Իշխանութեան քարոզարշաւը յաջողած կը թուի ըլլալ առնուազն մէկ ճակատի վրայ։ Ան յաջողած է հասարակութեան հաւաքական մտքին մէջ ստեղծել այն համոզումը, որ նախորդ իշխանութիւնները չարիքն իսկ էին և իրենք՝ բարի՛քը։ Կը յիշեմ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները» վիպակին հերոսներէն՝ «Բանաստեղծը» իր յայտնի ճառով…«Անոնք տգիտութիւնն են. մենք՝ գիտութիւնը»…
Կ՚ուզեմ թախանձագին զգուշացնել բոլոր ընկերներս. նոյնիսկ անոնք՝ որոնք իշխանութեան ջատագովական դաշտին մէջ կը գտնուին։ Այս «սև ու ճերմակ»ի մտայնութիւնը՝ ի՛նքն իսկ է իսկական տգիտութիւնը։ Հեռո՛ւ կեցէք այս քարոզչական մոլորութենէն։ Նախորդ իշխանութեանց շրջանին (իրենք ի մտի ունին Նախագահներ՝ Քոչարեանի և Սերժ Սարգսեանի օրերը, իսկ ես անվերապահօրէն կ՚աւելցնեմ նաև Նախ. Տէր Պետրոսեանի ժամանակները), շատ մեծ իրագործումներ տեղի ունեցան մեր անկախ պետականութեան կեանքին մէջ։ Միաժամանակ հանրութիւնը ականատես եղաւ պախարակելի արարքներու։ Երկուքը միասի՛ն։ Նո՛յն քաղաքական փաթեթին մէջ։ Նոյն անձի ղեկավարութեամբ։ Նոյն դատողութեան ակերէ՛ն։ Բայց ինչո՞ւ զարմանալ։ Այս ի՛սկ է քաղաքականութիւնը։ Այսպէս է, որ կը գրուի պատմութիւնը։ Այսինքն՝ բարդ, հակասական, անսանձահարելի իրականութեան փոթորիկներո՛ւն մէջէն։
«Յեղափոխութիւն» խաղալու սիրոյն, իշխանութիւնը կը փորձէ հանրութեան վզին փաթաթել պատմութեան փաստերը ուրանալու կամ զանոնք չարափոխելու բոլշևիկեան բնոյթի անհեթեթ մեղք մը։ Մի՛ իյնաք այս խաղին մէջ։ Հանրութիւնը պէտք է ըլլայ շատ աւելի զգաստ և մերժէ այս մեքենայութիւնը։ Ճիշտ չէ, արդար չէ, օրինաչափ չէ իշխանութեան առաջարկած պարզմիտ — չըսելու համար տխմա՛ր — ընդհանրացումներով պատմութեան գնահատական տալու այս ընթացքը։ Նախորդ իշխանութիւններու գործին գնահատականը ներկայ իշխանութիւնը չէ, որ պիտի տայ։ Մանաւա՛նդ ներկայ իշխանութիւնը՝ որ չի վարանիր ոտնակոխ ընելու ՀՀ Սահմանադրութիւնը։
Հանրութիւնը իշխանութենէն պիտի պահանջէ նոր գործի վկայութիւնը։ Սնանկութի՛ւն է, երբ իշխանութիւն մը իր նախորդի թերիներուն վրայ կը փորձէ արդարացնել իր գոյութիւնը փոխանակ իր նոր իրագործումներու հանդէսը բանալու։ Եւ ցարդ — հիմնուած կառավարութեա՛ն իսկ թողարկած տուեալներուն վրայ — շատ վտիտ է այդ զամբիւղը։
Կարդացեք նաև
Կարօ Արմենեան