Լիբանանեան իշխանութիւններուն հարկային քաղաքականութեան դէմ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին բռնկեցաւ բողոքի բուռն ցոյց մը, որ սկսաւ Պէյրութէն եւ հասաւ մինչեւ Պեքաա, հիւսիս եւ հարաւ, եւ տեւեց մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը:
Կառավարութեան գումարած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ կառավարութիւնը նախանցեալ օր որոշած է «Ուաթսափ»-ի հեռաձայնային հաղորդակցութեան գործածութեան համար օրական 20 սենթ տուրք վաւերացնել: Ան նշեց, որ այդ առաջարկը եկած է հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարէն` աւելցնելով, որ այդ տուրքին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ 200 միլիոն տոլարի շահ ապահովել:
Այս մասին հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր նշեց, որ օրական 20 սենթի տուրքը պիտի ներառէ «Ուաթսափ»-ը եւ այն յաւելուածները, որոնք կ՛օգտագործուին հեռաձայնային հաղորդակցութեան համար, ինչպէս` «Ուաթսափ», «Ֆէյսպուք», «Ֆէյսթայմ», «Սնեփչեթ» եւ «Վայպըր», նոյնիսկ մէկ հաղորդակցութեան պարագային:
«Ուաթսափ»-ի գործածութեան համար օրական 20 սենթը, այսինքն` ամսական դրութեամբ 6 ամ. տոլարի տուրքը բողոքի ցոյցեր բռնկեցուց Պէյրութի մէջ:
Կարդացեք նաև
Ցոյցերը սկսան Ռիատ Սոլհ հրապարակէն, ապա հասան Ռինկի կամուրջ` փակելով դէպի Համրա տանող ճամբան:
Բողոքի ցոյցեր կատարուեցան նաեւ Նահատակաց հրապարակին վրայ եւ Սայֆիի առջեւ:
Սայտայի մէջ եւ Մասնաայի սահմանին մօտ եւս արձանագրուեցան բողոքի ցոյցեր, ինչպէս նաեւ հրկիզուած անիւներով փակուեցաւ Մշարրաֆիէ-Ղպայրի ճամբան:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին ժողովուրդին իր վրայ պարտադրուած տուրքերը չվճարելու եւ քաղաքացիական անհնազանդութիւն յայտարարելու` ընդդէմ լիբանանեան իշխանութիւններու փտածութեան:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, բողոքի ցոյցեր կատարուեցան Կեդրոնական Պէյրութի փողոցներուն մէջ:
Ցուցարարները ուղղուեցան Կեդրոնական դրամատուն, ուր շարունակեցին իրենց բողոքի նստացոյցը: