Ամիսներ առաջ հայրենի օրհներգը փոխելու առաջարկ մը մեծ ընդվզում յառաջացուցած էր եւ հաւանաբար այդ իսկ պատճառով հարցը փակուած ու մոռացութեան ենթարկուած էր։
Այս անգամ կարգը եկած է հայերէն լեզուին եւ հայեցի ուսուցումը համալսարանական մակարդակի վրայ չպարտադրելուն, որ բարբարոսաբար եւ «բրուտոսաբար» առաջարկուած է զայն պաշտպան նկատուող, պաշտպանող, հովանիին տակ առնող եւ գուրգուրացող կրթութեան նախարարութեան կողմէ։
Ի՜նչ սին եւ սնոտի հայեցակէտ, գաղափար եւ մտայղացում։
Յատկապէս երբ կրթութեան նախարարութիւնն է առաջարկողն ու խնդրոյ առարկան, դժուար է անցնիլ կարմիր գիծը եւ իջնել կռուազանութեան մակարդակին։ Ի վերջոյ, կրթութիւնն է, որ կը կերտէ երկրի մը ընտրանին եւ առանց կրթութեան կարելի չէ գործել, յառաջդիմել եւ յաջողիլ։ Հետեւաբար, ահաւոր սխալ մը պիտի ըլլայ անյարիր մեղադրանքներով պախառակել այդ գաղափարը յղացողն ու անոր ետին կանգնողը։
Կարդացեք նաև
… Ճիշդ է, որ լեզուն հաղորդակցական միջոց մըն է, սակայն այդքան պարզ հաղորդակցելուն կ՛անդրադառնանք։ Հապա՞ այդ լեզուին ետին կանգնող ազգը, մշակոյթը, արմատները, պատկանելիութիւնն ու պատմութիւնը։ Մոռնա՞նք այս բոլորը։ Միթէ ինքնութեան տարբեր բոյր մը կամ հարազատութեան իւրայատուկ քիմք մը չէ՞ որ կը սփռէ մայրենի լեզուն։
Այսուամենայնիւ, անտեղի է ծայրայեղութեան երթալ եւ միայն ու միայն կառչած մնալ հայերէնին։ Անկասկած որ հայերէնի կողքին, գործնական եւ ասպարէզի պատճառով, հայորդին պարտաւոր է որ տիրապետէ այլազան լեզուներու։
Աւելի՛ն. նաեւ պէտք է նեցուկ կանգնիլ հայերէնին, իր զանազան ենթաբաժանումներով (արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն եւ այլ բարբառներ)՝ կարելի եղածին չափ զայն զերծ պահելով օտար բառերու գործածութենէն։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում