Հայրենիք իր աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին հետ:
Պրն. Սինանեանի ազնիւ ընդունելութեան ընթացքին ընկ. Յակոբեան ՀՀ Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատարին ներկայացուց Լիբանանի ներկայ իրավիճակը եւ խնդիրներու մէջ յայտնուած լիբանանահայ համայնքին յոյզերը իր ներկայացուցած կազմակերպութեան տեսանկիւնէն դիտած:
Ընկ. Յակոբեան ցաւով յիշեցուց հայրենադարձութեան թեմայով Հայաստանի պետութեան յստակ ռազմավարութեան մը անբաւարարութեան պարագան, որուն իբրեւ արդիւնք Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը իր գոյերթին ընթացքին չկրցաւ օգտուիլ հետզհետէ հայաթափուող Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու ներուժէն՝ Եգիպտոսէն մինչեւ Իրան, Իրաք, Սուրիա եւ ահաւասիկ այսօր Լիբանան:
Այս հարցով ընկ. Յակոբեան մաղթեց, որ ՀՀ ներկայ պետութիւնը աւելի եւս լրջութեամբ կը մօտենայ հայրենադարձութեան կենսական հարցին զայն ընդգրկելով պետականաշինութեան իր տեսիլքին մէջ եւ ըստ այնմ ռազմավարութիւն մշակէ՝ հեռու ամէն տեսակի հայրենաշունչ սակայն զգացական յայտարարութիւններէ: Ան լիբանանահայութեան դէպի Հայաստան հոսքը կարգաւորելու ի խնդիր կարգ մը առաջարկներ ներկայացուց Պրն. Սինանեանին յիշեցնելով, որ լիբանանահայութիւնը սոսկ սփիւռքահայ համայնք մը չէ, այլ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնց ամէն մակարդակի անվտանգութիւնը հայրենի պետութեան կարեւոր պարտականութիւններէն է:
Ընկ. Յակոբեան շեշտեց, որ արտակարգ իրավիճակի մէջ յայտնուած Լիբանանահայութիւնը, ինչպէս ամբողջ սփիւռքահայութիւնը կարիքը ունի Հայաստանի պետութեան գործնական նեցուկին: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ճամբով եղած օգնութեան համար յայտնելով, որ լիբանանահայութիւնը նաեւ պէտք ունի իր հայրենիքին պետական-բարոյական հովանաւորութեան:
Կարդացեք նաև
Պրն. Սինանեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ լիբանանահայութեան այսօրուայ ապահովական եւ տնտեսական իրավիճակով: Ան նաեւ հետաքրքրուեցաւ ՌԱԿի իրավիճակով ու անոր գործունէութեամբ:
Ընկ. Սեւակ Յակոբեան փափաք յայտնեց, որ Պրն. Սինանեան շուտով այցելէ Լիբանան, համայնքին մօտէն եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար: Այս առումով Պրն. Սինանեան ուրախութեամբ աւետեց, որ դէպի շրջան իր այցելութիւնը արդէն իսկ նախատեսուած է յառաջիկայ ամիսներուն համար:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹՅԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈԻԹՅՈՒՆ