Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Ծերակոյտը պէտք չէ տեղի տայ թրքական ճնշումներուն դիմաց եւ պէտք է անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Մենենտեզ. Asbarez

Նոյեմբեր 07,2019 10:10

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պապ Մենենտեզ 5 Նոյեմբերին, ելոյթ մը ունենալով Ծերակոյտին մէջ՝ նախ քննադատեց Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ Թուրքիոյ յարձակումները եւ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ անթոյլատրելի վարքագիծը, ապա շեշտեց, որ Ծերակոյտը եւս պէտք է ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը (թիւ 150), հետեւելով Ներկայացուցիչներու տան օրինակին:

Մենենտեզ յիշեցուց նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Էրտողանի թիկնապահներուն յարձակումը խաղաղ ցուցարարներու վրայ, եւ նշեց, որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ընդունումէն ետք, Թուրքիա ջանք չի խնայեր նման բանաձեւի ընդունումը արգիլելու նաեւ Ծերակոյտին մէջ, որովհետեւ, ըստ Մենենտեզի, Անգարան գիտէ, որ եթէ բանաձեւը քուէարկութեան դրուի, անիկա պիտի ընդունուի:

Ան շեշտեց, որ Ծերակոյտը պէտք չէ տեղի տայ թրքական ճնշումներուն դիմաց եւ պէտք է անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Միւս կողմէ, «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ նախագահ Թրամփի վարչակազմը դէմ արտայայտուած է Թուրքիոյ նկատմամբ որդեգրուած պատժամիջոցներուն, որոնք անցեալ շաբաթ ընդունուեցան Ներկայացուցիչներու տան կողմէ։ Վարչակազմը դէմ է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւին՝ հաստատելով, որ այս երկու նախաձեռնութիւնները կրնան աւելիով սրել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները։

Գործակալութիւնը յայտնեց, թէ այս լուրին աղբիւրը «արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը»ն է։ Կը նշուի, թէ վարչակազմը անհանգիստ է, որ անցեալ շաբաթ ընդունուած պատժամիջոցները «պիտի կապեն» Ամերիկայի վարչակազմին ձեռքերը ու պիտի կրճատեն լուծումներու այն տարբերակները, զորս Ամերիկա կը մշակէ Թուրքիոյ գործողութիւններուն փոխադարձելու համար։ Նոյն պաշտօնեան խուսափեցաւ սակայն պատասխանելու այն հարցումին, թէ Թրամփ վէթոյի  պիտի ենթարկէ՞ բանաձեւը, եթէ իրեն հասնի։ Պաշտօնատարը պնդեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Ամերիկայի դիրքորոշումը չէ փոխուած՝ նշելով, որ իրենք կը սգան 1.5 միլիոն հայերուն համար, որոնք սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ «Ամերիկա արդէն յարգած է «Մեծ Եղեռն»ի զոհերուն յիշատակը, զայն անուանելով 20րդ դարու ամենասարսափելի ոճիրներէն մէկը եւ կ՛ողջունէ այն ջանքերը, զորս Հայաստան եւ Թուրքիա կը տանին՝ պատմութեան հետ առերեսուելու ուղղութեամբ», նշեց ան։

 

Asbarez

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930