Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Միացեալ եւ ուժեղ ընդդիմութիւնն է միայն, որ այս կրնայ վճռական ազդեցութիւն ունենալ քաղաքական գործընթացներուն վրայ. «Եռագոյն»

Հունվար 31,2020 11:08

«Եռագոյն». 2018 թուի Մայիսեան հանրայայտ քաղաքական իրադարձութիւններուն յաջորդող խորհրդարանական ընտրութիւններուն, տիրանալէ ետք քուէներու աւելի քան 70% տոկոսին եւ ինքնահռչակուելով որպէս ժողովուրդի «միա՛կ եւ իրա՛ւ» ներկայացուցիչ, «Իմ քայլը» քաղաքական դաշինքով ներկայացուած Հայաստանեան իշխանութիւնները առաջին իսկ օրէն որդեգրեցին դասական պոպուլիզմի ընձեռած բոլոր միջոցները արդարացնելու համար իրենց իսկ կողմէ ժողովուրդին շռայլուած խոստումներուն անկատար մնացած ըլլալու հանգամանքը: Անոնք առիթ չեն կորսնցնե՛ր բացայայտօրէն մերժելու եւ կամ արհամարհելու ո՛չ միայն ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններն ու անոնց կողմէ ներկայացուած երկրի բարգաւաճման առընչուող տեսակէտներն ու առաջարկները այլ՝ կը մերժեն նաեւ ժողովուրդի այն հատուածը, որ կը համարձակի տարակարծիք ըլլալ իշխանութեան բռնած ուղիին հետ:

2018 թուականի Մայիսեան իշխանափոխութիւնէն անցած են 20 երկար ամիսներ բայց իշխանութեան գործելաոճին մէջ տիրողը տակաւին (ըստ երեւոյթին նաեւ՝ շարունակելի որովհետեւ առ այժմս փոփոխութեան նշոյլներ չեն նշմարուիր) պոպուլիզմն է արդէն բոլորիս յայտնի պատճառներով: Իշխանութիւն մը, որ արտաքուստ ներկայանալով ժողովրդավար սակայն, կանխամտածուած ձեւով կը միտի յաւերժացնել ինքզինք որպէս՝ ժողովուրդի «միա՛կ իրա՛ւ» ներկայացուցիչ, պետական այրերու անյարիր բառապաշարով վարկաբեկելով եւ մինչեւ անգամ դաւաճանութեամբ մեղադրելով ու մերժելով իրմէ դուրս ամէն տեսակի այլակարծութիւնն ու բազմակարծութիւնը՝ ընդհանրապէս: Իշխող քաղաքական ոյժի անպատասխանատու քայլերու արդիւնք սկսած է անհետանալ կառավարման երեք ճիւղերու՝ գործադիր, օրէնսդիր և դատական, սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած տարանջատումն ու օրէնսդիրի եւ դատականի անկախութիւնը՝ իշխող քաղաքական ոյժի քմայքներէն: Ասոր վրայ եթէ աւելցնենք իշխանութեան այլեւս անթագոյց փորձերը իրեն հպատակեցնելու ոստիկանութիւնն ու ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնները, ժողովրդավար կարգերէն արագընթաց հեռանալու եւ ժողովրդավարութիւնը մենատիրութեամբ փոխարինելու վտանգաւոր պատկերը աւելի եւս կը յստականայ:

Այսօրուան հասարակութեան մէջ առկայ եւ իշխանական թեւին կողմէ մէջտեղ նետուած «սեւ-ճերմակ»-ի, «յեղափոխական-հակայեղափոխական»-ի տարանջատումները կանխամտածուած են եւ դիտաւորեալ: Դիտաւորեալ է նաեւ անդադար անցեալին նշումներ ընելու եւ անցեալի յոռի դէպքերն ու դէմքերը ժողովուրդի ուշադրութեան կիզակէտին պահելու իշխանութեան ընթացքը, որպէսզի պետական այրերը կարենան սահուն ձեւով իրենց ձախողումներն ու բացթողումները արդարացնել պատրուակելով՝ անցեալէն եկած եւ իբրեւ թէ շարունակուող «մութ ձեռքերու» եւ «դաւադրական գործարքներու» ներգործութիւն, առանց հանրութեան առջեւ պատասխանատուութիւն զգալու գէթ՝ փորձել յստակացնելու այդ մութ ձեռքերու ինքնութիւնն ու դաւադրական գործարքներու հասցէատէրերը:

Այս պարունակին եւ իրողութեան շրջագիծին մէջ ինչպէ՞ս կրնան գործել եւ ստեղծուած այս անբնական իրավիճակին դէմ ի հարկին՝ պայքարիլ, ազգային առողջ ընդդիմութեան դաշտի մը գոյութիւնը պետականութեան յառաջընթացին ու երկրի բարգաւաճման համար անհրաժեշտութիւն նկատող եւ այդ դաշտին մէջ գործելու պատրաստ քաղաքական ոյժերը:

Ին՞չ ընել եւ ինչպէ՞ս:

Պոպուլիզմի դէմ պայքարի եւ իշխանութեան աշխատելաոճը ուղղելու (չըսելու համար իշխանութեան իսկական դիմագիծը բացայայտելու) միջոցներէն ամենահատու եւ ազդու միջոցը՝ ՄԻԱՑԵԱԼ, ուժեղ ընդդիմութիւնն է: Մանրուքներէ հեռու այն ընդդիմութիւնը, որ լուսարձակի տակ կը պահէ երկրէն ներս արդարութեան եւ հաւասարութեան օրէնքներու կիրառումը անխտիր բոլորին համար, եւ իր պետականամէտ ծրագիրներով եւ նախագիծերով կը փորձէ հասարակութիւնը միախմբել երկիրն ու ազգը յուզող ազգային (կարդալ նաեւ՝ համազգային), ընկերային եւ քաղաքական իրա՛ւ օրակարգերու (ազգային հայեցակարգ, ազգային տնտեսական քաղաքականութիւն, Արցախեան յստակ քաղաքականութիւն, համահայկական քաղաքականութիւն, եւլն.) շուրջ, ուղղակիօրէն հակադրուելով իշխանութեան կողմէ վարուած ամէն ըդդիմութիւն վարկաբեկելու, մերժելու, հասարակութեան ուշադրութիւնը արհեստական օրակարգերով շեղելու երկրին առջեւ ծառացող իրա՛ւ օրակարգերէն եւ հասարակութիւնը մասնատելու «բաժնէ՛ որ տիրե՛ս»-ի քաղաքականութեան:

Ընդդիմութիւն մը, որ ձեւաւորուած ըլլայ վերոյիշեալ օրակարգերու շուրջ կազմուած քաղաքական խմբակցութիւններու համախմբումով, առաջնային նպատակ ունենալով ժողովրդավար կարգով ստիպել իշխանութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու իր բռնած ուղին ի պահանջեալ հարկին նաեւ՝ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններով դէմն առնելու հասարակութեան մէջ ազգային, բարոյական արժէքներու տակաւ առ տակաւ աղաւաղման, ժողովրդավարութեան հիմնական դրոյթներու ոտնահարման եւ հասարակութեան մէջ վերահաստատէ բարոյահոգեբանական առողջ մթնոլորտ, որ նախապայման է իւրաքանչիւր երկրի զարգացման եւ բարգաւաճման:

Այսօրինակ ընդդիմութեան մը կազմութեան սկզբնական քայլերն է, որ կ՛առներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ամիսներ առաջ երբ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնը խորհրդակցութիւններ կը ձեռնարկեր քաղաքական դաշտին մէջ գործող խորհրդարանական եւ արտա-խորհրդարանական ընդդիմադիր ամենատարբեր ոյժերու հետ, նպատակադրելով դառնալ այն առանցքը որուն շուրջ պիտի համախմբուին ընդդիմադիր այդ ոյժերը: Յարատեւութիւն եւ համբերութիւն ենթադրող աշխատանք, որ անպայման պիտի տայ իր արդիւնքը:

Ժամանակն է, որ մեր երկրին մէջ տեղի ունենան լուրջ եւ համակարգային բարեփոխումներ, կասեցնելու համար գործող իշխանութեան կողմէ երկրի ժողովրդավար դիմագիծը (եւ ո՛չ միայն) հետզհետէ աւելի աղաւաղող քայլերը: Քաղաքական կուսակցութիւնները միասնաբար ժողովուրդի այն հատուածին հետ, որ կը հաւատայ այդ բարեփոխումներու անյետաձգելիութեան եւ չ՛ուզեր իրերու ընթացքը ձգել իր ճակատագրին, կոչուած են անսալու ՄԻԱՑԵԱԼ ընդդիմութիւն մը ձեւաւորելու հրամայականին:

ՄԻԱՑԵԱԼ եւ ուժեղ ընդդիմութիւնն է միայն, որ այս հանգրուանին կրնայ վճռական եւ դրական ազդեցութիւն ունենալ քաղաքական գործընթացներուն վրայ:

Մուրատ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031