2020-ի պիւտճէի քննարկումներու ընթացքին իրենց ունեցած միապաշտ ընկալումին պատճառով Տիգրանակերտի պատգամաւոր Կարօ Փայլան քննադատած էր Թրքական պատմութեան հաստատութիւնն (ԹՊՀ) ու Թրքական լեզուի հաստատութիւնը (ԹԼՀ) եւ այս մասին հարցումներ ուղղած։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարի ստորագրութեամբ տրուած պատասխանին մէջ նշուած է, թէ ԹՊՀ «միայն թրքական պատմութեան վերաբերեալ աշխատանքներ չի կատարեր»։
Կատարուածներու ցանկին վրայ կան աշխատանքներ, որոնք թշնամիի կը վերածեն ոչ-թուրք ժողովուրդները, կը պարունակեն ցեղապաշտական տարրեր ու ատելութեան խօսք։
Իղտըրի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Թուրք-հայկական յարաբերութիւնները Ի դարասկզբին» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովին, զոր նախարարութիւնը «համատեղ պատմութեան» աշխատանքներուն համար որպէս օրինակ ցոյց տուած է, հայ ժողովուրդը կը միատեղուի «ահաբեկչութեան» հետ։
Կարօ Փայլան նիւթին շուրջ հարցում մը ուղղեց մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարին։
Կարդացեք նաև
-«Հասարակաց պատմութիւն» գաղափարը ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ նախարարութեանդ համար։
-ԹՊՀ-ի եւ ԹԼՀ-ի երդիքին տակ կա՞ն հասարակաց պատմութեան աշխատանքներ, որոնք կը կատարուին «առանց կեդրոն ունենալու թրքութիւնը կամ թրքածնութիւնը», այլ՝ բազմաթեմ ընկալումով մը։
-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք հայերուն որպէս «ահաբեկիչ» որակուիլն ու ատելութեան խօսքի առկայութիւնը «Թուրք-հայկական յարաբերութիւնները Ի դարասկզբին» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովին, որ որպէս օրինակ ցոյց տրուած է ձեր ստորագրութեամբ տրուած պատասխանին մէջ։
Սեւան Տէյիրմենճեան