Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Եթէ նման ծանծաղամիտ արարքներ գործողներէն մէկ քանին պատասխանատուութեան կանչուին, հաւանաբար սա իբրեւ զգաստութեան կոչ պիտի հնչէ շատերու ականջին. «Եռագույն»

Հունվար 08,2020 14:45

Հայաստանի զանգուածային լրատուական միջոցները՝ թերթեր, պատկերասփիւռի կայաններ եւ այլք, միաձայն արձագանգ եղան այն լուրին, որ օր մը առաջ հրապարակուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ՝ կեղծ անունով դիմատետրեան էջի մը տիրոջ ձերբակալման մասին։ Կարճ՝ ձերբակալուած էր անանուն երիտասարդ մը, որ իր դիմատետրին ճամբով լուր տարածած էր, թէ Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորական նամակ մը յղած է Սպիտակ տան պետին ու զայն շնորհաւորած՝ Իրանի զինուորական գերագոյն հրամանատարին սպանութեան արարքին առիթով։

Լուրին հետեւեցան պետական մարդոց հերքումի յայտարարութիւնները եւ հետեւանքներուն դարմանումին ձգտող՝ միջ-կառավարական հաղորդակցութիւններ, որովհետեւ մասնաւորաբար ազերիական եւ այլ աղբիւրներ իբրեւ ճշմարտութիւն ընդունած էին այդ կեղծիքը եւ զայն լծած էին Հայաստանի դէմ իրենց քարոզչութեան սայլին (սա արդէն առանձին մեկնաբանութեան նիւթ է)։ Ձերբակալեալ երիտասարդը խոստովանած է, թէ չէր կրնար երեւակայել, որ իր տարածած սուտ տեղեկութիւնը կրնար մեծապէս վտանգել Հայաստանի ապահովութիւնը, ալ ի՜նչ խօսք՝ դրացիներուն հետ յարաբերութեանց վրայ անոր անդրադարձին մասին։

Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ արարքին հետեւանքներուն վնասազերծումը ըստ բաւականին յաջողած է, ինչ որ գոհունակութիւն կը պատճառէ որեւէ հայու, ի՛նչ դիրքի վրայ ալ որ կանգնած է ան՝ իշխանութիւն, իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր։ Նման խաղքութիւններու դիմաց, ողջմիտ հայը, բանական ոեւէ մարդ արարած չի կրնար երկու կարծիք ունենալ։

***

Այս դէպքին լոյսին տակ, կ՛արժէ վեր առնել քանի մը կէտ, մտահոգութիւն։

Ողջունելի է ԱԱԾ-ի ճիգը, հետապնդելու եւ շուտափոյթ կերպով քողազերծելու յանցագործը, որ յայտնապէս անուղեղ անձ մըն է, անկարող՝ կշռադատելու որեւէ նպատակի չծառայող նմանօրինակ ստայօդ լուրի մը տարածման հետեւանքները։

Միւս կողմէ, սա մտածել կու տայ դէպքի զարգացման հետեւողին, որ ԱԱԾը, ուրեմն, կարողութիւնը ունի հետապնդելու եւ քողազերծելու եթէ ոչ բոլոր, այլ գոնէ նման ստապատիր տեղեկութիւններ տարածողներուն որոշ մէկ մասը, եւ այս անանուն երիտասարդին նման՝ օրէնքին առջեւ կանգնեցնելու զայն։ Բոլորս ալ մտահոգութեամբ կը հետեւինք համացանցն ու մասնաւորապէս դիմատետրեան էջերը վարակող ախտերուն, որոնք հիւանդագին վիճակի մատնած են նա՛եւ մեր հայրենի աշխարհը, իր հայաստանեան ու սփիւռքեան տարածքներով, օր ըստ օրէ խորացնելով խմբաւորումներու միջեւ, անգա՛մ նոյն ճակատէն ներս ստեղծուած վիհերը…

Եթէ նման ծանծաղամիտ արարքներ գործողներէն մէկ քանին պատասխանատուութեան կանչուին եւ արժանանան համապատասխան պատիժներու, հաւանաբար սա իբրեւ զգաստութեան կոչ պիտի հնչէ շատերու ականջին։ Այս երիտասարդին ըրածը, ճիշդ է, տարբեր բնոյթ ունի, սակայն ոչ մէկ տարակոյս, որ վերջին տարիներուն հայհոյախառն ու ստապատիր «երկխօսութիւնները» նոյնքան վնասակար են, եւ խելամիտ մարդիկ ու կազմակերպութիւններ քանիցս ահազանգ հնչեցուցած են առանց շօշափելի արդիւնք գտնելու։

Բնականաբար մտածող պիտի ըլլայ, որ մինչեւ իսկ պետական ու քաղաքական մարդիկ պէտք է հաշուետուութեան կանչուին, որովհետեւ անոնք զերծ չեն նման փորձութիւններէ եւ ճամբայ կը բանան տղայամիտներու դիմաց, ուրեմն, հարց է թէ ո՛վ պիտի կատարէ նման խիզախ գործ…

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031