«Գանձասար» – Հալէպի արեւմտեան շրջաններուն եւ հիւսիս-արեւմտեան արուարձանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ 3 հրթիռ արձակեցին Հալէպի Զահրաա թաղամասին ուղղութեամբ։
Արձանագրուեցան 1 զոհ, աւելի քան 2 վիրաւոր եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ։
Հալէպի արեւմտեան շրջանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ 3 հրթիռ արձակեցին Հալէպի Սըքքարի թաղամասին ուղղութեամբ։
Հրթիռակոծումը տեղի ունեցաւ շրջանի ամէնէն խճողուած ժամերուն։
Շրջանի հիւանդանոցի բժիշկները տեղեկացուցին, թէ հիւանդանոց տեղափոխուած են 6 զոհերու դիակներ ու աւելի քան 20 վիրաւորներ։ Քանդուած են բնակարաններ, խանութներ եւ արձանագրուած են նիւթական վնասներ։
Զոհերուն մէջ եղած են նաեւ կիներ ու մանուկներ։