Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, պաշտօնապէս յայտարարելով Հալէպի արեւմտեան եւ հիւսիսարեւմտեան գիւղերու ազատագրումը: Այդ գիւղերն են՝ Շէյխ Ալի, Օրամ Քուպրա, Օրամ Սուղրա, Քաֆար Նահա, Քաֆար Տաաէլ, Քաֆար Համրա, Շանթարա, Պապիս, Մաարէթ Արթիք, Ուէյճէլ, Հրէթան, Հայյան, Անատան, Պեանուն, Լերամուն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գործարաններ ու Մթերէզ եւ Մզնար միջանցքները՝ ժողովուրդին ապահով ելք տրամադրելու համար:
Հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ սուրիական բանակը բուռն մարտեր մղեց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ եւ Հալէպը ապահով տարածք յայտարարեց: Հրամանատարութիւնը յիշեց, որ նոր ազատագրուած գիւղերը 2012-էն ի վեր «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման հսկողութեան տակ կը գտնուէին: Անոնք հրթիռներ կ՛արձակէին տեղւոյն բնակչութեան դէմ եւ զայն իբրեւ մարդկային վահան օգտագործելով: