Հայկական օրակարգը յագեցած է տագնապներով, խնդիրներով, հարցերով։ Վերջինը՝ հայերէն լեզուի դասաւանդութեան հարցն է։ Հայաստան եւ Սփիւռք կը տառապին իրենց յատուկ խնդիրներով, որոնք տակաւին համահայկական մասշտաբով քննարկուելու, բանաձեւուելու, համակարգուած ձեւով լուծելի դառնալու պայմաններ ու միջոցներ չունին։ Տակաւին հեռու ենք կազմակերպուած եղանակով ազգին գործունեայ դասը լծելէ՝ համահայկական առաջնահերթութիւններ սահմանելու։ Թէեւ շատեր կը խօսին համահայկական օրակարգ ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն, մտաւորական, քաղաքական եւ տնտեսական ուժերուն հանդիպումը տակաւին չէ հասունցած։ Քաղաքական մարդոց բերնէն յաճախ լսելի են նման ակնարկներ, ցանկութիւններ, բայց ասոնք կը մնան աւելի հռետորական արտայայտութիւններ։
Եթէ ներկայ Հայաստանի իշխանութիւնները կրցան յայտարարել թէ «Արցախը Հայաստան է եւ՝ վե՛րջ», համահայկական դիտանկիւնէն դատելով՝ ըսուածը կարեւոր քաղաքական յանձնառութիւն է, անկախ՝ Ղարաբաղեան հարցին լուծման համար դիւանագիտական ատեաններու կողմէ անոր զանազան ընկալումներէն եւ հակազդեցութիւններէն։ Այն որ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կը միտին Արցախը տեսնել իբրեւ Հայաստանի հողամաս՝ շատ պատասխանատու յանձնառութիւն է, առաջին հերթին սկսելով ժողովրդավարական արդար ընտրութիւններու նեցուկ հանդիսանալու կարեւոր նախաձեռնութենէն։ Ինչո՞ւ սպասել որ ԵՄ կամ ԱՄՆ նման յանձնառութիւն ստանձնեն եւ ոչ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Անցեալին իշխանութիւնները այդ մտահոգութիւնը, այդ հետաքրքրութիւնը չունէին, շահագրգռուած չէին, կլանային հաշիւները կը գերակշռէին։ Այն ժամանակ Հայաստան-Արցախ իշխանական կապերը կը հիւսուէին անպաշտօն, ուժային եւ նիւթական լծակներու ազդեցութեան ներքոյ։
Իսկ Սփիւռքի հանդէպ հայաստանեան եւ սփիւռքեան՝ իշխող ու ոչ-իշխող դասը, հեռու են նման մտադրութիւն կամ յայտարարութիւն կատարելու կարողութենէն կամ փորձութենէն, անկախ այդ յայտարարութեան նպատակայարմարութենէն եւ միջազգային հարթակներու վրայ անոր ունենալիք քաղաքական հետեւանքներէն։ Ատիկա ոչ այնքան նիւթական եւ քաղաքական միջոցներու սակաւութեան պատճառով է, որքան՝ ռազմավարական, տնտեսական, ընկերաբանական, մշակութաբանական ուսումնասիրութիւններու պակասի պատճառով։ Թէեւ այս կէտին վրայ ալ յաճախ անցեալին,– ինչպէս ներկայիս,– կը լսենք հռետորական յանկերգեր՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան գաղափարին շուրջ։
Նոյեմբեր 12-ին, վարչապետին Ֆրանսա այցելութիւնը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 40-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ, կարեւոր ցուցիչ մըն էր Հայաստան-Ֆրանսա համահայկական օրակարգի բացակայութեան դիտանկիւնէն։ Պէտք է փակագիծ մը բանալով՝ գնահատել Հայաստանի դեսպանատան կարճ ժամանակի մէջ վարչապետին՝ հայ համայնքի ղեկավարութեան հետ հանդիպումը կազմակերպելու փութաջանութիւնը։ Մեծ առիթ էր համահայկական խնդիրներ քննարկելու։ Վարչապետը իր խօսքին նախաբանին մէջ իսկ ըսաւ, որ համահայկականութեան հաստատումը առաջնահերթութիւն է Հայաստանի կառավարութեան համար։ Սակայն, իրականութիւնը այլ պատկեր կը ցուցադրէր։
Կարդացեք նաև
Այս այցելութիւնը տեղի կ՚ունենար Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարին դէմ ՀՅԴ երիտասարդական թեւին հրաժարականի պահանջի թէժ պահուն։ Եւ այս առթիւ ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդր. կոմիտէն յայտարարած էր թէ վարչապետին ի պատիւ տրուած ճաշին կը մասնակցի առ ի յարգանք Հայաստանի պետականութեան, միաժամանակ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով իր երիտասարդական թեւին կողմէ Կրթութեան նախարարի հրաժարականի պահանջին։ Վարչապետը բնականաբար խօսեցաւ Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութիւն կատարած կառավարութեան ձեռքբերումներուն մասին, ակնարկներով անդրադարձաւ համալսարաններու մէջ հայերէնի դասաւանդման հարցին։ Կարելի չէ հաստատել, որ հայաստանեան այս ներքաղաքական խնդիրը սքօղեց այլ համահայկական հարցեր։ Սակայն փաստ է որ չարծարծուեցան Հայաստանի եւ Ֆրանսա-եւրոպահայ համայնքներու փոխյարաբերութիւնները զարգացնելու էական հարցերը։
Ֆրանսայի հայ համայքը ունի իր գոյութենական հարցերը։ Ունի բազմազան կազմակերպութիւններ որոնք տքնաջան աշխատանք կը տանին Հայաստանի մէջ բարեսիրական, մարդասիրական գետնի վրայ։ Ֆրանսայի պետական գործիչներու մօտ Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ քաղաքական, տնտեսական, կրթական մարզերու մէջ միջնորդութիւններ կը կատարեն։ Այս աշխատանքները կ՚իրականացնեն ինքնաբուխ կերպով։ Ասոնց կողքին, ունին խնդիրներ, օրինակ՝ Ֆրանսայի իշխանութեան հետ, Ֆրանսա-Արցախ զուգորդ քաղաքներու միջեւ բարեկամական դաշինքներ կնքելու խոչընդոտներու վերաբերեալ։ Ֆրանսայի մէջ հայաստանցի անապահով ընտանիքներու ներկայութեան, հայրենադարձութեան կապուած հարցեր, Սեւրի Մխիթարեան վարժարանի փրկութեան, Հայկական վարժարաններու ցանցը զօրացնելու, ժխտողականութեան դէմ պայքարի, «Հայաստան» հիմնադրամի գործունէութեան ծիրէն ներս դրամահաւաքի թափ տալու, Հայաստանի մէջ թիրախային ներդրումներ կատարելու, հայկական բովանդակութեամբ մշակութային ծրագրեր իրագործելու, արեւմտահայերէնի ամրապնդումի, անկախ մամուլի նեցուկ հանդիսանալու… հարցեր։ Եթէ Վարչապետը այս հարցերը չարծարծեց, դիմացը՝ հայ համայնքն ալ կրաւորական, անտարբեր ձեւով լսեց վարչապետին խօսքերը։ Թէեւ առիթ տրուած էր նաեւ հարցումներու, սակայն ֆրանսահայ խորհրդարանականներու հարցադրումները եղան ընդհանրական։ Իսկ վարչապետին պատասխանները երկարապատում։ CCAF-ի համանախագահին հարցումը եւս աւելի լրագրային էր, քան ֆրանսահայ համայնքը յուզող իսկական հարց։
Այս այցելութեան առթիւ անբացատրելի էր նաեւ Սփիւռքի գործով գլխաւոր յանձնակատարի բացակայութիւնը, անոր որ յանձնուած է Հայաստան-Սփիւռք կապերը աշխուժացնելու պարտականութիւնը։ Մէկ խօսքով ճաշը համեղ էր եւ մեծ պատիւ էր վարչապետին, տիկնոջ ու բարձրաստիճան պետական մարդոց հետ հանդիպումը, սակայն կը պակսէր էականը՝ միջուկը, թէ՛ հայաստանեան կողմէն, թէ՛ ալ ֆրանսահայ համայնքի ղեկավարութեան։
Ժ.Չ.
«Նոր Յառաջ»