Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:
Արդարեւ, անցեալէն՝ ապագային եւ հինէն՝ նորին անցնելու սա պահը մեզ կը հրաւիրէ ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան եւ ապա՝ ապագայատեսիլ ոգիով ճշդելու մեր ազգն ու հայրենիքը առաւել հզօրացման առաջնորդող ճամբան:
Կը գտնուինք մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռադրոշմ հանգրուանին: Եկէք իրապաշտ մօտեցումով դիտենք մեր շուրջը.
– Մեր ժողովուրդի արիւնով ազատագրուած Արցախը միշտ ենթակայ է պատերազմի վտանգին:
Կարդացեք նաև
– Հայաստանը կարիքը ունի իր պետական կառոյցներու եւ օրէնքի գերակայութեան առաւել ամրապնդման ու տնտեսութեան զարգացման:
– Բազմազան ու այլազան մարտահրաւէրներով շրջապատուած Սփիւռքը, հակառակ իր հայապահպանման ամէնօրեայ պայքարին, հետզհետէ կը գունաթափի:
Այս կացութեան դիմաց, իրաւունք չունինք յուսահատելու կամ անտարբեր մնալու: Պէտք է մերժենք պարտուողականութեան որեւէ մտածում կամ մօտեցում: Պէտք է պայքարի՛նք: Այսպէ՛ս եղած է մեր ողջ պատմութիւնը: Պէտք է պայքարի՛նք՝ հաւատքով կռանուած, յոյսով գօտեպնդուած ու միասնականութեամբ զօրացած: Այս է մեր ազգին պաշտպանութեան ամուր վահանը: Ա՛յս է մեր ազգին յաղթանակի ճամբան:
Հետեւաբար, բացուող Նոր Տարուան սեմին, հաւատարիմ մեր պապերու ուխտին ու մեր պատմութեան ձայնին, եկէք, ժողովո՛ւրդ հայոց.
– Առաջին, վերահաստատենք մեր անխախտ հաւատարմութիւնը՝ մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն եւ մեր ազգին գերագոյն իղձերուն:
– Երկրորդ, հեռու մնանք ներքին բեւեռացումներ յառաջացնող մտածելակերպերէ ու գործելակերպերէ, եւ փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի հրամայականը դարձնենք մեր կեանքի անշեղ սկզբունքը:
– Երրորդ, լծուինք Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման անյետաձգելի աշխատանքին՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի առաւել հզօրացման եւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման:
Ահա մեր կեանքին առջեւ բացուող համահայկական երեք առաջնահերթութիւնները:
Համախմբուինք համահայկական արժէքներու ու իտէալներու շուրջ:
Այս ոգիով ու տեսլականով ապրինք ու գործենք:
Ա՛յս ոգիով ու յանձնառութեամբ զիրար շնորհաւորենք ըսելով՝
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
Կ՛աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ իր հովանիին ներքեւ մեր ազգն ու հայրենիքը պահէ անվթար, հիւանդներուն առողջութիւն պարգեւէ ու գործոց յաջողութիւն եւ մեր զաւակներուն կեանքը ծաղկեցնէ երկնային բարիքներով:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Անթիլիաս,
Լիբանան