Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան «Գանձասար» հանդիպում ունեցաւ Թել Ապիատէն օրեր առաջ Հալէպ ժամանած հայորդիներ Սարգիս Նազարեանի եւ Վանէս Քեչէրեանի հետ, իրազեկ դարձաւ կացութեան եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն։
Նազարեանի եւ Քեչէրեանի ընտանիքները Հալէպ կը բնակին սուրիական պատերազմին առաջին տարիներէն։
Անոնք յայտնեցին, որ Թել Ապիատ կը բնակէին, սակայն երբ սկսած է սուրիական պատերազմը, անոնք իրենց ընտանիքները փոխադրած են Հալէպ՝ ապահովական նկատառումներով։ Այր մարդիկը Թել Ապիատ կը մեկնին աշխատանքի համար, որովհետեւ այնտեղ ունին հողեր, զորս կը մշակեն, իսկ Նազարեան ելեկտրագործական խանութ մըն ալ ունի։
«Թել Ապիատի հայերը գրեթէ հողագործութեամբ կը զբաղին։ Անոնցմէ շատերուն ընտանիքները Հալէպ տեղափոխուած են պատերազմի տարիներուն։ Մենք կ՚երթայինք-կու գայինք Թել Ապիատ՝ մեր հողերը մշակելու»։
Կարդացեք նաև
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում