ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ իր շարքայիններուն, համակիրներուն եւ ընդհանրապէս լիբանանահայութեան կուռ շարքերով շարունակել մասնակցիլ 7 օրեր առաջ Լիբանանի մէջ ընթացք առած ժողովրդային յեղափոխութեան:
Կառավարութիւնը եւ տակաւին անոր մէջ մնալ յամառող անդամները չկրցան տակաւին հասկնալ, որ կարելի պիտի չըլլայ շրջանցել ժողովրդային բարկութիւնը: Անվստահութեան մեծ վիհ մը կայ իշխող կողմին ու ժողովրդային խաւերուն միջեւ, որուն պատճառով ժողովուրդը մերժեց կառավարութեան վերջերս վաւերացուցած տնտեսական բարեկարգումներու ծրագիրը: Անկախ անոր բովանդակութեան կարեւորութենէն, բարեփոխումներու խոստումը շատ ուշացած եկաւ: Ամէն պարագայի նշուած բարեփոխումները պիտի կարենայ կիրառել արհեստավարժներէ կազմուած նախարարաց խորհուրդ մը միայն՝ հեռու քաղաքականութիւնէ, որ նաեւ պէտք է նախաձեռնէ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու կազմակերպումին, որուն մէջ տուեալ նախարարները կողմ չըլլան իրենց թեկնածութեամբ կամ քաղաքական այլ նպատակներով:
Սահմանադրական կարգերը պահպանելով, պահանջուած հրաժարականին պէտք է յաջորդէ վերոյիշեալ թէքնոքրատ կառավարութեան մը կազմութիւնը, որ ներքին եւ արտաքին վստահութիւն կը ներշնչէ:
Ներկայ իշխող խումբին կողմէ սպառնալիքներու թէ ժողովուրդը խաբելու ոեւէ միջոց անընդունելի է: Մինչ ժողովուրդին մէկ մասնիկը հանդիսացող Լիբանանեան Բանակը, ներկայ կացութեան մէջ որպէս կողմ միջամուխ ընելը՝ կարմիր գիծ է: Ծիծաղելի է նաեւ անձրեւներու եւ ժողովուրդին թէական յոգնածութեան վրայ գրաւ դնելը: Ցոյցերը պիտի շարունակուին աւելի եւս մեծ տարողութեամբ մինչեւ անոր ազնիւ սակայն նաեւ տրամաբանական նպատակներուն իրագործումը, որուն մէջ մեծ դեր ունինք իւրաքանչիւրս:
Կարդացեք նաև
Մեզի համար անհասկնալի է, ներկայ կառավարութեան կազմէն դուրս գալու համար տակաւին իր հրաժարականը չտուող հայկական կողմին` ՀՅԴին վերաբերմունքը կամ գրաւականը: Սակայն մեզի համար չափազանց կարեւոր է նման պարագաներու մէջ հայավայել կեցուածքը: Սկզբունքային ըլլալը մեր ազգային նկարագիրն է անկախ ամէն տեսակի դաշինքէ կամ կապուածութենէ:
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը լեցուն է սկզբունքային վեհ կեցուածքներու օրինակներով: Մեր ժողովուրդը երկար պայքար մղած ազգ է յանուն արդարութեան եւ իրաւունքի: Հիմնուելով այս շատ կարեւոր մարդկային սկզբունքին վրայ մենք չենք կրնար կողքին չըլլալ լիբանանի մեր ճակատագրակից քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Միասնաբար դէպի Օր 8: Միասնաբար դէպի բարիին յաղթանակը:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ