«Գանձասար» – Պոլսոյ Շիշլի գերեզմանատան մէջ Հայ մեծանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանին բացումը տեղի ունեցաւ։ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք` Սահակ Եպս. Մաշալեան իր դիմատետրի էջին վրայ կը գրէ. «Յայտնի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան, իր գործերուն մէջ կը մատնանշէ համայնքային հարցերը: Իր ուրոյն ոճով կերտած երգիծական գրականութիւնը մեծապէս ընդունելութիւն գտած է մեր մօտ: Այսօր, Սարգիս Կիւլէկէչի բարերարութեամբ եւ Էրօլ Սարաֆեանի ձեռամբ պատրաստուած Յակոբեանի արձանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան, արուեստագէտ Պօղոս Չալկճեանի, որոնց մասնակցութեամբ լաւապէս ոգեկոչեցինք Յակոբ Պարոնեանը»։