Ժողովրդավար իւրաքանչիւր երկրի ինքզինք յարգող օրէնսդիր մարմին՝ (խորհրդարան) եւ այդ մարմնին մաս կազմող իւրաքանչիւր անհատ պատգամաւոր, ինքզինքին թոյլ չի կրնար տալ հանդուրժել խորհրդարանէն ներս այնպիսի ելոյթ, ինչպիսին էր՝ վարչապետ Պրն. Փաշինեանի Փետրուար 6, 2020-ի ելոյթը: Փաստօրէն երկրի վարչապետը ժողովուրդի անունով կը սպառնար ու կ՛ահաբեկէ՛ր քաղաքական բոլոր այն ուժերը եւ ժողովուրդի այն հատուածը, որ յանդգնութիւն պիտի ունենայ ազատ կամարտայատմամբ դէմ արտայատուելու սահմանադրական դատարանի անդամներուն դէմ գործադիր իշխանութեան շղթայազերծած հալածանքին:
Պրն. Վարչապետ, արդեօ՞ք ձեր մտքով անցած է գէթ՝ մէկ անգամ, որ ձեր տրամաբանութեամբ եւ օրինակով գործելու պարագային ինչպէ՞ս կրնան շարժիլ ապագայ գործադիր իշխանութիւնները երբ իրենք ալ ունենան քուէներու մեծամասնութիւնը: Անոնք ալ իրե՞նց նախասիրութիւններով պէտք է հիմնովին վերակազմեն այս կամ այն պետական hիմնաքար նկատուող մարմիններու եւ հաստատութիւններու կազմերը: Իրե՞նց նախասիրութիւններով պէտք է բարեփոխեն գործող սահմանադրութեան այս կամ այն կէտը: Թէ՛ արդեօ՞ք կը կարծէք թէ ձեր իշխանութիւնը բացառիկ է եւ յաւերժական: Այդպէ՞ս է:
Ակնարկս ո՛չ այնքան սահմանադրական դատարանի կազմը հանրաքուէով փոխել կամ չփոխելու կարիքի եւ անհրաժեշտութեան մասին է որքան՝ պատգամաւորներու եւ քաղաքական ուժերու ազատ կամարտայատման իրաւունքի կիրառումը հակա-պետականութեամբ եւ հակա-ժողովրդավարութեամբ պիտակաւորելու եւ սահմանադրական դատարանի շուրջ, ամիսներէ ի վեր շարունակուող, գործադիր իշխանութեան կողմէ սահմանադրական դատարանը եւս նուաճելու քաղաքական (ո՛չ գործնական եւ ո՛չ ալ օրինական) հարց լուծելու հեւքէն տարուած՝ պայքարի օրինականօրէն անընդունելի ձեւերու եւ միջոցներու որդեգրման մասին: Այսպէս օրինակ՝ տուներու խուզարկութիւն, անհատ դատաւորներու դէմ շարունակուող ճնշումներ, հակաօրինական ձեւով վաղաժամ հանգստեան կոչուելու կոչեր, նուէր տրուած գրիչի մը ծիծաղելի պատմութիւն, հանրային հեռուստատեսութեան եթերը միակողմանի օգտագործում, եւ դեռ ինչեր:
Որովհետեւ գործող օրէնքներու սահմանագիծերը հնարաւորինս իւրովի սահմանելու եւ չարաշահելու բոլոր հնարքները ապարդիւն մնացած են հիմա ալ կը փորձուի ժողովուրդը ներքաշել զուտ իրաւական-իրաւագիտական խճճուած հարցերու մէջ ներառեալ՝ սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւնները, առանց սակայն յստակեցնելու այդ քայլի՝ պետութեան եւ ժողովուրդի շահերը սպասարկող նպատակը եւ գէթ՝ նշելու, թուելու այն խոչընդոտները (եթէ կան) որ գործող սահմանադրական դատարանը կը յարուցէ երկրի եւ գործող իշխանութեան ծրագիրները ձախողեցնելու համար: Կամ, դատական այն գործընթացները որոնց նկատմամբ նշմարուած են սահմանադրական դատարանի ոչ արհեստավարժ մօտեցումները: Մէկ խօսքով՝ առանց հիմնաւորելու եւ փաստարկելու սահմանադրական դատարանի ո՛չ կառուցողական եւ ո՛չ արհեստավարժ գործունէութիւնը, որ կ՛արգելակէ երկրի բարգաւաճումն ու զարգացումը եւ հետեւաբար՝ անհրաժեշտ կը դարձնէ կիրառել հիմնական փոփոխութիւններ:
Կարդացեք նաև
Կա՞ն այդպիսի օրինակներ որոնք հիմք կրնան ծառայած ըլլալ գործադիր իշխանութեան այս խաչակրութեան: Եթէ կան, ժողովուրդը պէտք է իրազեկ ըլլայ: Իսկ եթէ չկան ապա՝ մեզի կը մնայ եզրակացնել, որ սահմանադրական դատարանի դէմ շարունակուող պայքարի պատճառը անձնական քմահաճոյքին ու կամայականութեան յագուրդ տալու գործադիր իշխանութեան մոլուցքն է, որ խեղաթիւրելով ժողովրդավարութիւնը, սկիզբը կ՛ուզէ դնել միապետութեան ճամբով ինքզինք յաւերժացնելու գործընթացին: Ստեղծուած կացութեան պատճառները զուտ քաղաքական են եւ գործադիր իշխանութիւնը կը փորձէ լուծել իր կողմէ յարուցուած զուտ քաղաքական խնդիր:
Ամէն նկատառումներով վտանգաւոր նախընթաց ստեղծող քայլ եւ երկրի միջազգային վարկը հարուածող վտանգաւոր ուղի:
Մուրատ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում