Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սումկայիթի ջարդերուն 32 եւ Պաքուի ջարդերուն 30 ամեակներուն նուիրուած ցոյց-քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Վիեննայի փողոցներուն մէջ․ «Գանձասար»

Փետրվար 23,2020 11:48

«Գանձասար» – Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ, 22 Փետրուար 2020-ին Սումկայիթի Ջարդերուն 32 եւ Պաքուի Ջարդերուն 30 ամեակներուն նուիրուած ցոյց-քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Վիեննայի Կեդրոնական փողոցներուն մէջ։

Ցուցարարները Հայաստանի, Արցախի ու Աւստրիոյ դրօշներով, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանը դատապարտող պաստարներով նախ հաւաքուեցան Վիեննայի նշանաւոր Հոֆպուրկ պալատին Հելտըն Հրապարակը։ Ցոյցին բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ այս առթիւ պատրաստուած անգլերէն ու գերմաներէն յայտարարութիւններու բարձրաձայն ընթերցումով։ Ապա ցուցարարները քալելով ու Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերը յիշող ու դատապարտող կոչերով ուղղուեցան Վիեննայի կեդրոնական հրապարակներէն՝ Սրբ. Ստեփանոսի հրապարակը։
Հազարաւոր զբօսաշրջիկներու եւ տեղացիներու ուշադրութեան եւ հետաքրքութեան ներքոյ ցուցարարները անգամ մը եւս յիշեցուցին Ազրպէյճանի ոճրագորուծութիւննեը, անոր վարած հակահայ ու ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, Սումկայիթի ու Պաքուիի ջարդերուն պատասխանատուները հաշուետւութեան ենթարկելու, զոհերուն յիշատակները յարգելու ու փոխահատուցելու, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական իրաւական պետութիւն ըլլալու եւ Ազերիական ոտնձգութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը։
Տեղին է նշել, թէ Ազրպէյճանի իսկական դիմագիծը ներկայացնող թռուցիկներ, գիրքեր ու տեսերիզներ բաժնուեցան հազարաւոր անցորդներու։

Ցոյց-քայլարշաւը վերջ գտաւ այն թելադրանքով, որ աշխարհն ու արեւմուտքը պէտք է Հայութեան հանդէպ գործադրուած պատմական աղէտները նկատի առած, յաւելեալ ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանի վրայ, ջանք չխնայեն որ Սումկայիթի ու Պաքուի անպատիժ մնացած ջարդերուն նման ոճրագործութիւններ չկրկնուին ու խաղաղ ճանապարհներով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորուի։

Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
242526272829