Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Մեր Դատը Երկարաշունչ Աշխատանքի Կը Կարօտի. Ոչինչ Անկարելի Է». Հայ Դատի Գործիչ Սթիւ Տէթէեան

Հունվար 09,2020 16:50

Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Թիւ 296 Եւ 105 Բանաձեւերուն Լոյսին Տակ Հարցազրոյց Հայ Դատի Բազմամեայ Գործիչ Սթիւ Տէթէեանի Հետ

Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդէն ընտրեալ խորհրդարանին երկու տուները՝ Ներկայացուցչականն ու Ծերակոյտը վերջերս, իրարմէ հազիւ մէկ ամսուան տարբերութեամբ, որդեգրեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ զայն ժխտելու փորձերը գործնապէս դատապատրող բանաձեւեր. Ներկայացուցչականը՝ թիւ 296 բանաձեւը, 29 Հոկտեմբերին, Ծերակոյտը՝ թիւ 150, 12 Դեկտեմբերին: Անկախ այն իրականութենէն, որ պատմական այս որոշումները արդիւնք են տասնամեակներու հետապնդման ու բազմահանգրուան ընկրկումներու, ո՛չ հայերուս, ո՛չ ալ մեր Դատի զարգացումներուն հետեւող միջազգային շրջանակներու ուշ դրութենէն վրիպեցաւ, որ յատկապէս Ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը ունէր անակնկալի բաժին մը, որովհետեւ ուղիղ ամիս մը առաջ, 13 Նոյեմբերին, այս բանաձեւը «նաւաբեկում»ի ենթարկուած էր նոյն Ծերակոյտին մէջ, Լինտզի Կրեհեմի իրողական վեթոյին հետեւանքով:

Բնական է, որ բոլորիս միտքերուն մէջ ծագեցան բազում հարցումներ. ի՞նչ պատահեցաւ յիշեալ մէկ ամսուան մէջ, որ Ծերակոյտը միաձայնութեամբ որդեգրեց ամիս մը առաջ մերժածը: Յետոյ, քաղաքական եւ իրաւական դիտանկիւններէ՝ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն զոյգ որոշումները, ինչպիսի՞ հորիզոններ կը բանան մեր Դատի հետապնդման աշխատանքներուն դիմաց. վերջապէս, այս ու նման իրագործումներ ինչպիսի՞ փորձառութիւններ կ՛ընծայեն Հայ Դատի գործիչներուն ու անոնց զօրակցող համայն հայութեան, որքանո՞վ կը սեղմեն Թուրքիոյ վիզին շուրջ կազմուած օղակը, որպէսզի իբրեւ ուղղակի հաշուետու՝ նիկա դուրս գայ մերժողական ընթացքէն եւ բերուի արդարութեան ճամբուն:

Հայ հասարակութիւնը իրաւունք ունի ծանօթանալու վերջին զարգացումներու կարգ մը քուլիսային ծալքերուն եւ տարուած աշխատանքին տարողութեան: Այս նպատակով, հարցազրոյց մը ունեցանք Հայ Դատի բազմամեայ գործիչներէն Սթիւ Տէտէեանի հետ, ընդհանուր բայց ոչ ամբողջական գիծերը լուսարձակի տակ բերելու համար:

Ի՞ՆՉ ՓՈԽՈՒԵՑԱՒ ՄԷԿ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.- Սկսինք վերջին զարգացումներէն: Ներկայացուցիչներու տունը գրեթէ մեծամասնութեամբ (միայն 11 դէմ քուէով), իսկ Ծերակոյտը միաձայնութեամբ եւ հեզասահ կերպով որդեգրեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը: Ի՞նչ փոխուեցաւ Ծերակոյտի քուլիսներուն մէջ, նկատի ունենալով, որ ամիս մը առաջ բանաձեւին քուէարկումը մերժուեցաւ:

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Ներկայացուցիչներու տան մէջ որդեգրուած բանաձեւին մասին երկար մեկնաբանութիւն ընելու պէտք չեմ զգար. միայն ըսեմ, որ անիկա արդիւնք էր Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ անոնց կողքին կանգնող մեր քաղաքականացած հանրութեան ու հայկական կազմակերպութեանց երկարատեւ աշխատանքին: Թիւերը խօսուն են: Բանաձեւին ի նպաստ քուէ տուին թէ՛ դեմոկրատ եւ թէ հանրապետական ներկայացուցիչներու բացարձակ մեծամասնութիւնը: Մեր ճիգերուն կողքին, կարեւոր դեր ունեցան մեր Դատին ի նպաստ դիրքորոշուած բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Որոշ մանրամասնութիւններ տր ւեցան օրը օրին, լուրերուն ճամբով:

Ծերակոյտին պարագան իսկապէս որ ուշագրաւ էր: Կ՛ուզեմ արագօրէն անդրադառնալ այն իրականութիւններուն, որոնք ընկերացան Ներկայացուցիչներու տան քուէարկութեան, անկէ ետք թիւ 150 բանաձեւին Ծերակոյտին ներկայացման ու առաջին մերժումին, լուսարձակի տակ բերելու համար որոշ դրական գործօններ եւ ըսելու՝ որ քաղաքական հովերը միշտ չէ որ կը փչեն մեզի դէմ, երբեմն կը ստեղծուին նաեւ նպաստաւոր հովեր, ու եթէ պատրաստ ես, կրնաս օգտուիլ անոնցմէ, յառաջ տանիլ նաւդ:

Վստահաբար կը յիշէք, որ թիւ 296 բանաձեւին որդեգրումէն քանի մը օր ետք, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ուաշինկթըն այցելեց եւ տեսակցութիւն ունեցաւ նախագահ Թրամփի հետ: Բոլորիս ծանօթ է Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան դիրքորոշումը. նախագահն ու անոր ցուցմունքներով շարժող՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդհանրապէս բարի տրամադրութիւն չունին Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ, չեն ուզեր նեղացնել դաշնակից Թուրքիան, երբեմն կը խօսին թուրք վարիչներու լեզուով, թէ՝ այս հարցը պէտք է ձգել պատմութեան ու պատմաբաններուն եւ այլն: Ներկայացուցիչներու տան էջ խօսք առնողները առաւելաբար հարցին մօտեցան իրաւունքի, արդարութեան ու համամարդկային հարցերուն ճիշդ մօտենալու կեցուածքներով: Առարկութիւնները ըստ էութեան Ցեղասպանութեան ընդունման դէմ չէին ուղղուած, այլ կը ծածկէին քաղաքական հաշիւներ:

Թիւ 296 բանաձեւին որդեգրումը բնականաբար վրդովում պատճառեց թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Սպիտակ տան շրջանակներուն: Նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպումին՝ նախագահ Թրամփ հրաւիրած էր նաեւ ծերակուտականներ, որոնց շարքին՝ Լինզի Կրեհեմը, եւ ցուցմունք տուած էր, որ Ծերակոյտը օրակարգի վրայ չդնէ, ո՛չ ալ որդեգրէ թիւ 150 բանաձեւը: Կրեհեմ մէկն է պետական այն մարդոցմէ, որոնք կը հաւատան, թէ ամերիկեան շահերուն դիտանկիւնէն, պէտք չէ նեղացնել դաշնակից Թուրքիան: Այս տրամաբանութեամբ ալ, երբ Ծերակոյտի 13 Նոյեմբերի նիստին Մենենտեզի կողմէ առաջարկ եղաւ քննարկելու եւ որդեգրելու թիւ 15 0 բանաձեւը, Կրեհեմ առարկեց եւ դէմ կանգնեցաւ հարցը քննարկման դնելու: Ըստ Ծերակոյտի աշխատանքի դրութեան՝ եթէ ոեւէ անդամ դէմ կանգնի հարցի մը քննարկման, այդ հարցը դուրս կը բերուի օրակարգէն: Այդպէս ալ եղաւ:

Պէտք է արձանագրենք, սակայն, որ Թրամփ-Էրտողան տեսակցութեան պահուն, որոշ քննարկում տեղի ունեցած էր Ցեղասպանութեան եւ ներկայի մտահոգիչ զարգացումներուն մասին: Էրտողան պաշտպանած է մեզի ծանօթ թրքական տեսակէտները եւ մերժողական կեցուածքը:

Յետոյ պատահեցան յետ-զարգացումներ: Թրքական թերթերը նախագահներու հանդիպումին մասին հրատարակեցին որոշ տեղեկութիւններ, ուր ի միջի այլոց կ՛ըսուէր, թէ Էրտողան անցեալի դէպքերուն մասին «դաստիարակչական լուսաբանութիւններ» տուած է խօսակիցներուն, ներառեալ նոյնինքն Լինզի Կրեհեմին: Այս տեղեկութիւնները հասան Կրեհեմին եւ այլ ծերակուտականներու, որոնց շարքին կան անցեալին Ցեղասպանութեան բանաձեւի նախագիծ պատրաստողներ…

Զարգացումներուն մէկ այլ երեսն ալ կը կազմեն Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ որդեգրած քայլերը: Թուրքիա վերջին շրջանին, ինչպէս ծանօթ է, ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլալով հանդերձ, բաւական մօտիկ յարաբերութիւններ կը մշակէ Ռուսիոյ հետ, ռուսական զէնքներ կը գնէ, Սուրիոյ մէջ կը շարժի ամերիկացի դաշնակիցին հետ ոչ-համախորհուրդ, յաճախ ինքնագլուխ քայլեր կ՛առնէ: Ծանօթ են նաեւ քիւրտերուն դէմ անոր արարքները:

Այս բոլորը ամերիկեան քաղաքական ու զինուորական շրջանակներու մօտ որոշ տրամադրութիւններ կուտակած են Թուրքիոյ դէմ: Էրտողանի կողմէ «դաստիարակութիւն» ստացողներ խայտառակուած ու վարկաբեկուած կը զգան: Իմացած ենք նաեւ, որ Թուրքիոյ ի նպաստ դիրքաւորուած ծերակուտականներ, ինչպէս՝ Կրեհեմ, Փըրտիւ եւ Քրէյմըր, որոնք պատմական ճշմարտութեանց ծանօթ են եւ սակայն քաղաքական հաշիւներով ծանօթ ընթացքը որդեգրած, յստակ դարձուցած էին նախագահ Թրամփին, թէ իր ցուցմունքին միայն մէկ անգամ պիտի հետեւին, իսկ յաջորդին կրնան տարբեր վերաբերմունք ցուցաբերել: Էրտողանի վարկ բեկիչ արտայայտութիւնները խոր դժգոհութեամբ ընկալուեցան այդպիսիներուն կողմէ: Այս հանգրուանին, Թուրքիոյ վարքն ու դերը որոշ նահանջ արձանագրած են ամերիկեան դիտանկիւնէն:

Մէկ խօսքով, մեր երկարատեւ աշխատանքները այս հանգրուանին գտան նպաստաւոր պայմաններ: Երբ Ծերակոյտը 12 Դեկտեմբերին անգամ մը եւս օրակարգի վրայ բերաւ թիւ 150 բանաձեւը, ո՛չ մէկ առարկող ու ընդդիմացող եղաւ, բանաձեւը որդեգրուեցաւ շատ արագ, միաձայնութեամբ: Սա անկասկած որ պատմական իրագործում է եւ կարեւոր յաղթանակ մը՝ մեր Դատը յառաջ մղելու իմաստով:

ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱԼՈՒ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Զարմանալի չէ՞, որ ամերիկեան քաղաքական կեանքի այսօրուան պայմաններուն մէջ, երբ նախագահ Թրամփի յանցապարտութեան շուրջ բանավէճերը խոր երկփեղկում ստեղծած են խորհրդարանի զոյգ տուներուն մէջ, բեւեռացումներու տարած են քաղաքական բեմը, Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերը կ՛որդեգրուին գրեթէ ամբողջական միաձայնութեամբ:

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.- Ճիշդ է ձեր նկատողութիւնը, սակայն ձեր ընթերցողներն ու մեր ամբողջ ժողովուրդը պէտք է ծանօթանան Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն բնոյթին: Տասնամեակներէ ի վեր, մենք մեր հարցերը ներկայացուցած ենք «անկուսակցական» տրամաբանութեամբ. տասնամեակներ շարունակ մենք գործած ենք միշտ պատրաստ ըլլալու տրամաբանութեամբ: Այս ըսելով՝ ի մտի ունիմ երկու երես. մենք մեր Դատը կը հետապնդենք հեռու՝ քաղաքական ընթացիկ դաշտերու զարգացումներէն: Մեր Դատը հայկական գետնի վրայ կուսակցական հարց չէ: Թէեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եղած է մ ր Դատին գլխաւոր պաշտպանն ու դրօշակիր հետապնդողը, այսօր ալ ներշնչում կու տայ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն, սակայն հետապնդումը համահայկական տարողութիւն ունի եւ ամբողջ հայութեան հարցն է ներազգային գետնի վրայ:

Նոյն մօտեցումով՝ մեր Դատը փորձած ենք դուրս պահել ամերիկեան քաղաքական բանավէճերու դաշտէն: Աշխատած ենք այն տրամաբանութեամբ, որ մեր Դատը մարդկային իրաւունքներու հարց է, իրաւազրկուած, ցեղասպանութեան զոհ գացած, հող ու ժառանգութիւն կորսնցուցած ժողովուրդի հարց է: Այս տրամաբանութեամբ աշխատած ենք տեղական, նահանգային թէ համաամերիկեան մակարդակներու վրայ: Արդիւնքը եղած է այն, որ տարիներու ընթացքին, ամերիկեան նահանգներ ու քաղաքներ մէկ առ մէկ որդեգրած են Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւեր: Ըսել կ՛ուզեմ, աշխատած ենք «երկկուսակցական» զօրակցութիւն ա ահովելու մօտեցումով, մեր կողքին շահած ենք թէ՛ հանրապետականներ, թէ՛ դեմոկրատներ, որովհետեւ երկուքին մօտ ալ կայ մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան հետամուտ ըլլալու կամք, անկախ քաղաքական ծանօթ հաշիւներէ: Եթէ այս իրականութեան ծանօթ ըլլաք, այլեւս զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, որ երկու տուները առանց նկատառելի վէճի եւ միաձայնութեամբ, կամ փոքրաթիւ ընդդիմացողներով որդեգրեցին թիւ 296 եւ 150 բանաձեւերը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– …Սակայն մեր Դատը սկիզբէն ալ արդար դատ էր. ինչո՞ւ ուշացաւ այս որդեգրումը:

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Ճիշդ էք: Արդարութիւնը միշտ ալ մեր կողքին եղած է, մենք ալ արդարութիւն պահանջած ենք, շեշտած ենք, որ Ցեղասպանութիւնը միայն հայութեան դէմ չէ գործուած, այլ ամբողջ մարդկութեան, սակայն գիտէք նաեւ, որ երբեմն քաղաքական եւ այլ հաշիւներ կը ճնշեն արդարութեան ձայնը: Ինչպէս ըսի, Ուաշինկթընի մէջ կար Թուրքիան չվնասելու, Թուրքիան չնեղացնելու տրամաբանութիւն մը, սակայն քանի մը շարժառիթներ ի յայտ բերին, որ Միացեալ Նահագները այլեւս կորսնցնելիք չունի: Ռուսական գործօնը, քիւրտերու պարագան, «իսլամական պետութեան» զինեալներու ազատ արձակմ ն եւ նման իրականութիւններ ցոյց տուին այս երկրի ներկայացուցիչներուն, որ անվստահելի դաշնակից մը դաշնակից չէ:

Անկախ մեր հարցէն, ծանօթ էք, որ Թուրքիոյ նկատմամբ ամերիկեան կեցուածքին մէջ այլ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան: Օրինակի համար, նոյն օրերուն, Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրուեցան, այլ ժողովուրդներու ի նպաստ բանաձեւեր որդեգրուեցան Թուրքիոյ դէմ: Մեր Դատին պարագան լուսարձակներ գրաւեց, մենք յաջողութիւն արձանագրեցինք եւ աւելի յառաջ անցանք, քան ուրիշներ, որովհետեւ մենք, ինչպէս ըսի, աւելի՛ պատրաստ էինք եւ մեր ետին ունինք տասնեակներով տարիներու աշխատանք:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Կրնա՞ք որոշ ծանօթութիւն տալ այդ աշխատանքներուն մասին:

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Բացատրեմ պատկերով մը: Երբ կռիւի պիտի երթաս, մէկ օրէն չես կրնար պատերազմի դաշտ նետուիլ: Զինուորը պէտք է մարզուի, զէնքի վարժուի, կռիւի ձեւերը սորվի, գիտնայ: Մեր աշխատանքներն ալ այս տրամաբանութեամբ սկսած են տասնամեակներ առաջ: Մի՛ մոռնաք, որ մեր Դատին հետապնդումը ունի երկար պատմութիւն, սկսելով Ցեղասպանութիւնը կանխող տարիներէն, անդրանիկ Հանրապետութեան անկումին յաջորդած փուլերէն, մինչեւ ՄԱԿի կազմաւորումը, տարբեր երկիրներու, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու կազմութեան հանգրուանները: Յիշ տակեմ, օրինակի համար, որ քանի մը օր առաջ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ մահացաւ մեր ընկերներէն Խաժակ Սարգիսեանը. ան եւ նմաններ մեծ դեր ունեցած են մեր աշխատանքներուն սկզբնաւորման ու տարածման մէջ, բացած են ներկայացուցիչներու եւ պետական այլ մարդոց հետ հանդիպումներու ճամբան:

Սկզբնական քայլերէ ետք, Հայ Դատի յանձնախումբերուն աշխատանքը աւելի քան 10 տարի առաջ թեւակոխեց կառուցային գործելաձեւի փուլը: Սա մէկ քայլ անդին է, քան լոպիիստական աշխատանքները, զորս մէկդի չենք ձգած յամենայնդէպս:

ԿԱՌՈՒՑԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Կրնա՞ք մանրամասնել, թէ ի՛նչ պէտք է հասկնալ կառուցային աշխատանք ըսելով:

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Սա հետեւողական աշխատանքի՝ նախկինէն տարբեր ձեւ մըն է եւ կը նպատակադրէ ստեղծել մասնագէտ աշխատողներու ընդարձակ ցանց մը, ենթակառոյց մը: Հաւանաբար մարդիկ զարմանան, եթէ ըսեմ, որ Ուաշինկթընի, Արեւելեան ու Արեւմտեան շրջանին մէջ մեր յանձնախումբերը կը գործեն հազիւ տասնեակ մը գործիչներով: Այս իմաստով, որակական յառաջդիմութիւն մը արձանագրեցինք շուրջ 10 տարի առաջ, երբ Ուաշինկթընի մէջ ունեցանք մեր սեփական՝ Հայ Դատի գրասենեակը: Անիկա թէ՛ քաղաքական շրջանակին եւ թէ պարզ անցորդներու աչքին մնայուն ներկայութիւն մըն է: Երբեմն մարդի այդ գրասենեակը կը շփոթեն Հայաստանի դեսպանատան հետ, որ քիչ մը անդին է… Տարիներէ ի վեր, ստեղծած ենք վարժողական խմբակներ: Եթէ մամուլին կը հետեւիք, գիտէք, որ երիտասարդներ կը ներգրաւուին մեր գրասենեակներու աշխատանքներուն, կը ծանօթանան քաղաքական գործին, քաղաքական մարդոց, որոշ վարժութիւն ու փորձառութիւն ձեռք բերելէ ետք՝ փափաքողներ աշխատանքի կ՛անցնին կառավարական կամ քաղաքական գրասենեակներու մէջ, կը դառնան Հայ Դատի յանձնախումբերու իրողական գործակիցները. կը հետեւին առօրեայ դէպքերու, անուղղակի կերպով մեր ձայնն ու ձեռքերը կը դառնան պետական ու ք ղաքական շրջանակներու մէջ, իրենց գործին կողքին՝ կը նպաստեն մեր Դատին ի խնդիր աշխատանքներուն: Այդպիսի աւելի քան 60 աշխատող ունինք արդէն: Անոնք կարեւոր աշխատանք տարին եւ կը տանին այս ու նմանօրինակ բանաձեւերու ենթահող պատրաստելու համար:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Իսկ պիւտճէ՞ն…

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կը գործեն շատ սեղմ պիւտճէով: Վստահ եմ գիտէք նաեւ, որ անիկա կը գոյանայ հասութաբեր՝ տարեկան եւ այլ ձեռնարկներու ճամբով. մեր կողքին չունինք պետական կամ այլ նպաստներ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Իսկ Թուրքիա՞ն…

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– (Լայն ժպիտով մը) Թուրքիոյ հակահայ քարոզչութեան ու լոպիինկի աշխատանքներուն իսկական պիւտճէն երբեք ալ կարելի չէ գիտնալ: Ինչ որ գիտենք, այսինքն՝ կատարած հրապարակային ծախսերէն դատելով, կրնանք ըսել, որ Թուրքիա տարեկան կը տրամադրէ մեր գործածածին առնուազն 10-15 անգամը աւելի մեծ գումարներ: Ստուգած ենք, որ տարեկան առնուազն 50 կամ աւելի միլիոն տոլար կը ծախսեն Ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ այս իմաստով հակահայ քարոզչութիւն յառաջ տանելու համար: Կան նաեւ «գաղտնի» պիւտճէներ: Ծանօթ է, որ ամերիկեան ընկերութիւններ եւ զինական ճարտարարո եստը գործակցութեան դաշտեր ունին Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու հետ: Այդ ընկերութիւնները, նա՛եւ քաղաքական նկատումներով, յաճախ որոշ պայմանագրութիւններ կը կնքեն Թուրքիոյ հետ, եւ կարելի չէ ստուգապէս ըսել, թէ Թուրքիա նման գործառնութիւններու ճամբով քանի՛ հարիւր միլիոն կամ միլիառ տոլարի շահ կ՛ապահովէ: Այդ բոլորը կը մտնեն Թուրքիոյ հակահայ աշխատանքներու անուղղակի՝ «գաղտնի» պիւտճէին մէջ, որովհետեւ, ինչպէս որ մարդս կրնայ հետեւցնել, այդպիսի ընկերութիւններ իրենց կարգին Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիինկ կ՛ընեն, դիրք կը ճշդեն եւ ազդեցութիւն կը բանեցնեն պետական արդոց վրայ: Աւելի չմանրամասնեմ, որովհետեւ պատկերը յստակ է:

Հակառակ այս անհաւասար պատկերին, հակառակ մեր պիւտճէի ու անձնակազմի սահմանափակութեան, կը տեսնէք, որ ինչպիսի՛ արդիւնքներու կը հասնինք, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, մեր աշխատանքը երկարաշունչ եւ օրէ օր աւելի՛ մասնագիտական մակարդակի վրայ կը տանինք, մենք մեզ յարատեւօրէն կը պատրասենք ու դրական զարգացումներու դիմաց պատրաստ վիճակի մէջ կը պահենք: Արհեստավարժութիւնը այսպէ՛ս կը պահանջէ: Մեր փորձառութիւնները նոր դասեր կու տան մեզի: Ի վերջոյ, մենք վստահ ենք, որ արդարութիւնը մեր կողքին է:

ԶՕՐԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԿԸ. ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Ճիշդ հասկցա՞նք, որ այս ամբողջ աշխատանքը կը կատարուի նուազ քան 100 գործողներու միջոցով:

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Ձեւով մը՝ այո, սակայն մի՛ անտեսէք, չենք կրնար մոռնալ մեր հսկայական բանակը, որ կազմուած է մեր ժողովուրդի հարիւր-հազարաւոր զօրակիցներէ: Մեր ժողովուրդը, իր բոլոր հոսանքներով, յարանուանութիւններով ու տարբեր տարիքի անդամներով, մեր կողքին է միշտ: Երբ որոշ աշխատանքի լծուած ենք, տասնեակ հազարաւորներ կ՛ընդառաջեն մեր կոչերուն, կամաւորներ ձեռք կ՛երկարեն մեզի, նամակներով ու ե-նամակներով կը մասնակիցին մեր աշխատանքներուն: Չմոռնանք նաեւ նոյն խրամատներուն մէջ գործող հայկական այլ միաւորներ ու կազմակերպութիւններ, որոնց ճիգերը րհամարհելի չեն, բոլորիս ձեռքերը կը միանան իրարու:

Շեշտեմ. Հայ Դատի գործը հատուածական կամ մասնակի գործ չէ, այլ կը կատարուի ի խնդիր մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին ու մեր հաւաքական իրաւունքներուն: Երբ Հայ Դատի յանձնախումբը յաջողութիւն մը արձանագրէ, անիկա ամբողջ հայութեան համար յաջողութիւն է: Այս իրականութիւնը մենք գործնապէս տեսանք, երբ ամբողջ հայութիւնը, բոլոր մակարդակներով ողջունեց այս յաղթանակը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Հայութենէն դուրս գործակիցնե՞ր…

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Բնականաբար ունինք ճակատագրակից ժողովուրդներու զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը, եւ՝ փոխադարձաբար: Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանական ոճիրներու զոհ գացած են յոյներ, ասորիներ, կիպրացիներ, քիւրտեր եւ այլն: Քանի մը տարի առաջ կազմուեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպան խմբակը: Իւրայատուկ պարագայ մըն ալ յիշեմ: Ամերիկեան բանակի նախկին զինուորականներ, որոնք Միջին Արեւելք գործուղղուած են ու ականատես եղած են իսլամ ծայրայեղականներու դէմ քիւրտերու մղած պատերազմներուն՝ ամերիկեան բանակին կողքին, հիմա ձեւով մը դաւաճանութե ն զոհ կը նկատեն քիւրտերը եւ բացասական տրամադրութեամբ կը դիտեն քիւրտերուն հանդէպ Թուրքիոյ վարմունքը:

Մեր կողքին ունինք նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կամակերպութիւններ, ոչ-կառավարական միաւորներ եւ այլք, որոնք զօրակից են մեր արդար Դատին:

ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Խօսինք նաեւ թրքական հակազդեցութեան մասին, որ, ինչպէս նման պայմաններու մէջ՝ եղաւ ջղագարութեան դրսեւորում, սպառնալիքներ ուղղուեցան Միացեալ Նահանգներուն եւ այլ դաշնակիցներու…

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Թրքական հակազդեցութիւնը նորութիւն չէ մեզի համար: Ամէն անգամ որ երկիր մը՝ ժողովուրդին ներկայացուցիչը եղող խորհրդարան մը, կառավարութիւն մը կը կանգնի արդարութեան կողքին, Թուրքիոյ պետական վարիչները ծայրայեղական դրսեւորումներ կ՛ունենան, կը խօսին սպառնալիքներու լեզուով: Ասոր դիմաց, աշխարհը կը տեսնէ, որ այսօ՛ր ալ ցեղասպանական արարքներ տեղի կ՛ունենան, հետեւաբար, նման արարքներու հանդէպ հայեցակէտի որոշ փոփոխութիւններ կ՛արձանագրուին. այս բոլորը նպաստ կը բերեն մեզի:

Կայ նաեւ այլ գիծ մը, որուն կ՛անդրադառնան Միացեալ Նահանգները եւ արեւմուտքցի այլ դաշնակիցներ: Չէ մոռցուած, որ Թուրքիա անցեալ դարու 20ական տարիներէն մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի սկզբնական օրերը, դաշնակից-գործակից էր համայնավար կայսրութեան, յետոյ, որոշ օգտակարութիւն ունեցաւ նացիներուն: Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, Ռուսիա՝ այդ օրերու Խորհրդային Միութիւնը, պատժական տրամադրութիւններ ունէր Թուրքիոյ հանդէպ. Կարս-Արտահանի եւ նեղուցներու հարցին պատմութիւնը ծանօթ է: Պատերազմին աւարտէն ետք, Թուրքիոյ հակազդեցութիւններէն մէկն էր ՆԱԹՕին անդամակցիլը, որպէսզի մ նէ Արեւմուտքի պաշտպանութեան հովանոցին տակ եւ ձերբազատի, ի միջի այլոց, Կարսն ու Արտահանը զիջելու ընտրանքէն:

Այսօր, Թուրքիա ՆԱԹՕի ամէնէն հզօր անդամներէն մէկն է ու ամերիկեան զինուորական կարողութիւններու իմաստով՝ կարեւոր յենակէտ մը: Թուրքիոյ մէջ հաստատուած է ամերիկեան հիւլէական զէնքերու երկրորդ մեծագոյն պահեստը: Նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ, մտավախութիւններ կը զարգանան, որ Թուրքիա կրնայ տիրանալ այդ ռումբերուն: Սա սպառնալիք կրնայ ըլլալ նաեւ Հայաստանին:

ՅԱՋՈՐԴ ՔԱՅԼԵՐԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Եթէ նայինք դէպի ապագայ, թիւ 296 եւ 150 բանաձեւերուն որդեգրումէն ետք, մեր օրակարգը ի՞նչ ուղղութիւն կը ստանայ: Այս բանաձեւերը ի՞նչ դաշտեր կը բանան:

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Առաջին հերթին, պէտք է աշխատինք, որպէսզի նախագահն ու գործադիրը ձայնակցին ամերիկեան խորհրդարանին: Պէտք է վերջ գտնէ «Մեծ Եղեռն» արտայայտութիւնը եւ ոճիրը կոչուի իր իսկական անունով՝ Ցեղասպանութիւն:

Այս որոշումները մեր ձեռքերը աւելի ազատ կը դարձնեն ու կը զօրացնեն, որպէսզի իրաւական ու Ցեղասպանութեան ծանօթացման աշխատանքները տարածենք դէպի նոր դաշտեր: Օրինակի համար, Թուրքիոյ հետ գործակցական կապերը կրնանք սեղմումներու ենթարկել: Արդէն այդ ուղղութեամբ աշխատած ենք եւ որոշ յաջողութիւններ ձեռք բերած, սակայն ասկէ ետք այս բանաձեւերը աւելի լայն յենարան կը տրամադրեն մեզի:

Բնականաբար ամէնէն կարեւոր թիրախը Թուրքիան է, որուն շուրջ օղակը պիտի կարենանք աւելի՛ եւս սեղմել: Ծանօթ է, որ մեր աշխատանքներուն եւ գործակից-զօրակիցներուն շնորհիւ, յաջողած ենք խզումներ ու դանդաղումներ բերել Թուրքիոյ հետ առեւտրական ու տնտեսական գործակցութեան մարզերու մէջ: Այս գետնին վրայ եւս նորագոյն բանաձեւերը մեզի նոր յենարան կը տրամադրեն:

Այս ու նման բանաձեւեր նաեւ կը նպաստեն, որ Թուրքիոյ դէմ դատեր բանանք միջազգային ատեաններու մէջ, ամերիկեան, եւրոպական թէ այլ դատարաններու մէջ. դատեր, որոնք հետապնդեն անհատական ու հաւաքական կորուստներու վերականգնումը, հատուցումը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.- Կրնա՞ք մանրամասնել:

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Անհատական գետնին վրայ՝ անհատ հայերու ունեցած կորուստներուն հետապնդումը. կալուածներ, ստացուածքներ եւ այլն: Սա նորութիւն չէ, սակայն յաւելեալ թափ կրնայ ստանալ: Նմանապէս՝ հաւաքական իրաւունքներ. ունեցած ենք դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ ազգապատկան կալուածներ, որոնք խլուած են ու կրնան դատական հետապնդումներու դաշտեր ստեղծել: Հոս ալ նպաստաւոր նախընթացներ ունինք: Շուրջ հինգ տարի առաջ, այս երկիրն մէջ որդեգրուեցաւ օրէնք մը, որ Թուրքիայէն կը պահանջէ փոքրամասնութիւններէ բռնագրաւուած կալուածներ, եկեղեցիներ վերադարձնել սկզբնակ ն տէրերուն: Թուրքիոյ կառավարութիւնը հարկադրուեցաւ քանի մը տասնեակ եկեղեցիներ վերադարձնելու, սակայն ատիկա միայն սկիզբն է:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Մեր ընդհանրական Դատը միայն եկեղեցիի եւ համայնքապատկան կալուածի հարց չէ, այլ կայ գրաւուած հայրենիքի՛ն հարցը…

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Ճիշդ է: Սակայն հոն արդէն պէտք է խօսիլ պետական աշխատանքի դաշտին մասին: Հայ Դատի յանձնախումբը իրաւասու չէ միջազգային իրաւական ատեաններ դիմելու՝ բռնագրաւուած Հայաստանի վերատիրացման նպատակով: Ատիկա միջազգային հարց է, միջպետական: Նման դատ կրնայ հետապնդել պետութիւն մը, այսինքն՝ Հայաստանի պետութիւնը, միջազգային մակարդակի վրայ: Կը յուսանք, որ այս յաղթանակները մեր հայրենի պետութեան ալ ենթահող հայթայթեն, միջազգային ատեաններու մօտ Թուրքիոյ դէմ դատ բանալու եւ իրաւունք հետապնդելու համար: Հայաստան ՄԱԿի անդամ է, Հայ Դատ յանձնախումբը կրնայ անվերապահօրէն զօրակցիլ նման դատի մը:

Հայաստան ցարդ առաւելաբար իր դիմաց ունի ապահովութեան հարց: Գիտենք. շրջապատուած ենք թշնամիներով, որոնք ամէն ճիգ կ՛ընեն մեզ խեղդելու համար: Կը տեսնենք նաեւ, որ ՆԱԹՕի դաշնակից Թուրքիան ինչպէ՛ս կը գործածէ իր խաղաքարտերը եւ մօտիկութիւն կը խաղայ Ռուսիոյ հետ, որ որոշ մտահոգութիւն կը պատճառէ նաեւ մեզի:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.– Մեր մօտ նման զարգացումներ երբեմն կը ստեղծեն անյուսութեան տրամադրութիւններ: Մտածում կը զարգանայ, թէ նման բանաձեւեր ձեւական են, մեր Դատը շատ մեծ պատնէշներու դիմաց կը կանգնի եւ անյաղթահարելի դժուարութիւններ ունինք մեր ճամբուն վրայ: Պէ՞տք է ստորագնահատենք մեր յաղթանակները եւ անկարելի սեպենք մեր Դատին կենսագործումը:

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.– Մեր աշխատանքները երբեք դիւրին չեն եղած: Միշտ աշխատած ենք հոսանքին դէմ: Եթէ այս բանաձեւերուն որդեգրումը կարեւոր իրագործում է, պէտք չէ մոռնանք կամ անտեսենք այլ իրագործումներ եւս: Յիշեցնեմ քանի մը օրինակ. քանի մը տարի առաջ, ամերիկեան կառավարութիւնը միջին արեւելեան դէպքերու լոյսին տակ հրապարակեց երկիրներու ցանկ մը, որոնք «իսլամական» էին եւ կը նկատուէին ծայրայեղականներու նպաստող երկիրներ: Այդ ցանկին մէջ, չես գիտեր ինչպէս, արձանագրուած էր նաեւ Հայաստանի անունը: Մեր արագ աշխատանքին եւ բարեկամներուն մօտ միջամտութեան նորհիւ, երեք օր ետք Հայաստանի անունը դուրս բերուեցաւ այդ ցանկէն: Նմանապէս յաջողութիւններ իրագործուած են Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ յատկացումներու ոլորտին մէջ: Քանի մը տարի առաջ, Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուէր իրենց ժամանակավրէպ դարձած կարգ մը զէնքերը, մասնաւորաբար ծովուժին պատկանող նաւեր նուէր տալ Թուրքիոյ, իբրեւ թէ Իրաքի ու Իրանի դէմ անոր պաշտպանողականը զօրացնելու համար: Մեր բարեկամներէն՝ Պրետ Շըրմընն էր, որ յիշեցուց, թէ Թուրքիա ծովային սահման չունի Իրաքի ու Իրանի հետ: Նուէրը չիրականացաւ:

Մեր յաջողութիւններուն շարքին էին այն արգելակումները, որոնց ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանին ամերիկեան զէնքի վաճառքը՝ ամբող 9 տարի: Յաջողութիւններ արձանագրած ենք Արցախի ի նպաստ բանաձեւերու որդեգրման մէջ: Հայ Դատը կը նպաստէ, որ զինուորին կողմէ շահուածը պահպանուի: Այս բոլորը կը նշանակեն, որ Հայ Դատ ըսելով միայն Ցեղասպանութեան ճանաչում չենք հասկնար, իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն առաջին քայլն է:

Գալով մեր Դատի վախճանական յաջողութեան, այսինքն, մեր հողային եւ այլ իրաւունքներու վերականգնումին, կրնամ մէկ բան ըսել. մենք 100 առ հարիւր կարելիութիւնը ունինք վերատիրանալու մեր բոլոր իրաւունքներուն, այնքան ատեն որ համոզուած ենք, թէ արդար դատ մը ունինք եւ չենք հրաժարիր անոր տէր կանգնելէ: Հաւանաբար մտածենք, որ այդ իրագործումը այսօր-վաղը կրնայ չիրականանալ, սակայն ապագային անպայման որ իրականանալի է. եթէ մենք չհասնինք հոն, մեր զաւակները, յառաջիկայ սերունդները պիտի հասնին: Քանի մը տասնեակ տարի առաջ անկարելի նկատուած շատ բան այսօր իրականացած է, կը նայ, որ տեսնենք, համոզուինք եւ նոր սերունդներն ալ աշխատանքի լծենք նոյն կամքով:

Այս դաշտին մէջ, Հայաստանն ալ անշուշտ ունի ի՛ր դերն ու բաժինը, թէեւ ընդհանրապէս կ՛ըսուի, որ մեր Դատը հիմնականին մէջ Սփիւռքի հայութեան կը վերաբերի, Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայութիւնն էր, որ Ցեղասպանութեան մատնուեցաւ ու անոր հողերը խլուեցան, սակայն մեր Դատը ամբողջ հայութեան դատն է, ինչպէս որ այսօրուան Հայաստանը ամբողջ հայութեան հայրենիքն է, Արցախի դատը նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան դատն է:

Քիչ առաջ ըսի. Հայաստան այսօր շրջապատուած է թշնամիներով ու ապահով չի զգար: Այս վիճակը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ մեր թշնամիները չեն ընդունիր իրենց գործած ոճիրը, չեն մտածեր սխալները սրբագրելու մասին:

Ակնարկեցի նաեւ, որ յաջորդ փուլին, կրնանք Թուրքիոյ դէմ դատական հարցեր յարուցել: Նման աշխատանք բնականաբար նեղ կացութեան պիտի մատնէ Թուրքիան, որ ինքզինք պիտի գտնէ աւելի ծանր՝ անբնական վիճակի մէջ: Թուրքիոյ համար ալ նպաստաւոր է դուրս գալ անբնական վիճակէն, ձեւեր որոնել դրացիներուն հետ հաշտ գոյակցութեան եւ խաղաղ վիճակ ստեղծելու: Ըսել կ՛ուզեմ, հարցերը պէտք չէ դիտենք միայն հայկական դժուարութեանց անկիւնէն, այլ նաեւ տեսնել, թէ Թուրքիա եւս կրնայ նեղ կացութեան մատնուիլ, եւ մենք կրնանք գործակիցներու հետ ծանրացնել նման նեղ վիճակներ: Այսօրուան դրութեա բ, Թուրքիա արդարութեան ուղղութեամբ քայլ առնելու մասին չի կրնար մտածել նա՛եւ այն պատճառով, որ բազմատասնեակ տարիներու իր քաղաքականութեան, ներքին քարոզչութեան եւ սուտ դաստիարակութեան պատճառով, նման քայլ իշխանութեան դէմ պիտի հանէ ժողովուրդը…

Երկար ժամանակի վրայ, Թուրքիա պիտի հասկնայ, պէ՛տք է հասկնայ, որ չի կրնար ընդմիշտ խաղաղ ու բնական պայմաններու հասնիլ՝ ուրիշներէ իր խլածներուն վրայ «նստած մնալով»: Այս իմաստով, մենք առանձին չենք, մեր կողքին ունինք յոյները, կիպրացիները եւ այլ դրացիներ: Հետեւաբար, դատական հետապնդումներով պէտք է Թուրքիան պաշարումի ենթարկել ամերիկեան, եւրոպական ու միջազգային ատեաններու մէջ: Արդէն կը խօսինք աշխատանքի շատ ընդարձակ եւ մասնագիտական դաշտերու մասին, որոնց սկզբնաւորութեան կանգնած ենք:

Այս բոլորով, ըսել չեմ ուզեր, որ մեր տեսադաշտէն պէտք է ամբողջովին դուրս ձգենք աննպաստ հաւանականութիւնները: Այսօրուան աշխարհին մէջ, պետական շահերու, մրցակցութիւններու եւ գործակցութիւններու կողքին, չենք կրնար անտեսել այդ պետութիւններուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող գործարար մեծ ընկերութիւնները, որոնք երբեմն սահմաններ չեն ճանչնար:

Վերջացնելու համար ըսեմ, որ նորագոյն պատմութեան մէջ այս իմաստով նախընթացներ կան միջազգային բեմին վրայ: Հարաւային Ափրիկէի պարագան ամէնէն պարզ օրինակներէն մէկն է, եւ այսօր գիտենք, թէ ցեղային խտրականութեան դէմ պայքարին վախճանը ի՛նչ եղաւ: Անշուշտ սա բաղդատելու մօտեցումով չեմ ըսեր, որովհետեւ որեւէ դատ կարելի չէ բաղդատել այլ դատերու հետ եւ հետեւութիւններ հանել. այլ ըսել կ՛ուզեմ, որ մեր իւրաքանչիւր իրագործումէ ետք նոր սորվելիքներ ունինք:

Չմոռնանք, որ Ցեղասպանութեան 50ամեակէն ետք էր, որ մեր առաջին քայլերը առինք մեր Դատը միջազգային շրջանակներու մէջ օրինական եւ իրաւական միջոցներով հետապնդելու համար: Անկախութեան կորուստէն ետք, թէեւ միջազգային բեմէն բոլորովին չէինք հեռացած, սակայն պարտադրաբար որոշ մեկուսացումի մատնուած էինք՝ պետական յենարանէ զրկուած ըլլալով: 50ամեակէն ասդին բաւական ճամբայ կտրած ենք, դեռ բաւական ճամբայ ալ ունինք մեր առջեւ: Այդ ճամբան պիտի շարունակենք առանց վհատելու, ո՛չ ալ պիտի յուսալքուինք, եթէ մեր կամքէն անկախ՝ ակամայ նահանջներու մատնուինք:

Վարեց՝ Ս. Մահսէրէճեան

«Ասպարէզ»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031