Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արդեօք Սաքիւրի պարտականութի՞ւնն էր դիտմամբ յարձակողական ոճով վերաբերիլը Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարին հետ, թէ՞ Պաքուի որդեգրած «ձկնկիթի քաղաքականութեան». «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 02,2019 11:56

Իրականութեան մէջ, տեղի ունեցածը զրոյց չէր, այլ վիճաբանական դժուար ու խրթին հանդիպում մը։ Յայտագրին անունն անգամ՝ «Hard Talk», լաւապէս կը նկարագրէ թէ հազիւ կէս ժամ տեւողութիւն ունեցող այս յայտագրին ինչպէս պիտի կարենայ հրաւիրեալը դիմադրել հրաւիրողը, կամ աւելի պարզ ձեւով բացատրելու համար, դժուար հարցումներուն պատասխանները որքա՞ն հեշտ ու հեզասահ պիտի ըլլան։

1997-էն ի վեր ծնունդ առած է խորքային հարցազրոյցներ՝ ծանրակշիռ հարցերու եւ զգայուն նիւթերու շուրջ ընթացող այս յայտագիրը, որուն զրուցավարը աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր բազմաթիւ մրցանակներու տիրացած մասնագէտ Սթիւըն Սաքիւրն է։ Ծանր խօսակցութենէ  («Hard talk» )  աւելի, սփրուածը «Survival of the fittest»-ի (Յարմարագոյնին յարատեւումը) մը ստեղծած կացութիւնն է, ուր հրաւիրուած անձնաւորութիւնը կրնայ յաղթահարել եւ չէզոքացնել իր դէմ լարուած «ական»-ները։

Արդեօք Սաքիւրի պարտականութի՞ւնն էր դիտմամբ յարձակողական ոճով վերաբերիլը Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարին հետ, թէ՞ Պաքուի որդեգրած «ձկնկիթի քաղաքականութեան» (Caviar Diplomacy) արդիւնքը։ Հարցազրոցին հետեւողը մութ ծալքեր պեղելով եւ կասկածելի կապեր նկատելով կրնայ այլ եզրակացութիւններու յանգիլ։

Առ այդ, հարց-պատասխանի լոյսին տակ կարելի է հասկնալ ու բաժնել Արցախի Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ Վահրամ Բալայեանի արծարծած մտահոգութիւններն ու նշումները, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը չէ կրցած պատշաճօրէն պատասխանել։

Քայլ մը աւելի անդին երթալով, Սաքիւր այնպէս կը ներկայացնէր հիմնահարցը, թէ հայկական կողմն է, այսինքն Հայաստանի բանակն ու արցախահայութիւնը, որ շարունակ չէ յարգած մարդկային տարրական իրաւունքները, միշտ ալ նկատուելով յարձակող խնդրայարոյց կողմը։

Սաքիւր իր ինքնավստահութեամբ եւ գերհամարձակութեամբ այն տպաւորութիւնը կը ձգէր, թէ ո՛չ թէ ինքն էր հրաւիրեալը, այլ դժբախտաբար, թէ՛ հրաւիրողը եւ թէ՛ հրաւիրեալը։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930