Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Համալասարան մտնող հայ ուսանողը պարտաւոր է հայերէնով աւանդուող կամ հայագիտական որոշ նիւթերու հետեւելու․ «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 26,2019 10:42
hayeren

Այս տողերը պէտք չէ գրուէին, որովհետեւ ոեւէ հայ անկասկած որ անհեթեթ պիտի նկատէ քննարկել, վէճի նիւթ դարձնել մեր էութեան ու լինելութեան առնչուող հարց մը, որ անամպ երկինքին մէջ փայլող արեւու չափ յստակ է, չի կարօտիր երկար մեկնաբանութեան, չի դիմանար հակաճառութեան։

Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնարաններու մէջ (ԲՈՒՀ) հայերէն լեզուի, պատմութեան ու գրականութեան նիւթերը այսուհետեւ պարտադիր չընելու ծրագիրին։ Քանի մը օր առաջ, կարգ մը թերթերու մէջ այդ լուրը հրապարակ նետուած էր. վերապահութեամբ ընկալած էինք լուրը եւ սպասում ունէինք, որ անիկա կը հերքուի կամ մտահոգութիւնը փարատող յստակացումի մը կ’արժանանայ նախարարին կամ նոյնինքն կառավարութեան կողմէ։ Սակայն մեր ակնկալութիւնը յօդս ցնդեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, երբ Հայաստանի ժողովուրդին ներկայացուցիչներէն կազմուած Ազգային Ժողովի՝ խորհրդարանի նիստին, կրթութեան, գիտութեանց, մշակոյթի եւ սպորտի –մարմնակրթանքի – նախարար Արայիկ Յարութիւնեան հաստատեց, որ նման ծրագիր կայ։ Ան կը պատասխանէր Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւորներու հարցումին, պարզաբանելու համար մամլոյ տեղեկութիւնները։

Նախարարը մօտաւորապէս ըսաւ հետեւեալը. բարձրագոյն ուսումնարաններու ծրագիրէն հայերէնով աւանդուող նիւթեր ջնջելու հարց չկայ, սակայն կայ Հայերէն լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթի նիւթերը պարտադիր չընելու ծրագիր, որովհետեւ 12 տարի ուսման հետեւող աշակերտը երբ հասնի բարձրագոյն ուսումնարան, արդէն այդ կալուածներուն մէջ բաւարար գիտելիք ստացած կ’ըլլայ, հետեւաբար, համալսարանին մէջ նման նիւթերու աւանդումը պիտի ծանրաբեռնէ ուսանողը, որ պէտք է աւելի ժամանակ տրամադրէ իր ընտրած մասնագիտութեան։

«Դեհ, ե՜կ, Վարդապե՛տ, ու մի՛ խենթանայ…»
Քննարկումը չշարունակուեցաւ (գոնէ որեւէ շարունակում ցոյց չտրուեցաւ). ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, որ հարցը կը վերաբերի վառելանիւթի սակերու հաւանական բարձրացումին կամ ինքնաշարժներու ներածման «հանգոյցին»։ Մամուլն ալ հպանցիկ արձագանգում ունեցաւ (գոնէ անմիջականօրէն)։
Չափազանցա՞ծ կ’ըլլանք, եթէ նման մտածումի առիթով ահազանգ հնչեցնենք։ (Վերջին տարիներուն, քանի մը առիթով ահազանգ հնչեցուցած ենք սփիւռքեան անկումներու-նահանջներու առիթով, մերթ՝ դպրոցներու, վերջերս նաեւ հայկական գրատան մը փակման առիթով, սակայն ահա կը ստիպուինք աւելի ուժեղ ահազանգ մը հնչեցնել Հայաստանի մէջ աղաղակող նահաջի մը ի լուր)։ Արդեօք անցեալ տասնամեակներուն, բարձրագոյն ուսումնարաններու մէջ յիշեալ նիւթերը պարտադիր ընողները տգէտնե՞ր, համբակնե՞ր եւ մանկավարժութենէ բան չհասկցողնե՞ր էին։ Արդեօք ազգային արմատներու հետ կապի թուլացման նման գործնական քայլ՝ մէկ արտայայտութիւնն է … «Թաւշեայ յեղափոխութեա՞ն»։

Յետոյ, ի՞նչ կը նշանակէ այն հաստատումը, թէ բարձրագոյն ուսումնարան հասնող աշակերտ մը այլեւս հարկադրուած պէտք չէ զգայ հայերէն դասանիւթերու հետեւելու։ Ենթադրենք, որ նախարարին նշումը ճիշդ է, այսինքն՝ 12 տարի հայերէնով դաստիարակուողը բաւական գիտելիք ստացած կ’ըլլայ արդէն. իսկ հայը իր պատմութեան, մշակոյթին եւ լեզուին իմացութեան մէջ խորանալու, աւելի՛ հմտանալու համար սահմանագիծեր ունի՞։ Ո՞րն է այն սահմանը, որմէ անդին մարդս պէտք է դադրի որոշ նիւթի մը մասին յաւելեալ ուսում-գիտելիք ստանալէ։ Իսկ ե՞րբ եղած է, որ ազգային արմատներուդ հետ կապ ունեցող նիւթերու դասաւանդումը արգելակած է այլ ճիւղերու մէջ մասնագիտացողին խորացումը։ Քանի՞ փաստ կամ օրինակ պէտք է թուել, ցոյց տալու՝ որ գիտական այս կամ այն ճիւղին մէջ հմտացողն ու աստեղր պեղողը հրաժարած է հայրենիին գիտելիքներու գանձանակէն…
Աւելի՛ն։ Արդեօք նախարարութիւնը մտածա՞ծ է աչքերը յարել քիթէն անդին, որպէսզի ինքն իրեն հարց տայ, թէ նման քայլ ի՛նչ պատգամ մը փոխանցէ… սփիւռքեան ուսումնարաններուն, եւ ո՛չ միայն բարձրագոյն ուսմանց ուսումնարաններուն։ Չի՞ տեսներ, որ այդ ուսումնարաններուն գործնապէս կ’ըսէ, թէ դո՛ւք ալ պէտք չունիք հայագիտութեան վերաբերեալ դասանիւթեր պարտադիր ընելու…

Բանանք փակագիծ մը եւ խօսինք փաստացի օրինակներով։
Այսօր, սփիւռքեան բարձրագոյն կրթօճախներու մէջ հայագիտական նիւթերը ինկած են օտար լեզուներով դասաւանդութեան տիրապետութեան տակ, հայ աշակերտներ մինչեւ իսկ նախակրթարաններու եւ երկրորդականներու մէջ հետզհետէ խոյս կու տան հայերէնէն ու հայերէնով աւանդուող դասանիւթերէն, հայ ծնողներ իրենց զաւակները հայկական դպրոց չեն տանիր, որպէսզի… ձերբազատին հայերէնի բեռէն (եւ թող չըսուի, թէ նախարարութեան ծրագիրը ի՞նչ կապ ունի Սփիւռքին հետ. եթէ ուղեղներն ու աշխարհայեացքը նեղ ու սահմանափակ չեն, դիւրին է տեսնել, թէ կապը որքա՛ն սերտ է)։
Եկէ՛ք, պահ մը մասնաւորենք Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի պարագան եւ երթանք որոշ մանրամասնութիւններու, որպէսզի փաստացիօրէն բացատրենք մեր մտածումը, մտահոգութիւնը։ Այս համալսարանը (նախապէս քոլէճ) ծնունդ առած է 1950-ականներու կէսերուն, անոր յարկին տակ հայագիտութեան ամպիոնը իրագործած է ու մինչեւ այսօր ալ կը կատարէ պատկառելի, յարգանքի արժանի աշխատանք։ Առաջին տասնամեակներուն, համալսարանը աւելի՛ խստապահանջ եւ նախանձախնդիր մօտեցում ունէր հայագիտական դասանիւթերու հանդէպ։

Իւրաքանչիւր հայ ուսանող ՊԱՐՏԱՒՈՐ էր, անկախ իր նախընտրած մասնագիտութենէն, ՉՈՐՍ ԴԱՍԱՆԻՒԹի հետեւիլ հայերէնով. երկուքը՝ պատմութիւն, երկուքը՝ գրականութիւն։ Հայկազեանի հայագիտականի դասախօսներն ու պատասխանատուները գիտէին, որ հայկական երկրորդականներէ հոն հասնողներ ըստ բաւականին լեզու, գրականութիւն եւ պատմութիւն գիտէին, սակայն պարտադիր նիւթերը ծրագրուած էին այնպիսի հմտութեամբ, որ հայ ուսանողը ըստ բաւականին ամբողջական, թէեւ թռուցիկ ծանօթութիւն ունենար մեր հին ու նորագոյն պատմութեան, նախահեթանոսական շրջանէն մինչեւ 20-րդ դարու գրականութեան մասին։ Յետոյ, մէկ կողմէ պատերազմական վիճակը, միւս կողմէ երկրորդականներու մէջ հայերէնով աւանդուող նիւթերու բացայայտ նահանջը ունեցան իրենց ամնիջական հետեւանքները (բացատրելի, բայց ոչ արդարանալի)։ Համալսարան հասնողները այլեւս չունէին – այսօր ալ չունին – նախկինին չափ գիտելիք, համալսարանն ալ վերադասաւորումներու դիմած է, հայագիտական ամբիոնը առանձին միաւոր չէ, այլ մաս կը կազմէ մարդկային ուսմանց բաժանմունքին, սակայն համալասարան մտնող հայ ուսանողը ՊԱՐՏԱՒՈՐ է հայերէնով աւանդուող կամ հայագիտական որոշ նիւթերու հետեւելու, անկախ իր նախասիրած մասնագիտութենէն։ (Կարելի է, տակաւին, նշել այլ օրինակներ. բոլոր համալսարանները իրենց յարկին դիմողներուն կը տրամադրեն, մասնագիտացման ճիւղի նիւթերուն կողքին, այդ համալսարանին յարմար դասած պարտադիր դասանիւթերը՝ College or University requirements. սա կը հետեւի որոշ տրամաբանութեան մը, որ ինքնին Մշակոյթ մըն է)։

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031