Լիբանանի ժողովուրդը փողոց իջած է։ Կացութիւնը յղի է աննախատեսելի վտանգներով։ Ըսած ենք ու կը կրկնենք.- կը բաժնենք ժողովուրդին պոռթկումը եւ արդար սպասումը։
Նման կացութեան դիմաց, անհրաժեշտ է խոհեմ ու իրապաշտ մօտեցում ունենալ։ Զգացական արտայայտութիւններ ու հապճեպ քայլեր եւ քաղաքական շահարկումի փորձեր կրնան կացութիւնը աւելի սրել։ Քաղաքական պատասխանատուներ պէտք է հեռու մնան յանցաւոր փնտռելու ու զիրար այպանելու մօտեցումներէն։ Առաջնահերթը ու հիմնականը ժողովուրդը հանդարտեցնող գործնական քայլերու դիմել է։ Ժողովուրդը կը հանդարտի, երբ իրեն համոզիչ խոստումներ տրուին։
Հետեւաբար, Մեր անձնական կարծիքով.-
1) Անհրաժեշտ է, որ բարձրագոյն աստիճանի պետական պատասխանատուներն ու կառավարութիւնը, բոլոր կողմերուն ամբողջական աջակցութեամբ ու յանձնառութեամբ, հրապարակային խոստում տան ժողովուրդին, թէ շուտով ժողովուրդին կեանքը բարելաւող քայլերու պիտի դիմուի։
Կարդացեք նաև
2) Տրուած հրապարակային խոստումին ու կատարուած յանձնառութեան մէջ պէտք է յստակօրէն ճշդուին, թէ կառավարութիւնը շուտով պիտի դիմէ տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ այլ բնագաւառներուն առնչուած խնդիրներու լուծման առաջնորդող բարեկարգումներու։
3) Բարեկարգութեան կարօտ մարզերու սոսկ յիշատակութենէն անդին, անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր մարզէն ներս կատարուելիք բարեկարգումները յստակօրէն ճշդուին։
4) Բարեկարգչական այս աշխատանքները անհրաժեշտ է, որ կատարուին երկու հանգրուաններով՝ կարճաշունչ եւ երկարաշունչ։ Այս ուղղութեամբ կառավարութիւնը պէտք է յստակ ժամանակացոյց ճշդէ։
Նման գործնական քայլերու դիմելով, Մեր կարծիքով, ոչ միայն ժողովուրդը կը հանդարտի, այլ երկիրը վերականգնումի, բարեկարգումի ու զարգացումի դրական ընթացքի մէջ կը մտնէ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս