Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս կ՚ընթանան յառաջիկայ տարուան պիւտճէին վերաբերեալ քննարկումներ։ ՀՏՓ-ի Տիգրանակերտի պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ կ՚անդամակցի Պիւտճէի եւ ծրագրաւորումի մշտական յանձնախումբին, երէկի քննարկումներու ժամանակ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նիւթին կապակցութեամբ.
«Նախքան 1915-ը, այս հողերուն վրայ, Սպարտայի, Մերսինի, Ատանայի, Տրապիզոնի, Տիգրանակերտի, Պուրսայի մէջ հայեր կը բնակէին եւ իւրաքանչիւր հինգէն մէկը հայ էր այս երկրին մէջ։ Իսկ հիմա մարզադաշտ մը իսկ չենք լեցներ, եթէ բոլորս ի մի հաւաքէք։ Անշո՛ւշտ չշոգիացանք։ Պատահեցաւ մեծ աղէտ մը, զոր դժբախտաբար 104 տարիէ ի վեր կը մերժենք ուրացումի քաղաքականութեամբ. կը մերժենք խօսիլ այս մասին։ Տեսէ՛ք, այլ խորհրդարաններ կը խօսին այս մասին եւ մենք կ՚ըսենք թէ թող չխօսին։ Նիւթ մը, որ կը վերաբերի այս տարածաշրջանին, թող խօսուի այս տարածաշրջանին մէջ։ Եթէ կայ աշխարհին վրայ միակ խորհրդարան մը, ուր այս նիւթը պիտի խօսուի, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովն է։ Որովհետեւ մենք այս հողերուն զաւակներն ենք»։
Սեւան Տէյիրմենճեան
խորհրդական Տիգրանակերտի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի