Բարձր քաղաքականութիւնը մեծ հարցերու վրայ գործադրուող ողջմտութիւն է:
Նափոլէոն Պոնափարթ
Երգ կայ. Սպասի՛ր, ես կը գամ… Ե՞րբ կու գայ մեր Արլէզիէնը…
Պատմութեան, քաղաքականութեան եւ ազգի ճակատագրին մաս կազմող եւ սպասուած «Արլէզիէն»ը ազգային ինքնութիւնն է, բարօրութիւն, յաջողութիւն, ապահովութիւն, որոնց համար անհրաժեշտ են համագործակցութիւնը, համերաշխութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը: Իրաւ սէրը: Անոնք ինքնաբերաբար չեն գար: Բերող կ’ուզեն: Իսկ քաղաքական կեանքի մէջ, բերողը ողջմտութիւնն է: Նափոլէոն ըսած է բարձր քաղաքականութիւն, աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել՝ քաղաքական կեանքի մէջ ողջմտութիւնը ճամբացոյց է, կգրե «Հայրենիք»:
Եթէ ճիշդ են հայաստանեան մամուլի տեղեկութիւնները, նոյնիսկ եթէ չափազանցուած են ամէն օր յայտնուող մեծ կամ պզտիկ գայթակղութիւնները, դեռ միայն խօսքի մակարդակին դրսեւորուած պառակտումները, գերաճող ռազմաշունչ խօսքերը ներքին թշնամիներու դէմ, անկասելի դարձած արտագաղթը, արտասովոր պետական ծախսերու մասին լուրերը, Ազգային Ժողովին եւ Երեւանի Աւագանիին մէջ եղած գայթակղութիւններու մասին բանակռիւները, օրնիբուն դատերու եւ դատարաններու մասին ծաւալող վէճերը, ցոյցերը, զգացականէ տարբեր ողջմտութիւն ունեցող հայը, երկրին մէջ, թէ երկրէն դուրս, շուարումի կը մատնեն:
Համացանցով ստացուող հայաստանեան լրատուամիջոցները (Առաւօտ, Փաստ, Հրապարակ, Yerevan Today, Հայկական Ժամանակ, Ժողովուրդ, Երկիր), կը գրեն եւ կը պատկերասփռեն հակամարտութիւններու եւ գայթակղութիւններու լուրեր: Կ’ունենանք տպաւորութիւն, որ Հայաստան իր անունը չըսող քաղաքացիական պատերազմի մէջ է: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը դադրած է թաւշեայ ըլլալէ, քանի որ փոխան ներազգային համերաշխութեան, երկիրը ամէն օր քիչ մը աւելի կը խրի բազմաբնոյթ արտառոցութիւններու եւ չափազանցութիւններու կիրքի մթնոլորտին մէջ: Կարծէք Արթըր Միլլըրի «Սալէմի Վհուկները» Հայաստանի մէջ զարկած են իրենց վրանները:
Ո՞վ ճիշդ է, ո՞վ իրաւունք ունի, անկարելի է որոշել: Կը թուի թէ ամէն ոք սխալ է եւ ամէն ոք իրաւունք ունի: Իրաւունքը ենթակայական եւ վերացական ըմբռնում մը դարձած է, անոր պատկերացումը եւ իմաստը կախում ունին մեր հայեցակէտէն, թէ հեռադիտակի ո՞ր կողմէն կը դիտենք, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երկիրը չի ղեկավարուիր:
Տարբերութիւն եւ տարակարծութիւն փոխանակ հարթելու շեփորուած եւ խոստացուած սիրոյ եւ համերաշխութեան իմաստութեամբ, իշխանութիւն եւ ընդդիմադրութիւն, crescendo, կը նուագեն ատելութեան համերգներ: Ըսե՞նք, որ այս վերաբերումները բնական են ժողովուրդի մը պարագային, որ թշնամիներու դէմ իր անզօրութեան բարդոյթը կը դարմանէ ներքին թշանմիներ ստեղծելով եւ անոնց դէմ պատերազմելով:
Հայկական քաղաքական շրջանակները կիրքի եւ տհասութեան վերաբերումներ միշտ ցուցաբերած են, անցեալին եւ այսօր, երկրորդականը, սեփական շահն ու փառասիրութիւնը համարելով առաջնահերթութիւն, անհատականը եւ եսը գերադասելով հաւաքականի, չեն ունեցած բաւարար իմաստութիւն, խորհելու եւ գործելու այնպէս, որ մրցակիցը, կամ ինչպէս սովորութիւն ունինք ըսելու՝ հակառակորդը, եթէ դեռ թշնամի չէ, այս կամ այն կէտին մէջ իրաւունք ունի, ճիշդ է: Պատմութեան ընթացքին մեր կրած աղէտները եթէ այս ըմբռնումով դիտենք, այսօր, աւելի իմաստուն կ’ըլլանք: Ինչո՞ւ չառաջնորդուիլ այն ողջախոհութեամբ, որ ճշմարտութեան մենաշնորհը ոչ ոքի կը պատկանի: Հաւաքականութիւն մը, ազգ, երկիր, պետութիւն, ծանրակշիռ սխալ կը գործեն եթէ magister dixitը, վարդապետն ասացը դարձնեն կանոն:
Այս բացասականութիւնը կը բացատրուի անով, որ հայ քաղաքական ղեկավարը, ներսը եւ դուրսը, երբ չէ դրոշմուած մեր պատմութեան դասով, մշակոյթով, այսինքն հայկական լինելութեան դպրոցի ծնունդ չէ, ներածուած եւ թխածոյ գաղափարներով կ’առաջնորդուի, կը չափէ եւ կը ձեւէ հայկական իրականութիւնը, սխալ տեղ կը տանի ազգը եւ հայրենիքը: Այսինքն քաղաքականութիւն խաղալ առանց ազգայինի ըմբռնումի, առանց նկատի առնելու ազգակերտ ստորոգելիները, կը նշանակէ շահագործել ազգը, ան ըլլայ հայրենիքի բնակչութիւն, թէ սփիւռքացած հայկական համրանք, ազգին հետ չառնչուող նպատակներու համար:
Ինչո՞ւ չյիշել պատմահայր Մովսէս Խորենացիի ՈՂԲը:
Մէջբերում. արեւելահայերէն թարգմանութեամբ եւ յապաւումներով.
… Եւ այս բոլորի վրայ ամէն կողմից խռովութիւն, համաձայն այն խօսքին, թէ ամբարիշտներին խաղաղութիւն չկայ:… Որովհետեւ մեզ տիրեցին խստասիրտ ու չար թագաւորներ, որոնք ծանր, դժուարակիր բեռներ են բարձում, անտանելի հրամաններ են տալիս: Կառավարիչները կարգ չեն պահպանում, անողորմ են, սիրելիները դաւաճանուած են, թշնամիները զօրացած. հաւատը ծախուում է այստեղի ունայն կեանքի համար: Ասպատակութիւններ են գալիս անհատնում, շատ տեղերի վրայ, տները գերուում են, ստացուածքները յափշտակուում, գլխաւոր մարդիկ կապուում են, յայտնի անձերն բանտարկուում են, դէպի օտարութիւն են աքսորուում ազնուականները, անթիւ նեղութիւններ են կրում ռամիկները, առնուում են քաղաքներ, քանդուում են ամրոցներ, աւերուում են աւաններ, հրդեհուում են շինութիւններ, անվերջ սովեր և հիւանդութիւններ եւ բազմատեսակ համաճարակներ: Աստուածապաշտութիւնը մոռացուած է, դժողքի ակնկալութիւն:
Աստուածապաշտութիւնը եթէ փոխարինէք հայրենասիրութեամբ… Բայց ո՞վ կը լսէ մի ոմն տասնընինգ դարերու ետին թաղուած Մովսէս Խորենացին, երբ այնքա՜ն նոր բաներ սորված ենք:
Եթէ Խորենացին այնքա՜ն հին է, յիշենք ազգային, մշակութային եւ քաղաքական այցեքարտի վերածուած դար մը առաջ ապրած Կոմիտասի ցաւը, որ երգ եւ ծափահարութիւն չէ: Կոմիտաս ինք ալ յիշած է Խորենացիի ողբը եւ կ’ըսէ.
Հօտն անհովիւ՝ մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզին ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովու: Անմիտ որսորդներ բոլորած՝ միամիտ ձկներ ցանցած: Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն ու ցեխոտ սրտեր միւս կողմէն: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, որ մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը դիակնացած…: Ո՞ւր է մեր խոհական Խորենացին. թող ելլէ՛ արիւնաքամ հողու տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը: Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղձութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն՝ ընչաքաղցութեամբ:
21րդ դարու ընկերութիւնները տեղեկացնելու եւ անոնց հետ հաղորդակցելու եղանակները վերջին տասնամեակներուն հիմնովին փոխուած են: Մէկ անհրաժեշտութիւն կայ, որ չի փոխուիր, այն է՝ հասնիլ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ: Իւրաքանչիւրը տեղեակ պահել առաջնորդին պարտականութիւնն է եւ իւրաքանչիւրի իրաւունքը, որպէսզի ընտրութիւն եւ կողմնորոշում արդար եւ ճիշդ ըլլան, տեղ մը նստած էսթէպլիշմընթը կամ նոմանքլաթուրան ինքնագլուխ չորոշէ հաւաքականութեան եւ ընդհանրապէս ընկերութեան ճակատագիրը: Այս ոճը սուլթանական կամ աստուածատուր իրաւունքով ղեկավարելու եւ տնօրինելու ըմբռնում է: Չլուսաբանուած հաւաքականութիւնը պարզապէս ամբոխ կ’ըլլայ:
Եւ ճիշդ լուսաբանելու համար քաջ եւ անկախ մամուլ պէտք է: Անպայման՝ քաջ եւ իրաւ մտաւորականութիւն: Ներսը եւ դուրսը:
Ազգային եւ ընդհանրապէս համամարդկային հարցերէ անտեղեակ դրամական եւ քոմպինացիաներու էսթէպլիշմընթը, կամ ժողովուրդի դառնութիւնները չարաշահող ամբոխահաճութիւնը (populisme), արդարութեան, յառաջդիմութեան եւ ընկերութեան բարոյական որակը կը խոչնդոտեն: Կը տիրէ չարագործներու ակումբը:
Յակոբ Աւետիքեան, Հայաստանի ԱԶԳ թերթին մէջ գրած է իմաստուն եւ բանավէճէ տարբեր բնոյթով յօդուած մը, Հայաստանի վարչապետին եւ երկրին մէջ տիրող վատառողջ վիճակի մասին: Այդ յօդուածէն երկար պարբերութիւն մը կը մէջբերեմ, առանց յապաւումի.
Սակայն ես աւելի հակուած եմ ընդունելու մի հոգեբանի ինձ մեկուսի ասածը, թէ այս պարագայում մենք գործ ունենք «անձի ինքնասեւեռայնութիւն» երեւոյթի հետ, որով վարակուած են եղել աշխարհում մի շարք յայտնի պետական գործիչներ: Որպէս ապացոյց այդ հոգեբանը մատնացոյց էր անում գործող վարչապետի ամենօրեայ ելոյթները, մեղադրական ռեպլիկները(պատասխան, Յ.Պ.) քաղաքական հակառակորդների ու երբեմն էլ իւրայինների դէմ, որոնցով նա, մի կողմից, ընդգծում է իր կարեւորագոյն դէմք լինելը, իսկ միւս կողմից, ի սկզբանէ գիտենալով, որ նման ելոյթները անարձագանգ չեն թողնուի իր հակառակորդների կողմից, փոխադարձ պատասխան ելոյթները կրկին ծառայեցնում է սեփական անձի բացառիկութիւնը շեշտելու նպատակին: Որպէս փորձառու հրապարակախօս՝ նա իր կեանքի ոչ մի օրը չի պատկերացնում առանց պոլեմիկայի (բանավէճի, Յ.Պ.)… Խօսակիցս որպէս ապացոյց յիշեցրեց վարչապետի դեկտեմբերի 13-ի ելոյթը` նախորդ օրը ԱՄՆ Սենատի (Ծերակոյտի, Յ.Պ.) ընդունած յայտնի բանաձեւի մասին. ճշմարիտ, դիպուկ, համապարփակ եւ պետական մարդուն, հա՛յ մարդուն յարիր ելոյթ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման առթիւ: Սակայն, ընդամէնը մի քանի օր յետոյ, յիշեցրեց զրուցակիցս, վարչապետը մի բան մոռացածի նման վերադարձաւ նոյն թեմայինՙ այս անգամ շեշտելու համար, թէ այդ ճանաչումը գլուխ չէր գայ, եթէ չլինէր «թաւշեայ յեղափոխութիւնը», այսինքն՝ ինքը…
Ցարդ ժպիտով կը լսէինք թաթիկներ կտրել կամ ասֆալտին փռել սպառնալիքները: Յակոբ Աւետիքեանի զրուցակից հոգեբանի դատումները, զորս բժշկութեան մէջ կը կոչեն ախտորոշում, Հայաստան կ’ըսեն՝ տիագնոստիկա կամ տիագնոզ, անտարբեր չեն կրնար թողուլ Հայաստանով, Արցախով եւ ընդհանրապէս ազգով մտահոգ հայը, ինչ ալ ըլլան անոր սէրերը:
Սերվանթէսի Տոն Քիշոթը կը կռուէր հողմաղացներու դէմ, անվնաս հէքիաթ է: Բայց թաթիկներ կտրել կամ ասֆալտին փռել իւրայիններու դէմ յայտարարուած կռիւ է, որ պարզ բացատրութեամբ կը կոչուի քաղաքացիական պատերազմ:
Կոմփիւկիոս պէտք է ըլլալ եզրակացնելու համար, որ Ամերիկայի զոյգ օրէնսդիր ժողովներուն կողմէ ցեղասպանութեան «ճանաչումը գլուխ չէր գայ, եթէ չլինէր «թաւշեայ յեղափոխութիւնը», այսինքն՝ ինքը…», անհեթեթութիւն է, եւ նոյնքան անհեթեթութիւն է այդ ըսուածը գլխահակ լսողներու լռութիւնը: Յակոբ Աւետիքեան մեզի կը բերէ իրազեկ հոգեբանի դատումը:
Տասնամեակներ շարունակ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի վերականգնման համար պայքարած իրաւագէտներ, ցեղասպանագէտներ, յանձնախումբեր, արեան կարմիր գիծը անցածներ եղած են եւ կան: Անոնք որոնք արդէն մեռած են, իրենց գերեզմանին մէջ կրնան շուռ գալ, եթէ իմանան, որ թաշեայ յեղափոխութիւնը մղած է ճանաչման պայքարը եւ յաջողութիւն նուաճած: Իսկ պատնէշի վրայ եղողները անհեթեթին դէմ անզօր են, ինչպէս այդ կը պատահի ամէն ատեն եւ ամէն տեղ:
Լաւ է որ եղած է Յովհաննէս Թումանեանը եւ մեր ժողովուրդին հետ պէտք է ներկան դիտել ու դատել բանաստեղծին հսկող պայծառ աչքով եւ արժանի ըլլալ անոր, չգոհանալ 150ամեակի հրավառութիւններով: Թումանեանի հաւատաւոր եւ անխարդախ մտաւորականի աչքը ըլլալ եւ կրկին կարդալ Լուսաւորչի Կանթեղը…
Երբ պատում է մութ խաւարը
Չնաշխարհիկ մեր երկրին,
Երբ տիրում է ահն ու վախը,
Թոյլ կասկածոտ սրտերին,
Ով անմեղ է, լիքը սիրով
Ու հաւատով անսասան,
Նա նայում է վառ յոյսերով
Դէպի Հայոց ապագան,-
Նա կը տեսնի էն մըշտավառ
Ջահը կախուած երկնքից,
Ասես՝ Աստծոյ աչքը պայծառ
Հսկում է ցած երկնքից:
Եւ հսկելու համար լուսաւորել զանգուածները:
Յ. Պալեան