Հայերէնի նահանջը եւ անոր դէմ կազմակերպուած հին եւ նոր, տգէտ, բացայայտ թէ ծածուկ ազգադաւ նախայարձակումները արդարացման պարարտ հող գտած են համաշխարհայնացման նորատեսակ կայսրութեան պատշաճելու նորարար մարգարէներու որդեգրած ընթացքով, անհատական, հաւաքական, պետական, թէ գիտական:
Իրապէս անգէտ եւ տխմար ըլլալու է, չտեսնելու համար, որ համաշխարհայնացում եւ անգլերէնի անզսպելի դարձած համատարած տիրապետութիւն միասնաբար կ’ընթանան, զիրար կը լրացնեն, իրարու նեցուկ են: Այս վտանգը դամոկլեան սուրի պէս կախուած է ոչ միայն փոքր ժողովուրդներու գլխուն վրայ, այլ նաեւ երէկի եւ այսօրուան մեծերու մէկ մասին. մեծ՝ որպէս երկիր, մեծ՝ որպէս համրանք, մեծ՝ որպէս մշակոյթ:
Բայց որովհետեւ համաշխարհայնացումը տնտեսական է, այսինքն՝ դրամատիրական կայսրութիւն, արտադրանքի, սպառման եւ զբօսի, որոնք իրենց կարգին ենթակայ են թիւերու, հաշուեկշիռներու եւ շահերու, ազգային նկարագիր, ինքնուրոյնութիւն, անցեալ, պատմութիւն եւ բնազանցական առումով բարոյական, կը դառնան նախնականութիւն: Եւ մարդկութիւնը, աստ եւ անդ, Չինաստան եւ Հնդկաստան, Ֆրանսա թէ Գերմանիա, Հարաւային Ափրիկէ թէ Շուէտ, ինքզինք ամէն օր քիչ մը աւելի կը բանտարկէ նոյնացման կաղապարին մէջ, եւ այդ կը համարէ յաջողութիւն, յառաջդիմութիւն, բարօրութիւն:
Հայաստանի մէջ հայերէնի բարձրագոյն մակարդակով ուսուցման համար ծաւալած բանավէճերուն արձագանգեց նաեւ հայկական Սփիւռքը: Իր ինքնութեան, շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութեան տէր իւրաքանչիւր հայ, ինքզինք կը գտնէ (կը գտնէ՞) երկսայրաբանութեան (dilemme) մը առջեւ, եթէ թատերական ոճով կ’ուզէք խօսիլ, կը կրկնէք Շէքսփիրի հռչակաւոր ասութիւնը. լինե՞լ, թէ՞ չլինել: Ի հարկէ խօսքը չի վերաբերիր ֆիզիքական գոյութեան, այլ որպէս դարերու խորքէն ստացուած տարբերութեան յատկանիշով գոյութեան: Մեր պարագային՝ հայկական, ինչ որ մեզ կ’ընէ տարբեր դրացի եւ հեռու ազգերէն: Ապագային պիտի ըսե՞նք՝ կ’ընէր տարբեր, եթէ այդ ըսողները մնացած ըլլան:
Կարդացեք նաև
Այս տարբերը հարիւր տարիէ ի վեր, երբ հայրենահանման հետեւանքով, ոչ հայրենալքման, Արեւմտահայ ժողովուրդը Սփիւռք դարձաւ, առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ, պահուեցաւ: Եւ էապէս պահուեցաւ հայերէնով, եւ կը պահուի, երբ ան կը մնայ որպէս կեանքի լեզու, չըլլայ շաբաթավերջի կամ Շաւարշ Միսաքեանի այնքա՜ն դիպուկ բնորոշումով՝ հաց պանիրի հայերէն: Սփիւռքի մէջ, հոն անգամ ուր հայկական դպրոցներ կան, հայերէնը կը նահանջէ, կը կորսնցնէ իր կեանքի լեզու ըլլալու բնոյթը, քանի որ կեանքի առնչուող դասանիւթերը դադրած են եւ կը դադրին հայերէն ըլլալէ. ուսողութիւն, գիտութիւն, աշխարհագրութիւն, մարզանք եւ խաղեր: Սփիւռքը չորոշեց իր նահանջը, ստիպուած ենթարկուեցաւ շրջապատի ուղղակի կամ անուղղակի ճնշման, տեղականացման կողքին զարգացող համաշխարհայնացման:
Վկայականներ չունեցող արմատախիլ զանգուածները, ընդոծին իմաստութեամբ, գործած են այնպէս, որ, հայերէնը հայրենիք է: Այս ըրած են ֆրանսացի գրող Ալէպէր Քամիւէն առաջ, որ ըսած է. «Այո՛, հայրենիք մը ունիմ, ֆրանսերէնը», Oui j’ai une patrie, la langue française:
Հիմա Սփիւռքը նահանջած է, կը նահանջէ: Զիջում կ’ընէ, հայերէնը հայրենիք է չի մտածեր: Արդէն շատ մը տեղեր, այդ հայրենիք լեզուն հաց պանիրի հայերէն անգամ չէ, հակառակ անոր որ լատինատառ հայերէն բառեր կարդալով բեմ բարձրացողներ ալ ըլլան: Թէ այս կացութեան առաջքը կարելի՞ է առնել թէ ոչ, այլ խնդիր է, որուն մասին պէտք է խօսիլ, առանց մանրավաճառի անկարողութեան ճապկումներու:
Այսօր անմիջականօրէն մտահոգիչ է հայերէնի կացութիւնը որպէս կեանքի լեզու նաեւ Հայաստանի մէջ:
Ոչ ոք միամտութիւն թող տեսնէ այս տողերուն մէջ: Գիտենք, կը տեսնենք, որ համաշխարհայնացումը անգլերէնի համաշխարհայնացումն է: Այս հաստատումէն ետք, ֆրանսացին, գերմանացին, արաբը, հնդիկը, բոլոր միւսները, հետեւաբար նաեւ հայը, պիտի ընդունի՞ն, որ իրենց ինքնութեան պատուանդան լեզուները կուլ երթան անգլերէնի համաշխարհայնացման, որ կանգնած է բոլորի սահմաններուն վրայ, որպէս տնտեսութիւն, մշակոյթ, դրամատիրութիւն եւ զբօս: Մեր նպարավաճառային եսերը եւ բանգիտութիւնները յաղթահարելով, կը խօսի՞նք այս մասին, թաղի քահանայ եւ վարժապետ, քաղաքապետ, նախարար, վարչապետ, նախագահներ, ակադեմիկոսներ եւ պատմաբաններ: Պիտի բաւարարուի՞նք քաղաքակրթական եւ մշակութային փոփոխութիւններու թատրոնը դիտելով, թէ՞ գիտակից ինքնապաշտպանութեան ընթացք պիտի որդեգրենք:
Այսինքն՝ պիտի ունենա՞նք իսկական իրաւ ազգային ղեկավարութիւն, թէ՞ միայն տնտեսավարողներ, հաշուապահներ եւ երեւելիներ, ի հարկէ միշտ՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Այս հարցման պատասխանելու համար վաղը միշտ ուշ է: Այս հարցման այսօր չպատասխանել մտաւորական եւ ղեկավարական անբարոյութիւն է, ազգի անփառունակ անհետացման յանձանձում:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում