Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ սանձազերծած զինուորական գործողութիւնները Սուրիոյ հիւսիսային տարածքէն ներս՝ ապահովութեան գոտի մը ստեղծելու կեղծ պատրուակով: Սուրիոյ պատերազմի առաջին իսկ օրէն՝ ամենածայրայեղ զինեալ խմբաւորումները հովանաւորելով, պատսպարելով և զինելով, Թուրքիոյ իշխանութիւնները անմիջական պատասխանատուութիւն կը կրեն այ’ն իրավիճակին համար, որ անոնք այսօր կը փորձեն իբրև թէ դարմանել:
Խիստ մտահոգիչ է նաև այն հանգամանքը, որ միջազգային օրէնք ու իրաւունք ոտնահարող այս հարձակումը տեղի կ’ունենայ ԱՄՆ ներկայ վարչակարգի անթաքոյց համաձայնութեամբ՝ անտեսելով մարդկային ու նիւթական այն ծանր գինը, որ հերթական անգամ տարածաշրջանի բազմազգ ու խաղաղ բնակչութիւնը պիտի անկասկած վճառէ:
Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն և կոչ կ’ուղղէ միջազգային ընտանիքին և խաղաղասէր ուժերուն, առաւելագոյն ճնշում գործադրելու՝ նոր Օսմանեան խալիֆայութիւն վերականգնել փորձող Էրտողանի վարչակարգին վրայ, որպէսզի անմիջապէս դադարեցնէ այս ներխուժումը, կանխելու համար մարդկային նոր ողբերգութիւն մը:
Կարդացեք նաև
Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ