Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2019-ին, տեղական աղբիւրներ «Շամ Թայմզ»ին հաղորդեցին, որ սուրիական բանակը յաջորդաբար իր վերահսկողութեան տակ կ’առնէ Հալէպի հիւսիսային շրջանները, որոնք պատերազմի տարիներուն քրտական ուժերուն հսկողութեան տակ կը գտնուէին, ինչպէս Աշրաֆիէ, Շէյխ Մաքսուտ եւ Ուսանողական հանրակացարանի թաղամասերը:
Աղբիւրը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ, քրտական ուժերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ համաձայնութիւն կնքուած է Սուրիոյ հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ քրտական ՔԱՍԱՏ զինեալ խմբաւորումներուն գրաւած շրջանները սուրիական կառավարութեան վերահսկողութեան տակ առնելու համար:
«Գանձասար»