Թէ ինչո՞ւ վարչապետին համար կարեւոր էր ամերիկահայութեան շնորհել իր «արտաքին սփիւռքի» անդրանիկ այցելութիւնը, հասկնալի է կարգ մը կողմերով: Նախ՝ որոշ մարդիկ սկսած են Լոս Անճելոսը նկատել սփիւռքահայութեան մայրաքաղաքը… (Այս մասին քիչ յետոյ): Երկրորդ՝ վարչապետին նպատակն էր հարուստ եւ ազդեցիկ գաղութ մը այցելել, տեղացի հայերն ու իրենց նիւթական կարողութիւնները աւելի կապելու համար՝ Հայաստանին:
Լ.Ա.-ի քաղաքապետարանին դիմաց հաւաքուած բազմահազար հայերուն մէջ որքա՞ն էր հայաստանահայերու տոկոսը, յայտնի չէր, սակայն, վստահ որ անոնք մեծամասնութիւն էին:
Վարչապետը սկսաւ խօսիլ միեւնոյն ձայնային ոճով եւ եղանակով, ինչպէս Հայաստանի մէջ, վայրկեան մը կարծելով, որ նոյն զանգուածն է, ինչպէս Երեւանի, թէեւ, կը կարծեմ այդպէս չէր. ամերիկահայերուն խօսելու էր ամերիկացի քաղաքական խօսնակներուն նման, հանգիստ, առանց կոկորդային բացագանչութիւններու, առանց յուզումի, պարզ, տրամաբանական, ռոմանթիզմէ հեռու, փաստերու եւ թիւերու լեզուով: Ասիկա իմ կարծիքս է, մարդիկ կրնան բաժնել, կամ ոչ:
Ելոյթին սկիզբը այդքան շնորհակալ ու երախտապարտ ըլլալ Քալիֆորնիոյ եւ Լոս Անճելոսի պատկան մարմիններուն, քիչ մը շատ էր ու մե՜ծ շնորհքի մը տակ մնացածի հատուցման շռայլ ձեւ էր, իսկական հայկական՝ («Մէկի փոխարէն, տաս հատուցելով», ինչպէս ինք յիշեց, երբ կ՛արտասանէր Պ. Սեւակի յայտնի բանաստեղծութիւնը):
Կարդացեք նաև
Յամենայն դէպս յետոյ յայտնի կ՛ըլլայ այս ելոյթին շօշափելի արձագանգը, երբ ամերիկահայեր Հայաստանի մէջ ալ տուն ունենան եւ տարին քանի մը շաբաթ իրենց արձակուրդը Հայրենիքի մէջ անցընեն, ապա ԱՄՆ գաղթած հայաստանահայեր մտածեն վերադառնալու մասին, վերակենդանացնեն իրենց թողլքուած տուներն ու աշխատանքները, եւ անշուշտ ոմանք ալ ներդրում կատարեն, թէ՛ իրենք օգտուին, թէ՛ օգտեն տեղացիներուն:
Կ՛ըլլա՞ն այս բոլորը, կամ գոնէ առաջարկուածներուն մէկ մասը, կ՛ապրինք, կը տեսնենք: Ամերիկացին, նաեւ ամերիկացած մեր հայերը մեզի պէս զգացական, շուտ խանդավառուող չեն, անոնք իրենց իւրաքանչիւր տոլարը ծախսելու ատեն տասն անգամ կը չափեն ու կը չափչփեն, այնպէս որ մեր ալ խանդավառութեան սանձը քիչ մը քաշելու ենք, որպէսզի ապագային չյուսախաբուինք:
Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» թերթի այս համարում