Լիբանանցի ժողովուրդը փտած իշխանութեան դէմ իր պայքարին առաջին յաղթանակը արձանագրեց երէկ յետմիջօրէին, երբ Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր հրաժարականը ներկայացուց հանրապետութեան նախագահին:
Յարգելի վարչապետը անգամ մը եւս փաստեց, իր պետական մարդու արժանիքը երբ, թէկուզ քիչ մը ուշ, ան փաստեց որ Լիբանանը ամէն բանէ առաջ է, ինչպէս ինք միշտ կրկնած է:
Կը շնորհաւորենք 13 օրերէ ի վեր դժուար սակայն աննկուն պայքար տարած մեր սիրելի եղբայրակիցներուն յաղթանակը, ինչպէս նաեւ մեր կուսակիցները, որոնք ժողովրդային ընդվզումի առաջին իսկ օրէն գտնուեցան ցոյցերու ամէն հրապարակներուն վրայ:
Կարեւորը այս պահուս այս առաջին յաղթանակը լաւագոյնս արժեւորելն է եւ անխոնջ կերպով ճնշումը շարունակելը մինչեւ իրագործուին ժողովրդային պահանջներուն բոլոր հանգրուանները՝ միշտ սահմանադրութեան հիման վրայ: Այս մէկը մեզի կը պարտադրէ խոհեմութիւն եւ հեռատեսութիւն:
Կարդացեք նաև
Հրապարակները միշտ լեցուն պահելով, ատենն է մայրուղիները ազատ պահել ժողովուրդին երթեւեկին առջեւ, որպէսզի ան կարողանայ պարէնաւորուիլ եւ իր աշխատանքները դասաւորել միշտ պատրաստ ըլլալու դիմակալել յեղափոխութեան յաջորդող հանգրուանները:
Պայքարի յաջորդ հանգրուանը՝ իշխանութեան վրայ ճնշումն է անկախ եւ արհեստավարժ անձնաւորութիւններէ կազմուած նախարարաց խորհուրդ մը կազմելը: Ճանապարհը տակաւին երկար է: Սակայն ժողովուրդը, որ ինքն է աղբիւրը իշխանութիւններուն եւ տէրը երկրին գերիշխանութեան, անպայման պիտի յաղթէ:
Այս առիթով կը շնորհաւորենք լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովական ուժերը, որոնք հակառակ իրենց վրայ բանեցուած քաղաքական ճնշումներուն, մնացին ժողովուրդին կողքին, միշտ ինքնազուսպ՝ շատ յաճախ հոգատար վերաբերմունք եւ հասկացողութիւն ցոյց տալով ցուցարարներուն:
Փառք եւ պատիւ, բոլոր անոնց, որոնք առաջին օրէն միացան ժողովրդային արդար յեղափոխութեան:
Կը մնայ մաղթել անոնց, որոնք իրենց գրաւը դրին եւ կը շարունակեն դնել անողոք իշխանութեան մը գոյատեւումին վրայ, վերատեսութեան ենթարկեն իրենց հակաժողովրդական եւ ինչ-ինչ սեփական շահերէ ելած քաղաքականութիւնը ու օր առաջ միանան արդարութիւն պահանջող քաջ ժողովուրդին:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ