հետ կապուած հրամանագիրը եւ անձը կը դառնայ քաղաքացի եթէ քաղաքացի դառնալով հայրենադարձութեան հարցը կը լուծուի: Սակայն Պրն. Սինանեանէն երեւի կը վրիպի այն փաստը, որ մեր պետութեան մօտ հայրենադարձութեան հետ կապուած ռազմավարութիւնն ու տեսիլքն է, որ կը պակսի…: Բան մը, որ շատ աւելի անդին է լոկ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու պարզ կամ բարդ խնդիրէն:

Ըստ Պրն. Սինանեանին, երկրորդ պատճառը, կապուած է աշխատանքի հետ։ «Մարդիկ վատ կը վերաբերին քաղաքացիներուն, այս պարագային՝ քաղաքացիութիւն ստանալու ցանկութիւն ունեցող մարդոց»։ Ասիկա, ըստ Պրն. Սինանեանին, գաղտնիք չէ։ «Մեր պետական ծառայողները պիւրոքրադներ են, ատիկա գաղտնի՞ք է ձեզի համար»,- նշած է ան։ Իրականութեան մէջ այս պատասխանն ու անոր հետ կապուած տրամաբանութիւնն ալ երեւի իմ մտային համեստ կարողութիւններէս վեր ըլլալուն համար շատ չհասկցայ:

Այլ հարցումի մը, թէ ինչո՞ւ երկու տարուան ընթացքին այդ խնդիրները չեն լուծուած, օրէնքներ չեն փոխուած, որ գործընթացը դիւրանար, Պրն. Սինանեան պատասխանած է. «Ըստ ինծի, որովհետեւ պետութեան ուշադրութիւնը եւ միջոցը սեւեռուած եղած է աւելի հրատապ համարուող խնդիրներու վրայ»։ Այս պատասխանը ուրիշ բան չձգէր ինծի բայց հետեւեալը բարձրաձայնել.

Պրն Սինանեան. յարգելիս, ըստ իմ համեստ գիտակցութեան, պետութիւն մը կը բաղկանայ հաստատութիւններէ եւ ոչ թէ ժամանակի եւ կարողութիւններու սահմանափակում ունեցող անձէ մը կամ կարգ մը անձերէ: Ինչո՞ւ համար են նախարարութիւններ, յանձնախումբեր եւ այլ հիմնարկներ, եթէ ո՛չ իւրաքանչիւրը՝ զբաղելու իրեն վստահուած պատասխանատուութեամբ: Այս պարագային, Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի մը գրասենեակին, անոր ենթակայ վարչութիւններուն, բաժիններուն  ու անձնակազմին ուշադրութիւնն ու միջոցները հայրենադարձութենէն աւելի հրատապ համարուող ուրիշ ի՞նչ խնդիրներու վրայ սեւեռուած պէտք է ըլլան…:

Աւելին, կ՛արժէ իմանալ, որ աւելի քան մէկ տարիէ պաշտօնավարող պետական օրէնսդիր հաստատութեան՝ ներկայ Ազգային Ժողովին մէջ քանի՞ օրէնքի ծրագիր քննարկուած է, որ կը վերաբերի հայրենադարձութեան: Ներկայ կառավարութիւնը քանի՞ օրակարգի նիւթ ըրած է այս պարագան…: Ո՞ւր են նախկինները ներկայ կառավարութեան կամ խորհրդարանին մէջ, որպէսզի «միտումնաւոր» կերպով խոչընդոտեն…:

Քիչ չեն այն պետութիւնները, որոնց սահմանադրութեանց որոշ յօդուածները ընդօրինակուած են այլ՝ կայացած պետութիւններու սահմանադրութիւններէն: Եթէ հայրենադարձութեան լուրջ տեսիլք մը ու ռազմավարութիւն մը չունենալուն պատճառը ժամանակի սահմանափակումն է ու թերեւս անփորձութիւնը, ի՞նչը կարգիլէ մեզի օրինակի համար օգտուելու,  տարածաշրջանին մէջ գտնուող եւ այս կէտին մէջ յաջողութիւն արձանագրած, այլ երկիրներու հայրենադարձութեան վերաբերող օրէնքներէն ու սահմանադրական յօդուածներէն:

Եթէ մենք ժամանակը, միջոցները եւ տրամադրութիւնը ունինք անձ մը պաշտօնազրկելու համար ամբողջ երկիրը զօրաշարժի ենթարկելով սահմանադրական փոփոխութեան նուիրուած հանրաքուէ կազմակերպելու, ինչո՞ւ նոյնը չենք ըներ հայրենադարձութեան ռազմավարութիւն մշակելու, օրէնքի վերածելու եւ ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ անոր գործադրութեան համար, հեռու բաժակաճառային կամ բարի կամեցողութեան վրայ հիմնուած ելոյթներէ…:

Պրն. Սինանեան եզրափակած է, ըսելով որ վարչապետի յանձնարարականէն ետք գործընթացի արատաւոր բնոյթը պիտի ախտորոշեն եւ ատոր հիման վրայ լուծումներ պիտի առաջարկեն, նոր համապարփակ ծրագիր պիտի ներկայացնեն, որպէսզի նման անհեթեթութիւններ չըլլան…: Այս բանին համար ալ մեզի կը մնայ հաստատել, որ մենք պատրաստ ենք գործակցութեան, մեր ունեցած ամէն միջոցներով եւ կարելիութիւններով, յօգուտ մեր ժողովուրդին ազգային անվտանգութեան եւ անոր անխափան վերելքին ու գոյատեւութեան:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
242526272829