Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Գիտակցաբար կը ստորադասուին օրէնքն ու օրէնքի գերակայութիւնը զուտ քաղաքական նեղ շահերու, ի խնդիր՝ յեղափոխութեան երթը հանրաքուէի ճամբով հասցնելու իր դասական աւարտին

Փետրվար 22,2020 19:13

«Հայրենիք». Սահմանադրական դատարանին դէմ Հայաստանի գործող իշխանութեան շղթայազերծած խաչակրութեան պատճառներուն ու նպատակներուն մասին շատ կարդացինք եւ վստահաբար տակաւին շատ ալ պիտի կարդանք յառաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին մինչեւ՝ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէ, որ ըստ հանրապետութեան նախագահի որոշման, պիտի կայանայ ընթացիկ տարուան Ապրիլի 5-ին:

Բազմիցս նշուած պատճառներն ու նպատակները բազմաբնոյթ ըլլալով կը ներառեն ո՛չ միայն երկրի վարչապետի անձնական վրէժխնդրութիւնը այլ նաեւ՝ օրէնսդիր մարմնի, ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւններու կողքին սահմանադրական դատարանը եւս իր ազդեցութեան ծիրին մէջ առնելու բազմակարծութիւնը մերժող գործադիր իշխանութեան մին իշխանական նկրտումները եւ սահմանադրական դատարանին հասցէագրուած (կամ հասցէագրուելիք) շատ մը դատական գործերու ի նպաստ գործադիրի նախասիրութիւններուն լուծումը, որոնց վրայ կու գայ աւելնալու Արցախի հարցին մեզի (հայութեան) համար ոչ բարւոք լուծման ճամբայ հարթելու ենթադրեալ նախապատրաստութիւնը:

Ինչ ալ ըլլան այս խաչակրութեան պատճառներն ու նպատակները, սահմանադրական դատարանի կազմի անդամ դատաւորներու մեծամասնութեան համարեայ բռնի (անօրինական) փոփոխութիւնը, անշուշտ եթէ յաջողի, անկասկած պիտի ունենայ քանի մը ուղղութիւններով այնպիսի երկարաժամկէտ ժխտական ազդեցութիւններ մեր երկրին վրայ ինչպիսիք են՝ երկրի հաչս միջազգային հանրութեան ժողովրդավար դիմագիծի եւ վարկանիշի զգալի անկումը իր բոլոր ժխտական հետեւանքներով եւ հասարակութեան մէջ ազգային, կրթական եւ բարոյական արժեհամակարգի աղաւաղումը պարզ այն պատճառով, որ նորանշանակ սահմանադրական դատարանը կազմուած ըլլալով գործադիր իշխանութեան կամակատար դատաւոր անդամներէ պիտի չկարենայ կատարել իր զսպիչ եւ ուղղիչ դերը գործող իշխանութեան այնպիսի որոշումներուն նկատմամբ՝ երբ այդ որոշումներով ազգային եւ համազգային շահերն են, որ կրնան դառնալ խնդրոյ առարկայ:

Յաջորդ քանի մը շաբաթներու ընթացքին, մամուլը պիտի շարունակէ մեծ տեղ յատկացնել այս հարցին: Պիտի կազմուին սահմանադրութեան փոփոխութեան ինչպէս ԱՅՈ՛ այնպէս ալ Ո՛Չ ըսող ճամբար-շտապներ: Հանրութիւնը պիտի ներքաշուի ԱՅՈ՛-ի եւ Ո՛Չ-ի ներկայացուցած հիմնաւորումներուն շուրջ արծարծուող վէճի ու վիճաբանութեան մէջ անգամ մը եւս ենթարկուելով գործադիր իշխանութեան կողմէ արհեստական օրակարգերով զինք երկրի առջեւ ծառացող հիմնահարցերէն հեռացնելու խորամանկ քաղաքականութեան:

Սահմանադրական փոփոխութիւններուն ԱՅՈ՛ ըսողները լայնածաւալ բացատրութիւններ պիտի տան թէ ին՞չ չափի ու աստիճանի անարդարութիւններ ու նենգամտութիւններ ի գործ դրած են նախկինները որպէսզի հասնին սահմանադրութեան այնպիսի օրինակի, որ կարենայ ապահովել իրենց կողմէ տեղադրուած դատաւորներու եւ գլխաւոր դատաւորի իմա՝ սահմանադրական դատարանի գործող նախագահ՝ Հրայր Թովմասեանի երկարաժամկէտ պաշտօնավարումը: Ո՛Չ-ի կողմնակիցները իրենց կարգին պիտի մատնացոյց ընեն ու լուսարձակի տակ առնեն սահմանադրութեան եւ հետեւաբար սահմանադրական դատարանի անբաղձալի եօթ դատաւորները փոխելու գործադիր իշխանութեան ճիքի հակա-սահմանադրական եւ ամենայետին նենգ նպատակները:

Առանց արհամարհած ըլլալու վերեւ ներկայացուած բազմաբնոյթ (ենթադրեալ թէ իրաւ) նպատակներու եւ պատճառներու յառաջացուցած մտահոգութիւնները եւ անոնց կարեւորութիւնը, այս խաչակրութեան ետին պէտք է տեսնել նաեւ՝ գործադիր իշխանութեան դրսեւորած արդէն մոլուցքի հասնող յեղափոխութեան եւ յեղափոխութիւններու տեսութիւններով սնող ու ճառող տրամադրութիւններն ու այդ տրամաբանութեամբ ընթացող իրենց քայլերու յաջորդականութեան համակարգուած ընթացքը, որ ամբողջապէս կը տեղադրուի “յեղափոխութեան” տրամաբանութեան մէջ:

Այսպէս, վարչապետ՝ Պրն. Փաշինեանի անձով մարմնաւորուած գործադիր իշխանութիւնը կը հաւատայ, որ իր ղեկավարած յեղափոխութիւնը կը մնայ անաւարտ մինչեւ այն ատեն, որ չէ կրցած նոր սահմանադրութեամբ մը ինքզինք համակարգայնացնել-(institutionalize): Իշխանութիւնը կը հաւատայ, որ յեղափոխութիւն գործած եւ այդ ճամբով երկրի ղեկը ստանձնած ոյժին համար, ինքզինք օրինականացնելու միջոցներէն գլխաւորագոյնը սեփական սահմանադրական դատարանով եւ նոր սահմանադրութեամբ իր կողմէ առաջ քաշուած սկզբունքներու սահմանադրութեամբ որդեգրումն ու հաստատումն է, որպէսզի արձանագրուի եւ ամրագրուի վճռորոշ իր դերակատարութիւնը երկրի յառաջիկայ տարիներու որդեգրելիք ուղիին վրայ:

Ճիշտ այս պարունակին մէջ կարելի է տեղադրել գործադիր իշխանութեան կողմէ յեղափոխական բառապաշարի եւ գործելաոճի շարունակական օգտագործումը: Ինչո՞ւ. որովհետեւ միայն յայտարարութիւնները բաւարար չեն այլ՝ իշխանութիւնը պէտք ունի ժողովուրդի մասնակցութեամբ «գործողութիւններով» ինքնահամոզուելու, որ ինքն է ժողովուրդի իրա՛ւ ներկայացուցիչը: Հետեւաբար, պարբերաբար հանրութեան մատուցուող հինի ու նորի, սեւի ու ճերմակի, յեղափոխականի եւ հակա-յեղափոխականի հակադրութիւնները կը միտին օրինականացման ճամբան հարթ պահել մինչեւ՝ նոր սահմանադրութեամբ եւ սահմանադրական դատարանով վերջնական ինքնահաստատումը:

Հիմա արդէն իրերու ընթացքը կը թուի հասած ըլլալ յեղափոխութեան վերջին հանգրուանին ուր գործադիր իշխանութիւնը, սահմանադրական փոփոխութիւններ իրականացնելով պիտի ձգտի ինքզինք եւ իր դաւանած մտքերը յաւերժացնել: Այս ճիքին մէջ սակայն, գիտակցաբար կը ստորադասուին օրէնքն ու օրէնքի գերակայութիւնը զուտ քաղաքական նեղ շահերու, ի խնդիր՝ յեղափոխութեան երթը հանրաքուէի ճամբով հասցնելու իր դասական աւարտին:

Արտաքուստ այս տրամաբանութեամբ ներկայանալով հանդերձ, երեւոյթները ցոյց կու տան, որ սահմանադրութեան փոփոխութիւնն ու սահմանադրական դատարանի անբաղձալի դատաւոր անդամներէն ձերբազատուիլն անգամ բաւարար կրնան չըլլալ երկրէն ներս յեղափոխութեան աւարտը «աւետելու» համար: Իրողութիւն մը, որ կրնայ լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցնել ամբողջ երկիրը ինչպէս ներ-ազգային այնպէս ալ արտաքին քաղաքական առերեսումներու հարթակներուն վրայ: Հետեւաբար, նաեւ այ՛ս պարունակին մէջ պէտք է տեղադրել ու բացատրել (նաեւ հետեւութիւններ ընել) վարչապետ՝ Պրն. Փաշինեանի Միւնիխի Ապահովութեան Համագումարին (որ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ Փետրուար 14 -16, 2020-ին) արտայայտած հետեւեալ միտքը.- «Հնարաւոր չէ կոնֆլիկտը լուծել մէկ կամ երկու գործողութեամբ. Բանակցային գործընթացում անհրաժեշտ են «միկրո յեղափոխութիւններ», ապա «մինի յեղափոխութիւններ», ապա ճեղքում»:

Ուշադրութիւն դարձնենք վարչապետի «միկրօ եւ մինի յեղափոխութիւններ» բառապաշարին որուն պիտի անդրադառնանք քիչ անդին: Մինչ այդ, շեղում մը ընելով մեր նիւթէն ըսենք, որ համաձայն ըլլալով հանդերձ, որ բանակցութիւններու ընթացքին ի յայտ եկած լուծումները կ՛ըլլան հանգրուանային չենք կրնար համաձայնիլ, որ անոնք կու գան յեղափոխութիւններու որպէս արդիւնք ինչ չափերու ալ ըլլան այդ յեղափոխութիւնները՝ «մինի» թէ «միկրօ»: Մենք կը հաւատանք, որ լուծումները կը ձեւակերպուին այ՛ո հանգրուանային ձեւով բայց՝ բացառաբար հիմնուած բարեշրջային եւ հոլովոյթային օրինաչափութիւններու վրայ: Լուծումները կրնան հիմնուիլ յեղափոխութիւններու վրայ այն պարագային օրինակ՝ երբ անոնք կը պարտադրուին այս կամ այն հասարակութեան մեկնելով պատերազմի մը արդիւնքներէն եւ կամ երկրի մը պետական բոլոր մարմինները, ներառեալ սահմանադրական դատարանը, ամբողջապէս զաւթած իշխանութեան մը ժողովուրդի ձայնը շահարկման (manipulate) ճամբով ուղղորդելու պարագային:

Վերադառնալով վարչապետի Միւնիխի մէջ արտայայտած եւ վերեւ յիշուած արտայայտութեան աւելցնենք, որ միտքը ինքնին բարացուցական է եւ կը բացայայտէ գործադիր իշխանութեան յեղափոխութեամբ «սիրահարուած» ըլլալու բարդոյթը: Հետաքրքիր է եւ միաժամանակ՝ կարեւոր, որ Պրն. Փաշինեանը արբեցած հայաստանեան «յեղափոխութեան» իրեն պարգեւած միանձնեայ որոշումներ կայացնելու (միշտ չարաշահելով ժողովուրդի անունը) կարգավիճակով, կ՛ուզէ յեղափոխութիւն ներդնել ամէնուրեք, նոյնիսկ հոն ուր յեղափոխութիւնները չեն կրնար գոյութիւն ունենալ: Տպաւորութիւնը այն է, որ յեղափոխութիւն հասկացութեան եւ արարքի գիւտն է, որ կարծէք հեղինակուած է ու այդ գիւտի կիրառման նոր ասպարէզներու փնտռտուքի հեւքին մէջ ենք:

Այսօրինակ տարուածութիւնը յեղափոխութեամբ առիթ կու տայ ենթադրելու, որ սահմանադրական դատարանի անդամներու փոփոխութեան խաչակրութեան ետին կանգնած է նաեւ՝ վերեւ յիշուած «յեղափոխութեան տրամաբանութիւնը»: Հետեւաբար, այս մօտեցման լոյսին տակ, սահմանադրական դատարանի դէմ շղթայազերծուած խաչակրութիւնը կրնայ եւ վերջինը չըլլալ: Ընդհակառակը՝ կը ստացուի, որ երկրի կառավարման բոլորովին նոր մոդելի մը որդեգրման նախաշեմին կը գտնուինք: Նոր մոդել մը ուր ամէն ինչի լուծումը պէտք է տեղադրուի յեղափոխութեան պարունակին մէջ եւ պէտք է իրականանայ յեղափոխութեամբ կամ՝ «մինի» եւ «միկրօ» յեղափոխութիւններով:

Այս բոլորէն մեկնելով կրնա՞նք եզրակացնել, որ մեր երկիրը պիտի դիմագրաւէ ժամանակաշրջան մը (առնուազն մինչեւ այն ատեն, որ ներկայիս գործադիրն է կացութեան տէրն ու տիրականը) երբ խնդիրները պիտի լուծուին յեղափոխութիւններով եւ յեղափոխութիւններու ամենատարաբնոյթ դրսեւորումներով: Յետին ակնարկով կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ «մինի» եւ «միկրօ» յեղափոխութիւններու օրինակներ էին Ազգային ժողովի շէնքի եւ դատարաններու շրջափակման (եւ նմանօրինակ այլ դէպքեր) գործողութիւնները: Պատրաս՞տ է մեր երկիրը (հասարակութիւնը) այս նոր ուղղութեան:

Ամենայն համոզմամբ կ՛ըսենք, որ երկիրն ու հասարակութիւնը չեն կրնար արդիւնաւէտ ղեկավարուիլ, զարգանալ եւ բարգաւաճիլ մշտական յեղափոխութիւններով եւ կամ յեղափոխութիւններու սպառնալիքը իրենց գլխուն վերեւ կախուած: Ո՛չ ալ միջազգային մակարդակի բանակցութիւնները (ինչպէս օրինակ Արցախի հարցով ընթացող բանակցութիւնները) կրնան յառաջընթաց արձանագրել հենելով «մինի» եւ «միկրօ» յեղափոխութիւններու վրայ: Ինչպէս երկիրներ, այնպէս ալ բանակցութիւններ կը զարգանան ու կ՛արդիւնաւորուին կայուն իմացականութեան, մտածողութեան եւ միջավարի առկայութեան պարագային ուր ազգային եւ համազգային շահերու գերակայութիւնը եւ ո՛չ «մինի» եւ «միկրօ» յեղափոխութիւններու ներդնումը, կ՛ըլլայ գերիշխող նպատակ:

Անտեսելով եւ մաս չկազմելով Ապրիլ 5, 2020-ի հանրաքուէին, ինչպէս յայտարարած էր Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իր Փետրուար 13, 2020-ի յայտարարութեամբ, ժողովուրդը առիթը պիտի ունենայ ցոյց տալու գործադիր իշխանութեան, որ .-

ա) պէտք չէ՛ զինք անդադար եւ անհարկի շահարկեն, ներքաշելով ապօրինութիւններու մէջ, քաղաքական նեղ շահեր իրականացնելու համար,

բ) պէտք չէ՛ երկիրը ենթարկեն անհարկի ցնցումներու եւ բեւեռուածութեան երբ՝ խնդիրներու լուծման համար գոյութիւն ունին օրէնքներ եւ ընթացակարգ նոյնիսկ այն պարագային երբ՝ այդ օրէնքներն ու ընթացակարգը բարեփոխման կարիք ունենան:

Ժողովուրդը մի անգամ ընդմիշտ պիտի գայ ըսելու, որ ինք կը մերժէ ենթարկուիլ անխտիր բոլոր այն ոյժերուն որոնք կը փորձեն իրենց քաղաքական խնդիրները լուծել ժողովուրդի հաշւոյն եւ գործող օրէնքներու յստակ խախտումներով:

Գործադիր իշխանութիւնը պէտք է հասկնայ, որ «յեղափոխութիւնը» բոլոր իր դրական ձգտումներով հանդերձ այլեւս անցեալ է, իսկ երկիրը անցեալին նայելով կամ յանգած «յեղափոխութիւնը» պարբերաբար նոյնիսկ իր «մինի» եւ «միկրօ» տեսակներով վերակենդանացնելու փորձերով չի կրնար յառաջընթաց արձանագրել: Ժամանակն է լծուելու երկիրը արդիւնաւէտ կառավարելու գործին, եւ ընթացքին՝ երկրէն ներս վերահաստատել համագործակցութեան եւ բազմակարծութեան առողջ մթնոլորտ միացեալ ոյժերով դիմագրաւելու համար երկրի առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին բազում մարտահրաւէրները:

Մուրատ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
242526272829