Քաղաքականութեան մէջ միակողմանիութիւնը լուրջ խնդիր է։ Մանաւանդ երբ նման կեցուածք դրսեւորողը միջնորդ է՝ տագնապի մը շուրջ կայացող բանակցութիւններուն մէջ։ Եւ եթէ ասոր վրայ աւելցնենք՝ ռազմավարական գործընկերոջ հանգամանքն ալ, ապա իրավիճակը առաւել մտահոգիչ կը դառնայ, որովհետեւ անխուսափելի կը դառնայ նման կեցուածքի մը ետին որոշ միտումներ տեսնելու մօտեցումը։
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 29 Օգոստոս 1997-ին կնքուեցաւ Գործընկերութեան, Համագործակցութեան եւ Փոխադարձ Օժանդակութեան համաձայնագիրը, որուն հետեւեցաւ 26 Սեպտեմբեր 2000-ին կնքուած՝ Երկու Դաշնակից Պետութիւններու միջեւ Գործընկերութեան համաձայնագիրը, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ընդարձակեց յարաբերութիւններու խորացման եւ գործակցութեան ծիրերը։ Տակաւին՝ Հայաստան եւ Ռուսիա գործընկերներ են՝ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան,Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մէջ։Հոս պէտք է նշել,որ Ատրպէյճան միայն անդամ է Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան։
Տակաւին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կայ ռազմավարական գործակցութիւն, եւ որուն ծիրին մէջ Գիւմրի տեղակայուած է ռուսական ուժերու թիւ 102 խարիսխը։
Եւ անշուշտ պէտք չէ մոռնալ, որ Ռուսիա, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համանախագահ է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գծով միջազգային միակ իրաւասու միջնորդական մարմինն է։
Այս բոլորը ի մտի ունենալով՝ Սոչիի մէջ կայացած Վալտայ Ակումբի համաժողովին ծիրին մէջ կազմակերպուած քննարկման մը ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ Հայաստանի վարչապետին կատարած յայտարարութեան սուր քննադատութիւնը անվիճելիօրէն կողմնակալ մօտեցում է՝ միջնորդ պետութեան մը կողմէ։
Լաւրով յայտարարեց, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է» յայտարարութիւնը չի նպաստեր քաղաքական հոլովոյթին վերսկսելու համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման։
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին այս կեցուածքը արդէն իսկ արժանացաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հակազդեցութեան, երբ նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան նշեց, որ միջնորդները պէտք է խուսափին ընտրովի եւ միակողմանի բնոյթ կրող գնահատականներէն։
«Ղարաբաղը Հայաստան է» յայտարարութեան էութիւնը բնաւ նորութիւն չէ։ Իրողապէս Արցախի հանրապետութիւնը գերիշխան պետութիւն է։ Ասիկա վիճելի չէ։ Ճիշդ է, որ միջազգային ճանաչում չունի, բայց ունի իր նախագահը եւ Ազգային Ժողովը՝ ընտրուած ժողովուրդին կողմէ, պետական կառոյցները, դատաիրաւական համակարգը, մամուլը, հասարակական կազմակերպ կառոյցները, վերջապէս՝ բոլոր մարզերուն մէջ լաւապէս կազմակերպուած եւ գործուն հաստատութիւններու ամբողջ ցանց մը, որ ինքնին պետութեան մը գոյութեան պայմանները լիուլի կը լրացնէ։
Կարդացեք նաև
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում