Աշխարահռչակ Աստղաֆիզիկոս Վիքթոր Համբարձումեանի «Կտակը»
«Ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծոռներիս կտակում եմ տիրապետել հայոց լեզուին: Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագետ լինի հայերէնից` անկախ այն բանից, թէ քանի տոկոս է նրա մէջ հայկական արիւնը: Այդ տոկոսը ոչինչ չի նշանակում: Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թէ արիւն, այլ` գաղափարներ, եւ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է: Այդ կապակցութեամբ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սովորեցնել յաջորդին հայոց լեզու: Գիտցէք, որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղել է ու կը մնայ, քանի պրում եմ, հայոց լեզուին տիրապետելը: Ցանկանում եմ երջանկութիւն բոլորիդ»:
Վ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ
Երբ թշնամին չի յաջողիր դուրսէն հարուածել, կը դիմէ դաւադրութեան: Կը կաշառէ այնպիսի պաշտօններու վրայ գտնուողները, որոնց միջոցով հասանելի կ՛ըլլայ առաջադրուած գերագոյն նպատակ մը: Այս պատեհապաշտօրէն ծրագրուած ու գործադրութեան փուլ հասած ռազմավարները, մանաւանդ` անհեռատես քաղաքականութիւն վարող պաշտօնատարներու համար, «իմաստուն փրկիչներ»-ու դիմակ հագած` կը կաշառեն նոյնիսկ իրենց իսկ մայրերը` իրենց նպատակին հասնելու համար: Կը կաշառեն միլիառներու հասնող աներեւակայելի գումարներով` կարենալ տիրելու համար համաշխարհայնացմամբ բո որը հաւասարեցնող այս անմշակոյթ, անգոյն ու անհրապոյր աշխարհին:
Եւ այս կ՛ընեն ո՛չ միայն գումարներով, այլ` «յառաջդիմական այնպիսի եղծուած գաղափարախօսութեամբ, իմա՛ իբր թէ` մոտեռնիզացման համար ճամբայ ելած, որեւէ նորակազմ կամ «ջարդ ու աւեր տեսած երկրի» այս կամ այն տկարութիւնը, դժուարութիւնները սրբագրողի դերով, աշխարհի տնտեսութիւնը իրենց ափերուն մէջ պահածներու օտար բանակով, որոնք միջոցներուն մէջ տարբերութիւն չեն դրած ու պիտի չի դնեն երբեք, որպէսզի հասնին իրե՛նց նպատակին, եւ ոչ` իրենց յայտարարածին:
Այս պարագային, Կարէն Սիմոնեանի խօսքերով, «Ազգային լեզուի եւ ուղղագրութեան նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքն է այն եզակի նախապայմանը, որ կարող է բացայայտել պետական իշխանութեան ճշմարիտ նուիրուածութիւնը ազգային գերագոյն շահին կամ, հակառակը, կարող է մերկացնել օտարի հետ եւ օտարի շահերին ծառայելու նրա պատրաստակամութիւնը» (տե՛ս Կարէն Ա. Սիմոնեան, «Կրեմլի յոյժ գաղտնի փաստաթղթերից մի քանիսը», Երեւան, «Նախիջեւան» հրատ. 2003): Այսօրուան կրթութեան նախարարին առած «քայլը» համազօր չի՞ հնչեր այս նոյն ռազմավարութեան, որուն կրողն է ինքը, պարո Արայիկ Յարութիւնեանը, իր սովետականութեան պատկանողի օրերէն ի վեր, այսինքն` ազգի մը մշակութային ողնայարին` մայրենի լեզուին ոչնչացումը իր հոգեխառնութեան մէջ ձուլած, հոն, անոր հանդէպ անտարբերութիւն մշակած ազգակործան այս քայլով:
Հայաստանի առօրեայ լեզուին մէջ լողացող «մոտեռնիզացում» ըսուածը ոչ այլ ինչ է, քան` գետնին հաւասարեցումը, չէզոքացումը ոչ միայն մեր, այլեւ այնպիսի հարուստ մշակոյթներու, որոնց յարատեւումը կը սարսափեցնէ «մոտեռնիզացիայի» ջահակիրներու փաղանգը, որ օր մը չէ օր մը կրնայ աշխարհին պարզել այդ քարոզուածին ախտ մը ըլլալը` մերկացնելով անոնց ոչնչութիւնն ու աշխարհատիրակալութիւնը իբրեւ թիրախ ընտրողներուն իսկական դէմքերն ու ախորժակները::
Դժբախտաբար մեր «նոր քայլ արած» իշխանաւորները գաղափար ունի՞ն արդեօք 104 տարեկան սփիւռքի պատմութեան,600 տարուան ստրկութեան մէջ ողնայար պահող արեւմտահայութեան մասին. թէ ի՛նչ կը նշանակէ նախընտրել, ե՛ւ լեզու, ե՛ւ կրօն, հայու արժանապատուութիւն պահպանելու համար քաշկռտուիլ անապատի աւազներուն մէջ` ներբան պատռելով, քան` հաւատափոխ ըլլալ, ձեր լեզուով ըսած` կաշի փրկելու համար:
Ոչ ոք կ՛ակնկալէ, որ կարենայիք ամէն բան մէկ տարուան ընթացքին հասցնել հոն`բոլորին համար ցանկալի «ամենայն փրկիչ» ապահովութեան, եւ այս` ամէն ծիրէ ներս: Սակայն վստահ էինք, որ դուք ձեր որեւէ կեցուածքով չէիք կրնար դաւաճանել լեզուին` մեր լեզուի բարգաւաճման, զարգացման ու զայն մաքրամաքուր գործածութեամբ մեր հպարտութեան աղբիւրը դարձնող միջոցառումներով «քայլ» պահելով աշխարհի որեւէ զարգացած ժողովուրդի հետ: Այս կարելի կրնայ ըլլալ միմիայն խորացուած բարձրագոյն մակարդակի ուսումնասիրութիւններով, գրականագիտական խորացուած ուսումնասի ութիւններով. ինչ որ կարելի չէ ապահովել երկրորդականի աւարտական դասարանի 16-17 պատանիներու լեզուի եւ գրականութեան չնչին պաշարով: Մեր լեզուաբաններն ու գրականագէտները ա՛յս է, որ կ՛երաշխաւորեն, իրենց բծախնդիր մօտեցումով լեզուն ու մշակոյթը կը մաքրեն, եւ առ տակաւ, կը սպասենք, որ զտուին ու բիւրեղանան սովետախառն արտայայտչաձեւերը` հեռատեսիլէն, մամուլէն, թղթակիցներու հայերէնէն, այնպէս` ինչպէս յաջողեցան ընել Վրաստանի մէջ…
Լեզուն պահելու մեր մաքառումը նոր չէ. Ցեղասպանութենէն առաջ մեր արեւմտահայ գաւառներուն մէջ, եւ անկէ ետք սփիւռքի տարածքին` մինչեւ այսօր: Շատ դիւրին է ձեզի համար, պարո՛ն Յարութիւնեան, բեմերէն քարոզել մեզի հայ ազգի «ինքնուրոյն տեսակին» մասին, Քալիֆորնիա թէ այլուր, երբ դուք, մեր երկրին մէջ, բազմած` ձեր նախարարի հանգիստ աթոռին, մէկ գրիչի հարուածով ահա կը յաւակնիք աւերել այն, ինչը թուրքը չյաջողեցաւ ընել արդէն 104 առաւել 600 տարիէ ի վեր:
Ա՞յս է ձեր առած «աւետաբեր ՔԱՅԼԸ», ձեր հրապուրիչ ՆԵՐԳԱՂԹի կանչն ու հրաւէրը, ուղղուած` սփիւռքի երիտասարդ սերունդին, որուն համար Հայաստանի մէջ մասնագիտանալու գլխաւորագոյն պատճառը, մասնագիտութեան մը կողքին, հայերէնի եւ մեր պատմութեան տիրանալու ցանկութիւնն է, եւ վերջապէ՜ս, դառնալը` հայաստանաբնակ ու հայաստանակերտ, ու հայաստանա-ամէն ինչ, մասնակցիլ քայլ առ քայլ հայրենիքի կառուցման` հայերէնո՛վ միայն: Մենք յոգներ ենք հայերէնը փնտռելէն մեր տուներէն դուրս ու արդէն նաեւ` տուներէն ներս: Սփիւռքահայ ուսանողները ստուար թիւ են այսօր համա սարաններուն մէջ: Հարցուցա՞ծ էք երբեւէ իրենց, թէ հայերէնը որեւէ ձեւով կը խոչնդոտէ՞ իրենց ընտրած մասնագիտութեանց: Ուրեմն մենք` սփիւռքահայերս, չկա՞նք ձեր առած «քայլ»-երու ծրագրումներուն մէջ… Ահաւասիկ թէ ի՛նչ արդիւնք կը սպասուի ձեր այս անհեթեթ որոշումէն. դուք ոչ միայն լեզուի, պատմութեան եւ գրականութեան պարտադիր կոչուած դասերն է որ ընտրովի կը դարձնէք, այլեւ` շա՜տ աւելի կարեւոր հետեւանքներու տանող բան մը. ընտրովի կը դարձնէք մասնաւորաբար ՀԱՒԱ՛ՏՔԸ` հայերէնին հանդէպ, նոր սերունդին փոխանցուած համոզո՛ւմը, որ մեր լեզուն հայ ազգի փրկիչն է, եւ որ դուք հա կը խողխողէք զայն… Կը զիջիք լեզո՞ւն, որ թուրքին հող ու հայրենիք տալու համազօր է…
Վստահ եմ` ձեզի անծանօթ պէտք չէ ըլլայ մաքառում բառը, ինչ կը վերաբերի մեր արժէքներուն, եւ այս` 1970-ականներուն սկսած: Շատ հաւանաբար միմիայն լսած ըլլալու էք այդ մասին, առանց ապրած ըլլալու եւ թերեւս` բանտարկուելու, Սիպիր ղրկուելու մղձաւանջը` 1965-ին, Ցեղասպանութեան յիսնամեակի այդ լուսաւոր առաւօտուն եւ անոր յաջորդող օրերուն ու տարիներուն: Մաքառիլ` հայրենի հողին ու լեզուին վերջնականապէս տիրանալու համար: Յիշե՞նք մայրենիին հանդէպ անդաւաճան անուններ` Սիլվա Կապուտիկեան, Զօրի Բալայեան, Պարոյր Սեւակ, Գէորգ Էմին ու Համօ Սահեան, Վարդգէս Պետր սեան, առանց մոռնալու Ռաֆայէլ Իշխանեանը, որ ամէն վտանգ ու սպառնալիք աչքն առած` պայքարեցաւ առանց տեղի տալու խրատներուն եւ զգուշացումներուն ու ամբողջ բանակ մը` հեղինակաւոր ու վաստակաշատ գիտնականներ, թուաբանագէտներ, հայե՛ր, որոնց ազգային արժեհամակարգին շնորհիւ շահուածն է, որ մենք կը վայելենք այսօր…
Իսկ մենք, սփիւռքի տարածքին, կը վերցնէինք ու ցայսօր կը վերցնենք աւելի՛, շա՛տ աւելի ծանր բաժինը այդ պայքարին: Դուք հայրենի հողին վրայ էք, ուր հայերէնը կ՛ապրի, կը շնչէ ու կը ներշնչէ, իսկ մենք, զրկուած ըլլալով անկէ, մեր մայրենին է, որ դարձուցած ենք հող ու հայրենիք` ստեղծելով մամուլ ու դպրոցներ, զորոնք պահելն ու անոնց գոյատեւելը երաշխաւորելը այլ մղձաւանջներ կը ստեղծէ օր ու գիշեր…
Հաւատացինք ու դեռ կը հաւատանք, որ օր մը հայրենի մասնագէտներն ու մանկավարժները օգնութեան պիտի հասնին հետզհետէ անգտանելի դարձած մանկավարժ ուսուցիչներու եւ գիտնականներու հայթայթման… Նախարարութեանդ անտարբերութիւնը մե՛ր պէտքերուն հանդէպ` աւելի քան աննախատեսելի էր… Հոն ոչինչ կայ մեզի համար, ու մենք կրկին առանձին ենք մեր կարողականութեանց հետ: Իսկ մեր կողմէ ձեզի տրամադրուած նիւթական հոսքին համար դուք մեզի կը շռայլէք կեղծիք միայն, առաւել եւս կեղծաւոր կը թուին նաեւ ձեր ամէն տեսակի հայապահպանական, հայրենասիրական ու ազգանու րման մասին ձեր բարբաջանքները Հայաստանի, նոյնպէ՛ս եւ հայ գաղութներու մէջ` ձեր այցելութեանց ընթացքին: Որովհետեւ այդ Հաւատքի աւազանին մէջ կնքուած մեր ե՛ւ Գրաւոր Լեզուն, ե՛ւ ուղղագրութիւնը գլխաւոր միջոցներն են, որ մեզ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՊԷՍ ձերբազատելու են«Չարիքի» առ տակաւ շարունակուող կայսրութեան ապազգայնացուցած մեր անցեալէն: Իսկ այդ ԼԵԶՈԻԻ իմացութիւնն ու իւրացումը կ՛երաշխաւորուին միմիայն բուհերուն մէջ` շնորհիւ մեր սքանչելի գրականագէտ-գրող-բանաստեղծ դաստիարակներուն:
Ինչպէ՞ս յուսադրուիլ, ինչպէ՞ս հաւատալ, որ մենք կրթութեան եւ գիտութիւններու նախարարութիւն ունինք, որուն միակ նպատակը իբր թէ «դիւրացնել» է երկրին մասնագիտական, ձեր լեզուով` «թեքնոլոճիական» մակարդակը, որուն արդիւնքով ի՜նչ ինչ ներդրումներ կ՛ակնկալէք ի շահ հայրենիքի՞ն…
Ի դէպ, հոս տեղին է յուշել, որ ֆրանսախօս Քեպեք նահանգը իր թիւ 101 օրէնքով պարտադիր կը դարձնէ ֆրանսերէնի գործածութիւնը ամէնուրեք: Քանատայի պաշտօնական լեզուները հաւասար իրաւունքներով ֆրանսերէնն ու անգլերէնն են, բայց որովհետեւ Քեպեքը նահանգ է եւ ֆրանսախօս փոքրամասնութիւն` Քանատայի մէջ, շրջապատուած ըլլալով ամէն վայրկեան իր լեզուին սպառնացող անգլերէնով, մասնաւոր օրէնքներով պարտադիր կը դարձնէ անոր գործածութիւնը պաշտօնական թէ սովորական գործարքներու մէջ (աշխատանքի մը դիմող անձ մը պարտաւոր է նախ ֆրանսերէն գիտնալ): Մոնրէալը ու ի 2 ֆրանսախօս եւ 2 անգլիախօս համալսարաններ, որոնց գիտական մակարդակը միջազգային համբաւ կը վայելէ: Այս համալսարաններուն դասաւանդած բոլոր նիւթերը կը կատարուին ֆրանսերէնով: Անգլերէնով հրատարակուած մասնագիտութեան վերաբերող գիրքեր, պարբերաթերթերն ու ամսագիրները կը թարգմանուին ֆրանսերէնի: Ոչ ֆրանսախօս դասախօսները կը խօսին ֆրանսերէն թարգմանիչ գործիքներու օժանդակութեամբ: Ուրեմն, ֆրանսերէնը պարտադրելը նաեւ քաղաքական որոշում է, ինքնութիւնը պահելու եւ հիւսիսային այս անգլիախօս տարածքին մէջ չձուլուելու ռազմավարութիւն է: Հայաստանի թարգմանիչներ ւ յարատեւ աշխատանք հայթայթած կ՛ըլլաք, իսկ Հայաստանի լեզուաբանական կաճառին` մեր ճկուն հայերէնը հարստացնելու աշխատանք, նորագոյն ճարտարարուեստի բառակազմութեան համար: Կը մնայ մէկ բան. հաւատա՛լ եւ համոզել բոլորը, որ մենք այսպէ՛ս երկիր կը կառուցենք:
Մենք քաջ գիտենք, որ նոր Հայաստանը, ինչպէս որ դուք կը սիրէք զայն կոչել, տակաւին պատրաստ չէ իր ուժերով սփիւռք պահելու: Մենք` սփիւռքահայերս, պատրաստ ենք նո՛յն անխախտելի հաւատքով, եղունգներո՛վ ու ակռաներո՛վ, եթէ պէտք է, պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնն ու գոյութիւնը` ապաւինելով միմիայն մեր արդէն սրբացուած ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻՆ, որուն դասական ուղղագրութիւնը ձեզ կը խանգարէ, կը շփոթեցնէ, իբր թէ` դժուարահասանելի գիտութիւն, որուն ետին կը նախընտրէք անտեսել ամենակարեւո՛րը, որ կրթական նախարարութիւնդ պարտաւոր էր կատարել մեր անկախութեան առ ջին իսկ օրէն, 1991-ին, Հայաստանը ազատ ու անկախ յայտարարելու օրն իսկ, որպէս Հայաստան-սփիւռք միացնող ուժ, որ կը շարունակէք յամառօրէն «որերորդ կարգի դասել», ձեր ուղղագրութեամբ մեզ մեկուսացնել, մեզ ձեզմէ հեռացնել, այսինքն` միանալ ա՛յն խարդախ ու աղուէսադրոշմ քաղաքականութեան, որուն միակ նպատակը հայութիւնը աղճատել իսկ էր, հայը կտրելն էր իր միւս` սփիւռքի մէջ տարտղնուածներու արմատներէն: Արեւելահայերէնը կը կաղայ ու նահանջի մէջ է արդէն, իսկ դուք այդ քաղաքականութեան առ տակաւ կիրարկողը դարձած էք… Պարո՛ն նախարար, ձեր խեղաթիւրուած տեսլականը կը խոչընդոտէ ե՛ր ՔԱՅԼԵՐԸ:
Մեր խոշտանգուած ու ցիրուցան եղած ժողովուրդը ի մի բերող կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները հաւատացին մեր լեզուի ուժին եւ անկէ բխած կորովով կառուցեցին մեր 104 տարեկան սփիւռքը, որ այսօր թեւ ու թիկունք կը կանգնի այն հայրենիքին, որ վերջապէս ինքզինք կը յայտարարէ «ազատ ու անկախ»:
Եւ վերջապէս, պարո՛ն նախարար, ունեցանք երազուած ու միմիայն մեզի՛ պատկանող հարազա՛տ հող, վերջապէս` հայերէ՛ն ամէնուրեք, հայախօս ոստիկան ու վարորդ, փռապան ու դերասան, փողոցը զուարթացնող, հայերէնո՛վ խաղացող մանուկներ, ամէն տեղ հայեր, հայալեզո՜ւ… Դուք գիտէ՞ք ատոր արժէքը սփիւռքահայուն համար, դուք նշմարա՞ծ էք թաց աչքերը անոնց` ի տես այս իրակա՛ն ու շօշափելի հայրենիքին, որ երազ ըլլալէ դադրած է այլեւս, թէկուզեւ` արդէն խարդախուած, այսօ՛ր իսկ, դուրսէն թէ ներսէն, եւ շատ հաւանականութեամբ դուք անտեղեակ` դուրսէն դէպի ներս խուժող աղէտէն, որ ա նպիսի փայլուն ծրարներով ձեզի կը ներկայանայ որպէս «երկրի փրկիչ», նորագոյն աղուէսի քաղաքականութեամբ,ձեր ինքնասիրութիւնը միայն շոյող մետալներու ու ծափերու խժալուր աղմուկին մէջ լռութեան մատնելով իւրաքանչիւր իմաստուն քայլ` ի շահ Հայաստանի: Ձեր առած «քայլ»-երով մեր նորաբոյս երկրին հումքը կը խժռեք 70 տարի կորսուած համարելէ ետք այն արժանապատուութիւնը, որ այնքան դժուարաւ վերակերտուեցաւ մեր մեծ ու փոքր յաղթանակներով: Յուսադրել ու հաւաստիացնել երիտասարդութիւնը, թէ հայերէնի բուհերէն վերացմամբ հարցերը կը լուծուին… եւ թէ` այդ է ուղին դէպի արդի կանութիւն եւ աշխարհին հետ քայլ պահելու միջո՞ց, ինչպիսի՜ խաբկանքի մատնելով զանոնք:
Հոս սփիւռք է, տեղական կառավարութիւնները ամէն վայրկեան կը փորձեն կրճատել մեր հայերէնի պահերը: Մենք ամէն օր կ՛ապրինք խառն ամուսնութիւններու հետեւանք` ոչ միայն ձուլման վտանգները, այլեւ` այլասերման վտանգները: «Արի տուն» սփիւռքի նախարարութեան ծրագրով Հայաստան այցելած մեր սկաուտ կամ պատանի տղաքը մեծ խանդավառութեամբ կը յիշեն իրենց կեցութիւնը, սակայն մեծ յուսախաբութեամբ կը խօսին Երեւանի ռուսերէնախառն եւ անգլերէնախառն հայերէնին մասին, կ՛այպանեն, որ ամէն տեղ հայերէն տառերով օտարալեզու ազդեր կան, ճաշարանները դարձեր են ռեսթմրան, իւանդանոցը` հոսփիթալ, փուռը` պէյքըրի, շուկան` մարքեթ: Անոնք ցանկ կազմած են, որ խօսակցական լեզուին քանի՞ տոկոսը մաքուր հայերէն է… Հարց կու տան. այս ամէնը` վերջին 28 տարուան մէջ, այսքան արագընթաց հայերէնի նահա՞նջ…
Իսկ դուք, պարո՛ն Յարութիւնեան, կարծես վէրքին վրայ աղ ցանելու պէս, կրթութեան նախարարութիւնդ, կարծես ամենագէտ, ամենակարող Աստուած ըլլար, կը յանգի ՄԵԶ ՈՒ ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՑՆԵԼՈՒ քաղաքականութեա՞ն…
Հայերէնը Հայաստանի պաշտօնական լեզուն է` ըսուեցաւ ու ամրագրուեցաւ, սակայն ոչ մէկ` «քայլ առնող» մարմին, ոչ իսկ հին կամ նորագոյն վարչապետ ու նախագահ, փորձեցին սփիւռքը հայրենիքէն վերջնականապէս հեռացնելու սովետական միտումնաւոր քաղաքականութիւնը սրբագրել: 1923-ին յայտարարուած եւ հլու հնազանդ կերպով գործադրուած տեքրետը (decree) չեղեալ համարել ու դասական ուղղագրութիւնը որդեգրել` որպէս միասնութեան առհաւատչեայ: Գիրքերու հեղինակները իրե՛նք, եւ` կարգ մը հրատարակչատուներ, իրենց «պիզնեսը» սփիւռք հասցնելու հետամտութեամբ, սկսան դասական ու ղագրութեամբ հրատարակել կարգ մը գործեր, բայց ասոնք ձեզ` մեր «կրթութեան նախարարութիւնը» չեն հետաքրքրեր, որովհետեւ իրեն վստահուած պաշտօնը հայերէնը նախ իր պարտադիր վիճակէն դադրեցնել է` իբր թէ թող բուհերու պատասխանատու տեքանները որոշեն, թէ զայն պարտադրե՞ն, թէ՞ ոչ»: Այո, որպէսզի մեր հպարտութեան ու սքանչացումին արժանի մեր հեղինակաւոր գրականագէտները, լեզուաբաններն ու պատմաբանները փոխարինելու պատճառաբանութիւնը պատրաստ ըլլայ, որ առանց տափ-թմբուկի, անձայն ու անշշուկ հեռացուին անոնք եւ փոխարինուին «ձեզի հետ քայլ առնող» անգոյն ու անգրագէտ, փող վ ու փորով լիցքաւորուածներու փաղանգով:
Հայաստանը մեր հայրենիքն է, թէկուզեւ` ռուսախառն ու անգլերէնախառն հայերէնի գործածութեամբ, թէկուզեւ` «մոտեռնացման կիրքով գինովցած», կարծես հայերէնը թանգարանի պատկանած ըլլար, թէկուզեւ` հետզհետէ բազմացող անտարբեր երիտասարդութեամբ, (քանիներ չէին գիտեր, թէ ո՛վ է Մաշտոցը, Կոմիտասն ու Խորենացին, այս վերջի՞նս գիտէին. «Հա՛, փողոցի անուն ա, էդ ա…»): Ասո՞ր է, որ կը ձգտի հասնիլ այսօրուան կրթութեան նախարարութիւնը… Հաւատա՞լ ենթադրեալ «ճշմարտութիւն»-ներուն, թէ՞ խոստովանիլ, որ դուք չէք կրնար նման դաւաճանութիւն ընել մեր այնքան դժուարու իւններէ ետք ձեռք բերած պետականութիւնը դաշունահարել ներսէն: Պարզապէս տակաւին շատ էք միամիտ` կարենալ հաւատալու ձեր ուժերուն ու անհաւատալի ստեղծագործական կարողականութեան, ուղեղի ներուժին, առանց նաւթահորերու ու բնական հարստութիւններու նուաճել գիտնալ ու զարգացնել երկիրը, գիտակցօրէն եւ համոզումով,առանց տեղի տալու համաշխարհայնացման գլանին…
ԶԱՐԳԱՆԱԼ` ԱՌԱՆՑ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ… այս է Դաշնակցութեան գործելակերպի նշանաբանը, որ հիմնուած է 110 տարուան սփիւռքեան տաքն ու պաղը տեսած ու ապրած փորձառութեան վրայ: Դուրսինները միշտ աւելի գունեղ ու զուարթ են, երեւոյթո՛վ միայն, իսկ հիմա սփիւռքը չէ, որ կը վտանգուի, մեզ չեն կրնար խախտել, այլ` մեր այնքան տակաւին փխրուն, նորածիլ հայրենիքը: Կաշառքը միմիայն նիւթականով չ՛ըլլար, այլ` մեզ իրենց ոլորտին մէջ բանտելու քաղաքականութեամբ ու գաղափարախօսութեամբ, որ անուն չունի, մինչեւ որ հասնին իրենց դարաւոր երազին. Հայաստանը` առանց հայի, որուն հաս ելու առաջին «քայլը» նախարարութեանդ հրահանգ ու օրէնք դառնալիք հայերէնի ու հայոց պատմութեան վերացումն է համալսարաններէն:
Պարո՛ն նախարար, ժա՛մ է ոտքի կանգնելու եւ հայո՛ւ միտք ու մկանով, եթէ պէտք է` արիւնո՛վ իսկ պաշտպանելու մեր մշակութային իւրաքանչիւր պատառ ու փշրանք, իւրաքանչիւր իրաւունք ու հաւատամքի կտոր, որոնք ազգը պահող միակ երաշխիքներն են եւ կտրականապէս մերժել ներմուծուած համակարգերը` ի գին այս կամ այն գաղափարախօսութեան: Մենք պէտք եղած իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը ունինք: Կարգը մեր բոլորի՛նն է, թէ՛ հայրենիք եւ թէ՛ սփիւռք, որ միասնաբար «քայլ առնենք» ու թոյլ չտանք նման անհեթեթութիւններու իրագործման:
Վարդի ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Մանկավարժ-ընկերաբան
Մոնրէալ