Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Բացառելով որեւէ տեսակի երկխօսութիւն եւ անգամ ամենամեղմ ընդդիմախօսութեան արձագանգելով կոշտ, անհամաչափ, հիւանդագին ու փողոցային ձեւով, կացինահարած են ժողովրդավարութեան բոլոր նորմերը. ԱՄՆ Արեւելյան շրջանի ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտե

Դեկտեմբեր 11,2019 17:21
hyd

Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի վերջին մէկ տարուայ ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կատարած յայտարարութիւններուն, Ազգային Ժողովէն ներս օրէնսդրական կարգ մը նախաձեռնութիւններուն եւ այդ քայլերուն արդիւնքով հասարակութեան մէջ յառաջացած վատառողջ մթնոլորտին:

Մեր արժեւորումներով կը հաստատենք, որ Հ.Հ. իշխանութիւնները.-

Ա.- Իրենց պաշտօնավարման նոյնիսկ այս կարճ ժամանակահատուածին, օգտագործուած բառամթերքով ու կատարուած քայլերով, շատ հեռացած են իրենց իսկ կողմէ յայտարարուած ժողովրդավարութեան, սիրոյ եւ համերաշխութեան շարք մը սկզբունքներէն, հայ հասարակութեան մէջ արհեստականօրէն յառաջացնելով ու արմատաւորելով բազմաթիւ բաժանարար գիծեր, սերմանելով ատելութիւն ու թշնամանք:

Բ.- Բացառելով որեւէ տեսակի երկխօսութիւն եւ անգամ ամենամեղմ ընդդիմախօսութեան արձագանգելով կոշտ, անհամաչափ, հիւանդագին ու փողոցային ձեւով, կացինահարած են ժողովրդավարութեան բոլոր նորմերը:

Գ.- Կրթութեան, մշակոյթի ու զինծառայութեան գծով ազգային արժէքներն ու պետականութեան հաստատութիւններու հիմնաքարերը խարխլող օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով ու Արցախի նկատմամբ հնչած հակասական մօտեցումներով եւ յայտարարութիւններով մեղմ ըսած՝ վստահութիւն չեն ներշնչեր:

Դ.- Այս ընթացքով ու համազգային արժէքներուն ճիշտ գնահատականներ չտալով, պարարտ հող կը ստեղծեն հայութեան հերոսական յաղթանակներու ու այդ յաղթանակները կերտած հերոսներու նսեմացման ու արժեզրկման, որուն դրսեւորումներէն վերջինը՝ Պռոշեան աւանի Արցախի նուիրեալներու պանթէոնի սրբապղծումն էր:

Ե.- Ազգն ու պետութիւնը դարձուցած են անցեալի սխալներու պատանդ, որուն միջոցով կը փորձեն խեղթել իւրաքանչիւր բովանդակային քննադատութիւն, քողարկելու համար հեռանկարային ու տնտեսապէս ու քաղաքականապէս աւելի լաւ ապագայի կերտման միտող ծրագիրներ մշակելու եւ իրագործելու իրենց անընդունակութիւնը:

Զ.- Չարաշահելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան էութենէն բխած իշխանութիւնն ու պետականութիւնը տարբերակող սկզբունքն ու անկէ բխած լրջախոհ կեցուածքն ու յարգալից վերաբերմունքը հանդէպ իշխանութեան եւ անոր ներկայացուցիչներուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հասցէին կը հնչեցնեն հերիւրանքներ, չհիմնաւորուած զրպարտանքներ, մանկունակ կանխատեսումներ եւ կը կատարեն Դաշնակցութիւնը պառակտելու քանիցս փորձուած ու ձախողած ապարդիւն ու դատապարտելի փորձեր:

Այս հաստատումներուն ի տես Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն անգամ մը եւս կը վերամիանայ Հայաստանի մեր կառոյցին՝ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ամիսներ առաջ հնչեցուցած լրջանալու կոչին եւ Հ.Հ. կառավարութիւնէն կը պահանջէ ինքնասրբագրում ու սկսեալ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի (ԿԳՄՍ) նախարարէն՝ իշխանական օղակներէն հեռացնել ապազգային նկրտումներ ունեցող, պառակտիչ, անհասցէ զրպարտութիւններով զբաղած եւ հեռանկարային ազգային եւ համազգային ծրագիրներ մշակելու անընդունակ տարրերը:

Մենք պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ հայրենի պետականութեան սատարելու մեր առաքելութեան ի հեճուկս այսօրուայ իշխանութեան որովհետեւ կը հաւատանք, որ իշխանութիւնները անցողիկ են իսկ մնայունը մեր պետականութիւնն է: Միաժամանակ կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան անյապաղ սրբագրել ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած հասարակութեան մէջ բաժանարար գիծեր քաշելու, Դաշնակցութիւնը պառակտելու, հասարակութեան մէջ ազգային եւ համազգային օրակարգերու բովանդակային քննարկումներուն անհանդուրժողականութեամբ վերաբերուելու, ինքն իր անատակութիւնը քողարկելու սնափառութեան եւ լծուիլ հայրենաշինութեան ազգանուէր աշխատանքներուն:

Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031