Սփիւռքի մէջ ո՞վ կրնար միտքէն իսկ անցնել, որ օր մը Հայաստանի կրթութեան նախարար մը՝ թիկունքին ունենալով իշխանութեան վրայ գտնուողներու հայեցողութիւն մը, պիտի գար ու ըսէր։ «Սիրելիներ, վայրկեան մը։ Քիչ մը ըլլանք իրապաշտ եւ ժամանակակից։ Ինչ հարկ կայ համալսարաններուն մէջ հայոց լեզու, հայ գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն նիւթերուն դասաւանդումը պարտադիր դարձնելու։Ասոնք կը վերածենք ընտրովի եւ կը ձգենք կրթութեան բարձրագոյն հաստատութիւններուն գիտական խորհուրդներուն հայեցողութեան։ Թող ճշդեն եւ որոշեն, թէ պէ՞տք է հայ ուսանողին այս նիւթերը։ Եթէ այո, թող դասաւանդուին։Եթէ պէտք չեն, ապա խնդիրը փակուած է։ Դուրս կը մնան կրթական ծրագրէն»։
Չեղաւ։
Յատկապէս մեզի՝ հայութեան համար։ Թէեւ բոլոր ազգութիւններն ալ, համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ կը վերադառնան ու կը դիմեն իրենց ազգային զէնքերուն, այսինքն լեզուին, գրականութեան եւ պատմութեան, մեզի համար ասոնք գիտութենէ աւելի ու առաջ ինքնաճանաչման, ինքնարժեւորման եւ ինքնահաստատման անփոխարինելի զէնք ու զրահ են։ Եւ զինուորն ու զօրականը ճակատամարտի դաշտ կ՛երթա՞ն առանց զէնք ու զրահի։ Իսկ եթէ Աստուած մի առասցէ, անզէն ներկայանան ռազմաճակատ…..։
Հիմա միտք չարչըրկող հարցում մը։Ինչու՞ յանկարծ որոշել եւ նախընտրել, որ համալսարաններուն կրթական ծրագրերուն մէջ հայագիտական նիւթերուն դասաւանդման ճակատագիրը պէտք է ձգել գիտական խորհուրդներու հայեցողութեան։ Պետութեան հեղինակութի՞ւնը կը նուազի, եթէ պետական որոշումով մը բոլոր համալսարաններուն կրթական ծրագրերուն մէջ ՊԱՐՏԱԴԻՐ դառնայ հայագիտական նիւթերու մտածուած եւ գիտականօրէն սերտուած դասաւանդման հոլովոյթ մը, ուր հայոց լեզուն կ՛ուսուցանուի, հայ գրականութեան գոհարները կը պսպղան եւ հայոց պատմութեան հիմնախնդիրները կը ներկայացուին սերունդներու, որոնք զինուած հայկականութեան երրորդութեամբ, հաստատաքայլ պիտի յառաջանան՝ գիտութեան միւս բնագաւառներուն մէջ։
Եւ հարկ է շեշտել ու ընդգծել։ Անիմաստ ու պարտուողական պատճառաբանութիւններ են այն բոլոր վերլուծումներն ու եզրակացութիւնները, թէ հայոց լեզու, հայ գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն նիւթերու պարտադիր ընդգրկումը՝ համալսարական կրթական ծրագրերուն մէջ, կը վնասեն, կը խոչընդոտեն կամ կը դանդաղեցնեն միւս նիւթերուն դասաւանդումն ու ընկալումը։ Այդպէս չէ՛։ Մանաւանդ Հայաստանի մէջ, հայ հողին վրայ։
Ի վերջոյ անհասկնալի է, թէ մարդ ինչպէս կրնայ զինաթափ ընել սերունդները։ Անհասկնալի է, ու նաեւ՝ մերժելի։ Իր բոլոր բացատրութիւններով, «գիտական» եղանակներով ու յանկերգներով։
Կարդացեք նաև
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում