Լրահոս
Օրվա լրահոսը

72 ժամուայ միջոցը ժողովուրդը յոգնեցնելու կամ խաբելու հնա՞րք, թէ զայն առաջարկողին ինքնազգաստութեան առիթ

Հոկտեմբեր 21,2019 11:09

Այսօր երեկոյեան կ՛աւարտի Վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջարկած 72 ժամուայ միջոցը, որ ան ներկայացուցած էր Լիբանանի ցուցարարներուն, որուն ընթացքին ան խոստացած էր իր գործընկերներուն հետ խորհրդակցաբար բարեկարգումներու ծրագիր մը ներկայացնել ժողովուրդին:

Ցուցարարները թերահաւատութեամբ մօտեցան այս խոստումին մատնանշելով, որ տասնեակ տարիներէ չիրագործուածը ինչպէ՞ս կարելի է իրագործել այս կարճ ժամանակամիջոցին մէջ: Անոնք, որպէս հիմնական առաջնորդ ունենալով ընկերային համացանցը եւ իրենց արդարացի պահանջները, որոնց գլխաւորն է կառավարութեան հրաժարականը, ամբողջ շաբաթավերջին մնացին անդրդուելի եւ իւրաքանչիւր օր փողոցի վրայ գտնուող իրենց ներկայութեամբ թիւով գերազանցեցին նախորդ օրուայ իրենց թիւերը:

Մինչ այդ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ղեկավարները քօղարկուած սպառնալիքներ ուղղեցին ինչ կը վերաբերի ցուցարարներուն եւ լիբանանի ապագային եթէ ցուցարարները մնային իրենց կեցուածքին վրայ: Միւս կողմէ եւ օրինակելի քայլով մը Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւնը յարգելով ցուցարարներուն կամքը եւ ըստ իրենց յայտարարութեան՝ համահունչ ըլլալով իրենց կուսակցութեան համոզմունքին հետ, իրենց պլոքի չորս նախարարներուն հրաժարականը ներկայացուցին: Անյստակ մնաց Ընկերվար-Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարին առնելիք որոշումը, որ ըստ երեւոյթին կ՛ուզէ վարչապետին կողքին մնալ:

Պատահեցաւ աւելին: Ցոյցերու ընթացքին կարգ մը «թապու»ներ գլորեցան եւ ցուցարարներ սկսան լուտանքներ ուղղել նախապէս իրենց իտէալները եւ «սրբութիւն սրբոց»ը  հանդիսացող քաղաքական գործիչներուն հանդէպ: Այս երեւոյթը աննախադէպ էր իր տարողութեամբ:

Այս իրավիճակին ի տես պիտի ուզէի կոչ ուղղել բոլոր անոնց, որոնք «քաղաքական պարապութեան» վտանգով կը սպառնան ժողովուրդին, դադրիլ այս հին ու նոր փորձուած ձեւէն, որովհետեւ ժողովուրդը որքան ալ զգացական ըլլայ, ունի իր գիտակից տարրը, որ լաւ գիտէ թէ Լիբանանի սահմանադրութիւնը նկատի առած է նման պարագայ եւ ունի անոր լուծումները: Ի վերջոյ անձերու հրաժարումով հանդերձ պետական հաստատութիւնները կը մնան ու կը գործեն: Կը մնայ, որ ժողովուրդը չվախնայ նման դատարկաբանութիւններէն: Իսկ փողոցի դէմ փողոց սպառնալիքի մասին չեմ ուզեր մեկնաբանել սակայն անոր հաւատացողը կամ դիմողը, եթէ նոյնիսկ ժամանակաւոր յաջողութիւն մը գտնէ, երկար ժամկէտի վրայ նման քայլ մը համազօր է ինքնասպանութեան:

Վարչապետ Հարիրիին կոչ կ՛ուղղեմ ընդամէնը մտածել, որ ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ մեծ յոյսերով եւ տեսլականով փողոց իջած երիտասարդութիւնը յանկարծ յուսախաբ տուն դառնայ: Այս պարագան արդէն հոգեբանական աղէտ մըն է, որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ ժողովրդագրական գետնի վրայ: Անոնց կարեւոր մէկ թիւը յուսախաբուած գաղթի ճամբան պիտի չառնէ՞: Այդ պարագային ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենան իր ներկայացնելիք թէական բարեկարգումներու ծրագիրները:

Կը մնայ տակաւին կառավարութեան մէջ իր անդամակցութիւնը պահող հայկական մեր քոյր կուսակցութեան` ՀՅԴի պատասխանատուներուն ալ համեստ, անկեղծ ու սրտբաց հարցադրումով մը դիմել: Եթէ իրենք չըլլային ազգային եւ սկզբունքային իրենց նկարագրին չնմանող դաշինքի մը անդամ, պիտի ուզէի՞ն մնալ կառավարութեան մը մէջ, որ այսքան վարկաբեկուած է ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասին կողմէ:

Պատեհական ու ժամանակաւոր դաշի՞նքը թէ հայավայել կեցուածքն ու սկզբունքը: Ահաւասիկ այս է հարցումը այսօր:

Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի «Զարթօնք» Օրաթերթի

Գլխաւոր Խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031