Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Սահակ եպիսկ. Մաշալեանի նոր հարցազրոյցը թուրք մամուլին. «Հայկական սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի»

Հունվար 04,2020 19:35

«Նոր Հառաջ». Թուրքիոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք Սահակ եպիսկ. Մաշալեան նոր հարցազրոյց մը տուած է թուրք մամուլին, այս անգամ՝ «Աքշամ»-ին։ Թերթը Յունուար 2-ի իր թիւին առաջին էջին ճակտին, մեծ տառերով ծանուցած է հարցազրոյցը, զոր խորագրած է Սահակ եպիսկոպոսի խօսքերէն՝ «Սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է» մէջբերումով։

Արդարեւ նորընտիր պատրիարքը ըսած է. «Հայկական սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի: 1915-ի եւ յաջորդող յիշողութիւնը սերունդէ-սերունդ փոխանցած են: Անոնք ալ նայած են, որ այս խնդիրը առնուազն կ՚ապահովէ միութիւն մը, եւ ստեղծած են ժխտական հաւաքական գիտակցութիւն մը: Ողբերգութեան վրայ հիմնուած հաւաքական գիտութիւն մը ստեղծուած է: Չեն ուզեր այդ բանը կորսնցնել: Իսկ մենք այդ դէպքերէն վերջ մնացինք այս հողերուն վրայ: Մենք ընտրեցինք միւս տարրերուն հետ ապրիլ միասնաբար: Սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է»:

Սահակ եպիսկ. վստահաբար լռելեայն ակնարկ կատարելով սփիւռքեան ղեկավար մարմիններուն եւ բաղդատելով Սփիւռքահայութեան հասարակ խաւը անոր հետ, նաեւ ըսած է. «Իրականութեան մէջ ժողովուրդը շատ աւելի մեղմ է: Ապրիլ 24-ին կը յիշեն եւ կը մոռնան մինչեւ յաջորդ Ապրիլ 24-ը»: Սահակ եպիսկ. նաեւ շեշտած է, որ Թուրքիոյ Հայութեան եւ Սփիւռքահայութեան՝ Իսլամի ըմբռնումն ալ բոլորովին տարբեր է։

Նորընտիր պատրիարքը Թուրքիոյ Հայոց ժողովրդագրական պատկերին մասին ալ խօսած է. «Մեր բնակչութիւնը 50-60 հազար է: Բնակչութեան նուազումը ունի երկու պատճառ, որոնցմէ մին կախում ունի մեզմէ: Սա մահերու եւ ծնունդներու համեմատութիւններու տարբերութիւնն է: Մինչ ծնունդներու տոկոսը 1,2% է, ունինք մահերու 2,6%-ի տոկոս: Չենք բազմանար: Կան ոմանք, որոնք յոյս դրած են արտասահմանի վրայ, երբ առիթը գտնեն՝ կը մեկնին: Համալսարանական մեր երիտասարդները խառն ամուսնութիւններ կը կնքեն: Այս ալ պակսելու պատճառ մըն է: Մարդիկ կը սահին դէպի ընդհանրացած մշակոյթը: Ես Պայրամփաշայի մէջ մեծցայ եւ թաղի միակ հայ ընտանիքը մենք էինք: Կ՚ապրէինք առանց կրօնի խնդրի: Այսինքն ժողովուրդները իրարու հետ հարց չունին: Մենք մեծցանք օրը հինգ անգամ էզան (մզկիթէն բարձրաձայն կարդացուած աղօթք – «ՆՅ») լսելով”, ըսած է ան:

Ըստ Մաշալեանի, երկրին փոքրամասնութիւնները՝ AKP-ի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր կ՚ապրին իրենց ամենէն հանգիստ շրջանը. «Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութիւնները համամիտ են, թէ մենք մեր ամենահանգիստ շրջանը կ՚ապրինք AKP կուսակցութեան իշխանութեան օրօք: Մասնաւորապէս 2008-ին Վաքըֆներու օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը շատ կարեւոր էր մեզի համար: Մենք մնացած ենք 2 հազար Յոյն, 50 հազար Հայ, 10 հազար Հրեայ եւ 8 հազար Ասորի։ Մենք երկրի ընդհանուր բնակչութեան մէկ հազարերորդը կը կազմենք, սակայն փոքր ըլլալ չի նշակեր անարժէք ըլլալ: Փոքրամասնութիւններու խնդիրը օսմանեան շրջանէն ի վեր Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար օգտագործուած նիւթ մը դարձած է: Մենք չենք փափաքիր, որ այս հարցին պատճառաւ Թուրքիա համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ վնաս կրէ: Մենք այս երկրի քաղաքացիներն ենք, այս երկրին հասցէին որեւէ խօսք մեզ ալ կը վիրաւորէ: Գոհ ենք պետութեան հետաքրքրութենէն: Մեր Հանրապետութեան նախագահը հանգիստ հասանելի է մեզի համար: Նախարարներ յաճախ կը փութան մեր այցելութեան, մեր կուսակալը մշտապէս հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ մեզի հանդէպ», նշած է ան։

Սահակ եպիսկ. անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարին վերջերս կատարած կարեւոր մէկ խոստումին, որ կը վերաբերի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Թուրքիոյ մէջ գործող 38 եկեղեցիներու (33-ը՝ Պոլսոյ, 5-ը՝ գաւառի մէջ) ղեկավարման միասնական համակարգի մը ստեղծման։ Նշենք, որ իրաւաբանական կարգավիճակի հարցեր կան, որոնք ներկայիս կը խոչընդոտեն այդ մէկը։ Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարը խոստացած է հարցը լուծելու համար երկու կողմերուն՝ Պետութեան եւ Պատրիարքարանին յարմար կարգադրութեան եզր մը գտնել։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031