Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թրամփ պէտք չէ արտօնէ, որ երկրին մայրաքաղաքին մէջ օտար երկիրներ ոտնակոխեն ամերիկացիներուն տարրական իրաւունքները. բողոքի ալիք՝ Էրտողանի այցի դէմ. «Ասպարեզ»

Նոյեմբեր 14,2019 10:17

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայցուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի ղեկավարները Երեքշաբթի օր շարունակեցին քննադատել Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը Սպիտակ տուն այցելելու պատիւին արժանացնելու՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը, յատկապէս այն միջոցին, երբ անոր զինուորները Ամերիկայի դաշնակից քիւրտեր կը սպաննեն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ։

Քոնկրեսականները նաեւ լուսարձակի տակ առին այն իրողութիւնը, որ Էրտողանի 2017ի այցելութեան ընթացքին խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակած Էրտողանի թիկնապահներէն միայն մի քանին մեղմ պատիժներ կրած են՝ շեշտելով, որ Թրամփ պէտք չէ արտօնէ, որ օտար երկիրներ երկրին մայրաքաղաքին մէջ ոտնակոխեն ամերիկացիներուն տարրական իրաւունքները։

Երկու շաբաթներու ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով, ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ Ծերակոյտի բեմէն քննադատեց Էրտողանի Սպիտակ տուն այցելութիւնը՝ նշելով 10 պատճառներ, որոնք պէտք է արգիլած ըլլային այցելութիւնը. անոնց շարքին են՝ Սուրիոյ մէջ պատերազմական ոճիրներու գործադրութիւն Թուրքիոյ կողմէ, Ռուսիայէն հակաօդայիններ գնելու Անգարայի որոշումը, Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ Յունաստանի սահմաններուն խախտումները։

Իր կարգին, ծերակուտական Քրիս Վան Հոլըն, դարձեալ Ծերակոյտի բեմէն, «ամօթ Միացեալ Նահանգներուն» յայտարարեց՝ քննադատելով Էրտողանը Սպիտակ տան մէջ ընդունելու Թրամփի որոշումը։ Ան շեշտեց, որ Էրտողան կը շարունակէ իսլամ ծայրայեղական զինեալներ գործածել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր նպատակներուն հասնելու համար եւ յիշեցուց Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած հայ կրօնականի մը սպանութեան պարագան։

Ծերակուտականներ Ռիչըրտ Տըրպըն, Էտ Մարքի եւ Ռան Ուայտըն մամլոյ ասուլիս մը տուին այլախոհ թուրք պասքեթպոլի մարզիկ Էնես Քանթերի եւ Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբին հետ, լուսարձակի տակ առնելով Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդկային տարրական իրաւանց ոտնակոխումները։

Իր կարգին, ծերակուտական Ռիչըրտ Տըրպըն «Սի.Էն.Էն.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց Էրտողանի Ուաշիկթըն այցելութիւնը։

Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամներ Մայքըլ ՄըքՔոլ եւ Տեն Քրենշօ եւս իրենց ձայնը միացուցին բողոքի ալիքին՝ պահանջելով գործադիր իշխանութիւններէն, որ Էրտողանի թիկնապահներուն վայրագութիւններէն պաշտպանեն Էրտողանի այցելութեան դէմ բողոքողները, որպէսզի անոնց ազատ արտայայտուելու իրաւունքը ոտնակոխ չըլլայ իրենց երկրին մէջ նման իրաւունքներ ոտնահարող թուրք զինեալներու կողմէ։ «Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները պէտք է հասկնան, որ ամերիկեան օրէնքները պէտք է ամբողջութեամբ յարգեն Ուաշինկթընի մէջ», շեշտեց ՄըքՔոլ։

Նկարում՝ Ձախէն աջ՝ ծերակուտականներ Մարքի, Ուայտըն, Քանթերի եւ Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչ մը

asbarez

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930