Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը կ՚ողջունէ Սուրիոյ ԽորհրդարանիՆ Հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը եւ կը շնորհաւորէ Սուրիահայութիւնը այս կարեւոր իրագործումին առթիւ։
Յատուկ շնորհակալութիւն Սուրիոյ իշխանութեան ու մանաւանդ ասպնջական ժողովուրդին, որ ապաստան շնորհեց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացին։
Սուրիոյ կողմէ այս ճանաչումը եւ դատապարտումը կրկնակի կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ սոսկ իրողութեան հաստատումէն անդին կ՚անցնի, կը վկայէ Սուրիոյ ժողովուրդի ականատես ըլլալու հանգամանքը՝ Թուրքիոյ կողմէ իր իսկ հողերուն վրայ գործադրուած մեծ ոճիրին եւ կոչ կ՚ուղղէ պայքարելու ժխտումի քաղաքականութեան դէմ։
Շնորհակալութիւն մանաւանդ Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովին եւ անոր նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանին, որոնք նախաձեռնեցին այս բանաձեւի գործընթացը օրէնսդիր պալատին մէջ։
Կարդացեք նաև
Այս մեծ յաղթանակին համար կրկին կը շնորհաւորենք Սուրիահայութիւնը, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորները եւ Հայ Դատի բոլոր նուիրեալները։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ