Եւ անկեղծօրէն՝ այս իշխանութեան ջատագովները (ներառեալ՝ նաև մեր պետութեան որակին նախանձախնդիր ընկերներ) սխալ կ՚ընեն մեր առարկութիւններուն դիմաց պարզելով սովետատիպ հակաճառութիւններ փոխանակ հարցերու էութեան անդրադառնալու։ Վերջ տուէք այս անմիտ և աննպատակ «պաշտպանողականներուն» և կեդրոնացէք իրական հարցերուն վրայ։ Վերջ տուէք մեզ նախկին վարչակարգին հաւասարեցնելու ծիծաղելու փորձերուն։ Ներկայ իշխանութիւնը այն չէ, ինչ կը կարծէիք։
Դուք գիտէք այդ մէկը։ Գիտէք նաև, որ ան կրնայ աւելի սայթաքիլ։ Պետական կեանքը (իր դաժան հրամայականներով) սկսած է այլասերել մարդոց մտայնութիւնը։ Յայտնի գործընթա՛ց մը՝ որ պէտք չէ զարմացնէ մեզ։ Պատահած է և պիտի պատահի նաև այս իշխանութեան։ Հապա ինչո՞ւ համար են ընդդիմադիր ուժերը։ Եւ ինչո՞ւ համար էք դուք։ Տևաբար ձեր օրհնութի՞ւնը տարածելու իշխանութեան թերիներուն վրայ։ Դադրեցէք մեքենական ջատագովներ ըլլալէ։ Գովեցէք այն, որ գովելի է։ Բայց երբ կոպիտ մեղանչումներ թոյլ կը տրուին իշխանութեան — իսկ այս պարագային՝ նոյնինքն Պր. Վարչապետին — կողմէ, քաջութիւնը ունեցէք դաժան բարեկամներ ըլլալու։
Դաժան սիրով (tough love) սիրեցէք զայն՝ իշխանութի՛ւնը։ Ինչպէս ըրած ենք և կ՚ընենք մենք։ Ի վերջոյ մեր հաւաքական խնդիրն է բարելաւել պետութիւնն ու մեր ժողովուրդին կեանքը։ Դեռ ձեզմէ ոչ ոք համարձակութիւնը ունեցաւ հրապարակաւ պնդելու, որ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը մտնէ իշխանութեան նկատառման և հաղորդակցութեան դաշտ։ Որոշեցէք, թէ ինչպէ՞ս — և իսկապէ՛ս — օգտակար պիտի ըլլաք ձեր ջատագոված իշխանութեան։
Կարդացեք նաև
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում