Այսօր առաւօտուն ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի Արդարադատութեան պալատը:

Երկու հրթիռ ինկաւ պալատի յարակից տարածքին մէջ, որուն հետեւանքով վեց քաղաքացի վիրաւորուեցաւ:

Նախորդ շաբաթ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած էին Հալէպի Նիլ պողոտայի տեղական շուկան, ուր արձանագրուած նիւթական վնասներուն կողքին կին մը վերաւորուած էր: